10 Սեպտեմբեր 1920. Փեթարայ Մանուկի նահատակութիւնը՝ հայեւթուրք պատերազմի Կողբի բախտորոշ կռուին

petarayՍեպտեմբեր 10ի այս օրը կþոգեկոչենք 93րդ տարելիցը հայ ազատագրական շարժման անմոռանալի դէմքերէն Փեթարայ կամ սասունցի Մանուկի նահատակութեան։

1920 թուականի Սեպտեմբերը ծանր ու դաժան ամիս մը եղաւ հայ ժողովուրդին եւ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան համար։

Հայաստանի անկախութիւնը եւ ընդլայնուած տարածքը միջազգային ճանաչումով ու իրաւականօրէն ամրագրող Սեւրի Դաշնագրին ստորագրութենէն քանի մը շաբաթ ետք, Լենին¬Քեմալ գաղտնի, այլեւ սադայէլական զինակցութիւնը իր ամբողջ մերկութեամբ՝ դաժանութեամբ ու կատաղութեամբ շարժման մէջ դրուեցաւ։

Հայաստանի հիւսիսէն եւ արեւելքէն Կարմիր Բանակը սաստկացուց իր ճնշումը, իսկ հարաւէն ու արեւմուտքէն քեմալական զօրքը, առանց պատերազմի յայտարարութեան, ներխուժեց Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը։

Արարատեան Դաշտի հարաւ¬արեւմտեան դարպասը համարուող եւ Սուրմալու նահանգի աղահանքով ու քարածուխով հարուստ Կողբ աւանը դապձաւ գլխաւոր ռազմադաշտը թրքական ներխուժման դիմագրաւումին։ Օրուան Պաշտպանութեան նախարար Ռուբէն Տէր¬Մինասեանը այդ ճակատին վրայ կեդրոնացուց 1904ի Սասնոյ ապստամբութեան ժամանակներէն իր զինակիցները հանդիսացած քաջարի ֆետայիներու՝ խմբապետ Մուշեղի եւ Փեթարայ Մանուկի գլխաւորած սասունցիներու ջոկատը։ Կողբի կռիւը եղաւ, բառին ծանրագոյն իմաստով, Գողիաթի եւ Դաւիթի անհաւասար ճակատում մը, ուր օրեր շարունակ հայ քաջարի զօրքը հերոսական դիմադրութիւն ցոյց տուաւ քանակով եւ ռազմական ուժով գերհզօր թրքական բանակին դէմ եւ ի վերջոյ ստիպուեցաւ նահանջել…

Կողբի այդ բախտորոշ կռուին էր, որ 35 տարեկանին հերոսաբար ինկաւ հայ ֆետայական շարժման եզակի հերոսներէն սասունցի Մանուկը՝ պատանի տարիքէն թրքական պետութեան դէմ յանուն ազատութեան եւ արդարութեան անվեհեր կռիւ մղած քաջագործ հերոսը։

Սեփական կեանք չունեցաւ Մշոյ դաշտի Փեթար գիւղի ծնունդ Մանուկը. ընտանեկան ազգանունի փոխարէն ճանչցուեցաւ իբրեւ Փեթարայ Մանուկ՝ զատորոշուելու համար նոյնպէս հռչակաւոր ֆետայիներ Շէնըկի Մանուկէն եւ Սեմալի Մանուկէն։ Ծննդեան թուականը ամենայն հաւանականութեամբ 1887ը կը յիշատակուի, որովհետեւ 1903¬4ի Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան ռրջանին առաջին անգամ կը հանդիպինք տակաւին պատանի տարիքին Գէորգ Չաւուշի հաւատարիմ զինուոր դարձած Փեթարայ Մանուկի քաջագործութեանց։ Իր կենսագրութեան նախաֆետայական շրջանին մասին գիտենք միայն, որ ուսումի տէր էր եւ ազգային¬յեղափոխական իր կազմաւորումը ստացած էր Ս. Յովհաննու եւ Ս. Կարապետի վանքերուն մէջ։

