Եվրապատգամավորները հերթական անգամ դատապարտել են Ադրբեջանին

eafjd-logoՍեպտեմբեր 24, 2013-ին, Ազրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններէն երկու շաբաթ առաջ, Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցաւ կլոր սեղանի զրոյց մը՝ Ազրպէյճանի մարդկային իրաւունքներու շուրջ։ Անգամ մը եւս, Եւրոխորհրդարանի երեսփոխաններու թիւ մը քննադատեց Ազրպէյճանը՝ հիմնուելով մարդկային իրաւունքներու ցած մակարդակին եւ ժողովրդավարական արժէքներու բացակայութեան վրայ: Եւրոերեսփոխանները շեշտեցին, թէ քաղաքական անձեր, լրագրողներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ յաճախ կը «հիւրընկալուին» երկրի բանտերէն ներս, ինչպէս նաեւ՝ հիմնական մարդկային իրաւունքները, ինչպիսին են ազատ արտայատուելու եւ ազատ հաւաք կազմակերպելու իրաւունքները կը խախտուին իշխանութիւններուն կողմէ: «Կ’ուզենք տեսնել ազատ եւ արդար ընտրութիւններ:

Տարածաշրջանէն ներս Ազրպէյճանը ունի քաղաքական բանտարկեալներու ամէնէն բարձր թիւը, նոյնիսկ Պելարուսէն աւելի» ըսաւ Անա Կոմես (Ընկերվարականներ եւ ժողովրդավարներ, Փորթուկալ): Եւրոպայի արտաքին յարաբերութեանց գերատեսչութեան ներկայացուցիչը նշեց, թէ «ժողովրդավարութիւնը, հիմնական հարց է կայուն յարաբերութիւն ունենալու համար եւ մենք պիտի շարունակենք աւելին ակնկալել Ազրպէյճանէն»:

Ազրպէյճանի երեսփոխան Ֆուատ Մուրատով ըսաւ, թէ Եւրոպան փաստ չունի Ազրպէյճանի սխալ ընթացքը ապացուցելու համար: Անոր գործընկեր Ասիմ Մոլազատէն, որպէս իր երկրի յառաջդիմութեան փաստ, նկատեց Ազպրէյճանի շրջանին մէջ ամէնէն արագ համացանց ունենալու իրողութիւնը: Վերոնշեալները խստիւ դապարարտուեցան եւրոերեսփոխաններուն կողմէ որպէս Ազրպէյճանի իրականութիւնը չարտայայտող յայտարարութիւններ:

Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի յանձնախումբի նախագահ՝ Գասպար Կարապետեան ըսաւ, թէ դարձեալ մատնանշուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումը: «Որքա՞ն ժամանակ դեռ Եւրոպան պիտի պահէ Ազրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւնը ակնկալումներու եւ մաղթանքներու մակարդակի վրայ: Հասած է այն պահը, երբ Եւրոպան պէտք է խօսքը վերածէ գործի եւ սկսի պահանջել, փոխանակ յոյսերու վրայ մնալ»:

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Գրասենեակ

Տպել Տպել