Ակնարկ. ՀԱՊԿ-ը Եւ Սուրիահայութեան Անվտանգութեան Խնդիրը

3876_b1Սոչիի մէջ գումարուած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին նախագահ Սարգսեանի խօսքին Սուրիոյ հանգոյցին, ինչպէս նաեւ սուրիահայութեան նկատմամբ Երեւանի վարած քաղաքականութեան բաժինը ներկայացուած ճգնաժամին եւ այնտեղ յայտնուած հայ համայնքին նկատմամբ Երեւանի որդեգրած քաղաքականութեան կարեւոր կէտերը կը բովանդակէ:
Այդ կէտերը կ՛ամփոփուին հետեւեալ ձեւով.

Համաշխարհային նոր մարտահրաւէրներուն եւ սպառնալիքներուն լոյսին տակ յատուկ արդիականութիւն ապահովելու ընթացքին մէջ է միջազգային ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ ՄԱԿ-ի դերակատարութեան շեշտումը: Այս հաստատումին փաստը ակնառու ձեւով պարզ է մերձաւորարեւելեան տարածաշրջանին կապուած իրադարձութիւններուն եւ յատկապէս Սուրիոյ կապուած դէպքերուն նկատառումով:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններէն աշխարհագրական առումով Սուրիոյ ամէնէն մօտ երկիրն է: Ունենալով այնտեղ բազմահազարանոց համայնք` աւելի սուր կերպով կը զգայ բոլոր ռիսքերն ու սպառնալիքները ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան` կովկասեան տարածաշրջանի անվտանգութեան համար:

Երեւանը Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն իսկ դիրքորոշուած է ի նպաստ շուտափոյթ խաղաղ լուծման` երկխօսութեան հիման վրայ: Այդ կապակցութեամբ միջազգային հանրութեան, մասնաւորապէս` Սուրիոյ դրացի պետութիւններու դերը պէտք է կայանար այդ երկխօսութեան աջակցութեան մէջ` հաշուի առնելով տագնապին մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերու շահերը:

Այս շրջագիծին մէջ Երեւանը կ՛ողջունէ ռուս-ամերիկեան պայմանաւորուածութիւնները սուրիական տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ:

Այս չորս կէտերով բանաձեւուած պաշտօնական դիրքորոշումը իր ընդհանուրին մէջ կը պահէ օրինաչափութիւնն ու համահնչեղութիւնը թէ՛ միջազգային ընտանիքի եւ թէ՛ այս պարագային ՀԱՊԿ-ի շրջագիծերուն մէջ տեղաւորուող քաղաքական բանականութեան նկատմամբ: Երկու ուղղութիւններուն միջեւ հաւասարակշռութիւնը պահուած է յայտնապէս:

Առաջին հատուածը կը վերաբերի ՄԱԿ-ի դերակատարութեան: Սուրիական թնճուկին մասին ՄԱԿ-ի դերակատարութեան շեշտումով յայտարարութեան նախաբան կատարելը ինքնին հարցի լուծման համար միջազգային ընտանիքի գերակայութեան մասին կը խօսի: Իսկ այս մէկը իր հերթին կը մեկնաբանուի պարզօրէն, որ ՄԱԿ-ի շրջագիծէն դուրս առնուող կամ առնուելիք քայլերը չեն արդարացուիր:

Պահ մը շրջանցելով երկրորդ հատուածը, կեդրոնանանք երրորդին վրայ, ուր նախագահը առաջին կէտին ագուցում կատարելով կը շեշտէ, որ հարցի լուծումը բացառապէս պէտք է տեսնել խաղաղ լուծումով եւ երկխօսութեան հիմունքով: Այսքանը շատ դասական եւ կարգախօսային սահմաններուն մէջ կ՛ընկալուէր, եթէ իր ենթաթեքսթով չհակադրուէր զինուորական գործողութիւններու հաւանականութեան սաստկացումի ամերիկեան եւ որոշակիօրէն արեւմտեան սպառնալիքներուն: Բայց հիմնականը այս հաստատումին յաջորդող նախադասութիւնն է` «միջազգային հանրութեան, մասնաւորապէս` Սուրիոյ դրացի պետութիւններու դերը, պէտք է կայանար այդ երկխօսութեան աջակցութեան մէջ` հաշուի առնելով տագնապին մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերու շահերը»: Այստեղ արդէն պարզ կը դառնայ, որ ո՞վ է այն դրացի պետութիւնը, որ փոխանակ խաղաղ լուծման եւ երկխօսութեան կայացման գործընթացին սատարելու կը շարունակէր զինել եւ ֆինանսաւորել որոշ ուժեր եւ անվերջ կը պահանջէր զինուորական միջամտութեան իրականացումը: Անգարան, առանց անուանանշումի, մատնացոյց կ՛ըլլար իբրեւ խաղաղ լուծման հակադրուող կողմ եւ իբրեւ այդպիսին միջազգային ընտանիքի շրջագիծէն դուրս հարցին լուծում ապահովելու ձգտող պետութիւն:

Խաղաղ լուծման առաջադրանքը գերադասելու տրամաբանութեան մէջ շատ հանգիստ կը տեղաւորուի նաեւ ռուս-ամերիկեան պայմանաւորուածութեան ողջունումը: Զարգացուած տրամաբանութեան եզրայանգումը պարզացնելով` գերադասելի է խաղաղ լուծումը, ողջունելի է այդ առաջադրանքին տակ դիտարկուող ռուս-ամերիկեան պայմանաւորուածութիւնը եւ դատապարտելի է երկխօսութեան կայացման չնպաստող եւ հարցերու հրահրման դիրքերու վրայ գտնուող դրացի Անգարան:

Վերադառնանք ամէնէն ուշագրաւ կէտին: ՀԱՊԿ-ը հաւաքական անվտանգութեան հասկացողութիւն է ամէն բանէ առաջ: Այստեղ շատ նուրբ ձեւով կ՛ընդգծուի Սուրիոյ եւ կովկասեան տարածաշրջանի անվտանգութեան առնչութիւնը: Այն բարձրաձայնումով, որ կովկասեան տարածաշրջանի անվտանգութեան հետ կապուած այս առնչութիւնը ամէնէն սուր եւ զգայուն ձեւով Երեւանն է, որ կը տեսնէ: Իսկ այս սրատեսութեան շարժառիթի բացատրութիւնն է, որ աշխարհագրական մերձաւորութեան առընթեր երկրորդ կարեւոր իւրայատկութիւնը կ՛ապահովէ Երեւանին: Սուրիահայ համայնքի անվտանգութիւնը Հայաստանի անվտանգութեան հետ կապելը եւ այդ ճամբով ՀԱՊԿ-ի հաւաքական անվտանգութեան օրակարգի վերածելը խնդիրին աշխարհաքաղաքական հարթութիւն տեղափոխելու միտող քաղաքական քայլ իբրեւ կը մեկնաբանուի:

«Ա.»
aztagdaily.com

Տպել Տպել