Զգուշացնելով Շրջանի Քրիստոնեաները Արտագաղթի Մղող Փորձերէն`. Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Անդրադարձաւ Տեղական Ու Շրջանային Հարցերու «Սաութ Լուպնան»-ի Հետ Իր Հարցազրոյցին Ընթացքին

Hagop-Pakradouni1«Սաութ Լուպնան» կայանը իր շաբաթօրեայ «Աքլամ Թուհաուեր» խորագրեալ յայտագիրով հիւրընկալեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին` համապարփակ զրոյց մը ունենալով տեղական թէ շրջանային հրատապ հարցերուն շուրջ:
Լիբանանեան ներքին կացութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի դրուատեց Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութիւնը, որ եկաւ նոր թափ տալու նախագահ Սլէյմանի հովանաւորած «Պաապտայի յայտարարութեան»:
Բագրատունի այս գծով «դրական» որակեց շաբաթավերջին նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հանդիպումը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Կառավարութեան կազմութեան գծով Բագրատունի ընդգծեց, որ լիբանանցիք դէմ են կազմելու կառավարութիւն մը, որ պիտի չգործէ: Իսկ բաժիններ ձեռք ձգելու գծով կեցուածքներուն անդրադառնալով` Բագրատունի նշեց, որ Լիբանանի մէջ այս երեւոյթը կը տիրէ հինէն ի վեր, 1943-էն ի վեր, երբ իւրաքանչիւր կողմ կը պնդէր պետութեան մէջ իր «բաժին»-ը ունենալ:

Ան ընդգծեց, որ արտաքին կողմերու համաձայնութիւնը չի նշանակեր, թէ լիբանանեան կողմեր պիտի ընդառաջեն արտաքին կողմերէն ներկայացուող առաջարկներուն` զիջելով իրենց իրաւունքներէն:

Շեշտելով, թէ ինք արաբ չէ, բայց արաբամէտ է Բագրատունի զարմանք յայտնեց, որ շրջանի 350 միլիոն հաշուող արաբները իրենց ունեցած քարիւղային թէ այլ հարստութիւններով չեն կրնար իրենք զիրենք կառավարել եւ կ՛ապաւինին արտաքին կողմերու միջամտութեան:
Բագրատունի վերյիշեց, թէ ինչպէ՛ս անցեալին արաբական աշխարհը ընդդիմացած էր օսմանեան իշխանութեան եւ սուլթան Ապտուլ Համիտի դէմ` հարց տալով, թէ ինչո՞ւ ներկայիս չեն օգտագործուիր արաբական աշխարհի կարողութիւններն ու կարելիութիւնները` արաբներու ճակատագիրի տնօրինման գծով:

Ժողովրդավարութեան հաստատման պիտակին տակ եւ «շինիչ քաոս» կոչուած կարգախօսով շրջանը ենթարկուեցաւ գաղափարական-դաւանական անկիւնադարձային փոփոխութեան, շարունակեց Բագրատունի:

Ան դիտել տուաւ, որ շրջանը ոչ թէ կը գտնուի վառօդի տակառի վրայ, այլ նոյնինքն ի՛նքն է վառօդի տակառը: Ան զգուշացուց շրջանի քրիստոնեաներուն դէմ ցցուող վտանգէն` քննադատելով կարգ մը դեսպանատուներ, որոնք դիւրաւ այցեգիր տալով նաեւ կը դիւրացնեն անոնց արտագաղթը:

Բագրատունի նշեց, որ ՀՅԴ-ն ներկայութիւն է 34 երկիրներու մէջ, «ինչ որ կը դիւրացնէ կարծիքներու եւ տեղեկութեանց փոխանակումը եւ մեզ իրազեկ կը դարձնէ այլ երկիրներու անցուդարձներէն:

Բագրատունի մերժեց երեք ութերու տարազով կառավարութեան կազմութիւնը, որ սկիզբէն իսկ պատշաճ ձեւով չէր առաջադրուած:

«Այս գծով բաւական ժամանակ կորսնցուցինք, եւ այսօր նախագահ Սլէյման կ՛առաջարկէ, որ իրեն վստահուի կառավարութեան կազմութիւնը, վստահութիւն տրուի իրեն եւ վարչապետին: Սակայն մենք դէմ ենք կառավարութեան մը, որուն նախարարները կազմութենէն անմիջապէս ետք պիտի հրաժարին», ընդգծեց Բագրատունի: Բագրատունի իբրեւ օրինակ նշեց հայութեան ներկայացուցչութիւնը նախագահ Լահուտի օրով, երբ նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեան 1-2 ամիս մերժեց մասնակցիլ կառավարութեան նիստերուն:

«Կառավարութեան կազմութեան ձեւերէն մէկը կրնայ ըլլալ «9-9-6» տարազը», դիտել տուաւ Բագրատունի` նշելով, որ որոշում չկայ քաղաքական կողմերու կամքին հակառակ կառավարութիւն կազմելու:

aztagdaily.com

Տպել Տպել