Մինչեւ Մայիս 1907ի Գէորգ Չաւուշի նահատակութիւնը, Փեթարայ Մանուկի անուան եւ գործունէութեան վերաբերող յիշատակութիւնները անբաժան են Գէորգ Չաւուշի մղած կռիւներէն եւ հերոսական քայլերէն։ 1907էն ետք, երբ Անդրանիկի գլխաւորութեամբ ֆետայիներու ամբողջ փաղանգը հեռացաւ Սասունէն՝ եւրոպական միջամտութեան առջեւ բարենորոգումներու իրականացման նպաստաւոր դաշտ տրամադրելու նպատակով, Փեթարայ Մանուկ փախստական մնաց Երկրի մէջ եւ Մշոյ դաշտի ու Սասնոյ լեռներուն վրայ ստանձնեց պահապան հրեշտակի պատասխանատուութիւնը՝ արիւնարբու սուլթանին տմարդի պաշտօնեաները սանձելու համար։ 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Փեթարայ Մանուկ իբրեւ խրջուն գործիչ աշխատանքի կոչուեցաւ Սիմոն Զաւարեանի կողմէ, որ այդ տարիներուն Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութեան ազգային վարժարաններուն կրթական ընդհանուր քննիչն էր։ Մանուկ եղաւ սերտ ու հաւատարիմ գործակիցը խստապահանջ Զաւարեանի։
Փեթարայ Մանուկի հռչակը նոր հորիզոններու բացուեցաւ 1915ին, երբ Ռուբէն Տէր¬Մինասեանի անմիջական գործակիցներու շարքին ղեկավար դերակատարութիւն ունեցաւ Սասնոյ եւ Մշոյ դաշտի հայութեան ինքնապաշտպանութեան հերոսամարտներու կազմակերպման մէջ, մինչեւ որ սասունցիներու եւ մշեցիներու զանգուածային գաղթը առաջնորդեց դէպի արեւելեան Հայաստան՝ արագածի փէշերուն հանգրուանելով։
Այնուհետեւ զինուորական գործիչի եւ քաջ հրամանատարի բեղուն գործունէութեամբ յատկանշուեցան սասունցի Մանուկին վերապահուած կեանքի վերջին տարիները։ Կամաւորական գունդերուն մէջ սասունցիներու հեծեալ զօրքին գլխաւոր առաջնորդներէն հանդիսացաւ, իբրեւ այդպիսին մասնակցեցաւ 1918ի Անկախութեան կերտման հերոսամարտներուն, կարեւոր ներդրում ունեցաւ հայոց բանակի կազմութեան եւ ռազմական¬կազմակերպական հզօրացման մէջ, գլխաւոր կերտիչներէն մէկը եղաւ Հայաստանի հայացման պատմակշիռ գործին։ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները, յատկապէս 1920ի մայիս¬մէկեան պոլշեւիկեան խռովութիւններէն ետք կազմուած Բիւրօ¬կառավարութեան օրով, Զինուորական նախարար Ռուբէնի կարգադրութեամբ, սասունցիներու ջոկատին վստահեցաւ նախ զսպումը հայոց բանակը պառակտել փորձող ներքին խռովարարներուն եւ, այնուհետեւ, Սեպտեմբերին, քեմալական ներխուժումին սատար կանգնած թուրք¬թաթար բնակչութիւնը վնասազերծելու կարեւորագոյն գործը։ Մայիսէն Սեպտեմբեր երկարող այդ շրջանին, Փեթարայ Մանուկ իր վերջին ծառայութիւնը մատուցեց հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին՝ անձնազոհաբար ղեկավարելով սասունցի քաջարի զինուորները կռուի տարբեր ճակատներուն վրայ։
Թրքական ոսոխին դէմ Մանուկի վերջին ճակատումը եղաւ Սեպտեմբեր 1920ի Կողբի կռիւներուն։ Հայ ազատագրական շարժման հերոս ֆետային ինկաւ ռազմի դաշտին վրայ 10 Սեպտեմբերին՝ քաջաբար դիմադրելով ներխուժող թրքական զօրքին։

Բառացիօրէն ամբողջ կեանք մը՝ ի վերուստ իրեն շնորհուած 35 տարիներուն աւելի քան քսան տարիները Փեթարայ Մանուկ անցուց Ազգի եւ Հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած կռուի ճակատներուն վրայ, Սասունի լեռներէն մինչեւ Սարդարապատի դաշտը եւ Կողբի յառաջապահ դիրքերը։

Անձնուրաց զոհաբերութեան եւ գաղափարական հաւատարմութեան դաշնակցական աւանդին անմոռանալի կերտիչներէն եղաւ Փեթարայ Մանուկ։

Ն.
azator.gr

Տպել Տպել