«Ազդակ»ի Խմբագրական. «Մենք Ապրելու Ենք Մեր Երկրում» (Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման 22-րդ Տարեդարձին Առիթով)

702px-Armenia-geo-stub_icon.svg22-րդ սեպտեմբերի 21-ի նշումը Հայաստանի Հանրապետութեան այսօրուան գերխնդիրներուն վրայ կը հրաւիրէ բոլորին ուշադրութիւնը: Պէտք է արձանագրել անպայման, որ 22 տարին պատմութեան մէջ ակնթարթային ժամանակի յղացքը ունի, այուհանդերձ ամենաբարդ պայմաններու մէջ, ապրելու, արարելու, զարգանալու, բայց մանաւանդ սահման պաշտպանելու հրամայականները դժուար իրագործելի առաջադրանքներ են:

Այստեղ համեմատական տրամաբանութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ իրադրութիւններուն գնահատական տալու որեւէ փորձի պարագային: Հայաստանի հանրապետութեան զարգացման նշաձօղի ապահոված արդիւնքները երկու կարեւոր շրջագիծերու մէջ կը դիտարկուին: Առաջին համեմատութիւնը յետխորհրդային երկիրներու նկատմամբ է, երկրորդը աշխարհագրական, աւելի ճիշդը տարածաշրջանային շրջագիծն է, եւ այս պարագային համեմատութիւնը պէտք է նկատի ունենալ Հարաւային Կովկասի հանրապետութիւններուն նկատմամբ: Թիւեր, աստիճանաչափեր, ներմուծման, արտածման, արտադրողականութեան, ապրանքաշրջանառութեան եւ տնտեսական բարգաւաճման ուղղութիւններ նման ուսումնասիրութւններու պարագային առանցքային նշանակութիւն կ՛ունենան:

Համեմատական տրամաբանութեան նկատառումին մէջ մէկ հիմնական իրողութիւն կ՛առանձնացնէ մեր երկիրն ու Ազրպէյճանը այս պարագային: Անոնք յետխորհրդային երկու հանրապետութիւններ են, ուր կը շարունակէ տիրել կիսապատերազմական վիճակը: «Ոչ պատերազմ, ոչ խաղաղութիւն» բանաձեւը ի զօրու է տակաւին, պարզ այն պատճառով, որ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը ոչ միայն կ՛արգելակէ խաղաղ բանակցային գործընթացը այլ նաեւ կոպտօրէն կը խախտէ միջազգային երաշխաւորութեամբ համաձայնեցուած հրադադարը: Մեր երկիրը ուրեմն միակն է, որ պարտաւորուած է գերլարուած իրավիճակի մէջ պաշտպանելու իր սահմանները անընդհատ ոտնձգութեան փորձ կատարող Պաքուի յարձակողապաշտութեան դիմաց:

Այս տակաւին միակ առանձնայատկութիւնը չէ: Պատերազմի իբրեւ հետեւանք միայն Ազրպէյճանը չէ, որ փակած է սահմանը Հայաստանի ուղղութեամբ: Նոյն պատրուակով ցամաքային կարեւոր հիմնական ուղին փակուած է նաեւ Անգարայի կողմէ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը ուրեմն միակ յետխորհրդային հանրապետութիւնն է, որ մինչ այժմ կիսապատերազմական եւ կիսաշրջափակման տակ է: Ահա ա՛յս նկատառումներով պէտք է համեմատական շրջագիծի տրամաբանութեան մէջ դիտարկել զարգացման ուղղութիւնները, կշռոյթները, տարողութիւնները եւ ապահովուած արդիւնքները:

Այս իրողութիւնը սակայն ունի այլ տրամաբանութւն մը եւս: Կիսապատերազմական վիճակի մէջ եղող եւ կիսաշրջափակուած Հայաստանը բոլոր պատճառները ունի բարդ կացութիւններու եւ անոնցմէ բխած բոլոր հետեւանքներուն դէմ պայքարելու համար ձգտելու ներհայկական նպատակուղղուածութեան: Արտագաղթը միայն արտահայաստանեան շարժառիթներ չունի:

Ժողովրդագրական պատկերի ոչ փայլուն, չըսելու համար անմխիթար իրականութիւնը եւ չկասեցուող արտահոսքը կը ստիպեն ուղղակի պետական եւ հասարակական ամբողջական կեդրոնացում հակաճգնաժամային ծրագիրներու շուրջ: Արտագաղթը յաղթահարելու հակաճգնաժամային ծրագիրը` «Մենք ապրելու ենք մեր երկրում»-ը թէ՛ իշխանութիւնները եւ թէ՛ ընդդիմադիր դաշտը իր շուրջ համախմբելու բոլոր նախադրեալները կը պարփակէ: Իսկ այստեղ «մենք»-ը միայն հայաստանաբնակներուն չի վերաբերիր: Արտագաղթի կասեցման հակաճգնաժամային համազգային ծրագրին մէջ պէտք է ներառել նաեւ հայրենադարձութիւնը, վերաբնակեցումը, մանաւանդ երբ դասական սփիւռքի կարեւոր կռուանները այսօր յայտնուած են ճգնաժամի մէջ: Սփիւռքահայ ուսանողութեան առջեւ Հայաստանի բարձրագոյն ուսման դաշտը բանալու հնարաւորութիւններէն մինչեւ Միջին Արեւելքի հայութեան վերջնական կայարանի հեռանկարներու ուրուագծումը եւ բնակեցման ու վերաբնակեցման առաջադրանքները իբրեւ հրամայական զանգուածային գործնականացման փուլ մտնելու անյետաձգելի հրամայականին առջեւ են:
Այս բոլորը անշուշտ համապետական-համազգային կեդրոնացման եւ նպատակուղղուածութեան հիման վրայ համալիր ծրագիրներ կ՛ենթադրեն: Ուշանալը համազգային շռայլանք է պարզապէս եւ յառաջիկայ սերունդներուն առջեւ հսկայական պատասխանատուութիւն: Այս առաջադրանքներու մեկնակէտը նախապայմանային մեկնարկային մօտեցում ունի. Ներքին արդարութիւն, օրէնքի առջեւ հաւասարութիւն, իրաւական պետութեան կայացում, ստուերի չէզոքացում եւ հարստապետութեան ի սպառ վերացում:

Հեռուէն բարեփոխումներ ակնկակելը եւ հեռակայ կարգով բարեփոխումներուն հետեւիլը արդարացուած չէ անշուշտ: Միաժամանակ սակայն արդար է ակնկալութիւնը, որ արտահայաստանեան հասարակութեան ներկայացուցչութիւնները մասնակից ըլլան բարեփոխումներու հետ կապուած տարբեր գործընթացներուն:

Ներքին քաղաքական կամքի վճռակամութիւնը` այս հրամայականները կեանքի կոչելու զգալի չափերով կը նպաստէ կիսապատերազմական եւ կիսաշրջափակման հետեւանքներու վերացման աշխատանքներուն: Եւ անոնցմէ գլխաւորին` ժողովրդագրական «արիւնահոսութեան» կասեցումին:

Այո՛. «Մենք ապրելո՛ւ ենք մեր երկրում»:

Տպել Տպել