«Արցախահայութեան Ազգային -Ազատագրական պայքարը» թեմայով գիտաժողով՝ Ստեփանակերտի մէջ

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4-ին, Ազգային Ժողովի նիստերու մեծ դահլիճէն ներս, տեղի ունեցաւ Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարը. Գիւլիստանէն մինչեւ մեր օրերը միջազգային գիտաժողովը, որուն բացման հանդիսութեան, իր մասնակցութիւնը բերաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան:

Միջազգային գիտաժողովը համակազմակերպուեցաւ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի, Արցախի պետական համալսարանի, Հ.Հ. գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ պատմութեան հիմնարկի, Լուվէնի (Պելճիքա) համալսարանի եւ Քաղաքական գիտութեանց Հայաստանի միութեան կողմէ: Գիտաժողովը հրաւիրուեցաւ Արցախեան շարժման 25ամեակի յոբելենական թուականի նշման ծիրէն ներս:

Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց այսպիսի միջազգային գիտական նախաձեռնութիւններու կազմակերպումը` Արցախեան տագնապը խորութեամբ հասկնալու, շրջանին մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթները համակողմանիօրէն դիտարկելու եւ հաւանական զարգացումները աւելի ճշգրիտ կերպով կանխատեսելու տեսանկիւններէն:

Նախագահին բնութագրումով, հայ ժողովուրդին ազատ եւ ինքնիշխան ապրելու, ազգային պետականութիւնը վերականգնելու ձգտումը համաշխարհային պատմութեան մէջ ամէնէն երկարատեւ ազգային-ազատագրական պայքարներէն է, որուն ընթացքին մէկ բան մնացած է անփոփոխ` “մեր ռազմավարական գերնպատակը` ազատ, ինքնիշխան եւ ազգային հզօր պետականութեան վերականգնումը եւ նրա շարունակական զարգացումն ու ամրապնդումը“:

Անդրադառնալով Արցախի պետականութեան ներկայ հանգրուանին` նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ ետդարձի ճամբայ չկայ: Արցախի անկախութիւնը եւ ապահովութիւնը բացառիկ արժէքներ են, որոնք ենթակայ չեն որեւէ սակարկութեան: Նախագահ Սահակեան յայտնեց, որ հայ ժողովուրդի ազատ եւ ինքնիշխան ապրելու, ազգային պետականութիւնը վերականգնելու ձգտումը համաշխարհային պատմութեան մէջ ամէնէն երկարատեւ ազգային-ազատագրական պայքարներէն մէկն է, որուն ընթացքին մէկ բան մնացած է անփոփոխ` մեր ռազմավարական գերագոյն նպատակը` ազատ, ինքնիշխան եւ ազգային հզօր պետականութեան վերականգնումը եւ անոր շարունակական զարգացումը եւ ամրապնդումը:

Այսպէս, հեղինակաւոր ներկայութիւններով յատկանշուած խորհրդաժողովը, առիթ հանդիսացաւ Արցախի պետական անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումներու, խորացուած ու ծանրակշիռ քննարկումներու, ինչպէս նաեւ տարբեր տեսակի այցելութիւններու:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանը, ընդգծելով, որ նման միջազգային գիտական միջոցառումներու կազմակերպումը չափազանց կարեւոր է արցախեան հիմնախնդիրը լաւապէս հասկնալու համար:

Խորհրդաժողովը ողջունեց եւ օրհնութեան խօսք ուղղեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի Առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը: “Երկու հարիւր տարի առաջ, Արցախ աշխարհը ազատագրուեց պարսկական լծից եւ միացաւ Ռուսաստանի կայսրութեանը: Մենք էինք դիմել: Մենք դիմել էինք մէկ պատճառով` գտնուել Ռուսաստանում կամ Եւրոպայում` նոյն մշակութային դաշտում, ապրել նոյն արժէքներով, որ մեր հարազատ արժէքներն են“ ըսաւ թեմակալ առաջնորդը: Ան աւելցուց թէ իրադրութիւնը փոխուեցաւ 1917-20 թուականներուն եւ Արցախը, ինչպէս նաեւ Նախիջեւանն ու մեր պատմական Ուտիքը յայտնուեցան Ատրպէյճանի կազմին մէջ` Ստալինի անհատական, կամային որոշմամբ: “Սկսած 1994 թուականից, երբ աւարտուեց այդ դաժան քառամեայ պատերազմն Արցախի դաշտում, մենք ապրում ենք իսկապէս խաղաղ պայմաններում, ուր կայ կատարեալ անվտանգութիւն եւ խաղաղութիւն: Այ, դրա համար արժէր 340-350 տարի պայքարել, որովհետեւ մարդու համար` որպէս Աստծոյ արարածի, ամէնաթանկագինը անվտանգութիւնն է եւ ազատութիւնը, ինչը մենք այսօր ունենք “ ըսաւ Արցախի հոգեւոր հովուապետը: Սրբազան հայրը վստահութիւն յայտնեց, որ օր մը միջազգային հանրութիւնը ի վերջոյ համարձակ կը գտնուի եւ այն կը ճանչնայ տը-եուրէ Արցախի անկախութիւնը:

Հաւաքին ներկայ էին պատուաւոր հիւրեր` Եւրոխորհրդարանի եւ Արցախի միջեւ բարեկամութեան խումբի նախագահ Էլէնի Թէոխարուս, լրագրող, Լիտրա Քոլէճի նախագահ Եանիս Խարալամպիտիս, Պելճիքացի ծերակուտական Անտրէ տիւ Պիւս, Ազգային Ժողովի անդամ Ժան Տէֆոսէ եւ թրքական ծագումով Պելճիքացի լրագրող Մէհմէտ Քոքսալ, ինչպէս նաեւ Պելճիքայի եւ Անգլիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբերու ատենապետները: Յունաստանէն ներկայ եղան երեսփոխան Միխայիլ Թամիլոս (Հայ-Յոյն խորհրդարանական խմբակցութեան փոխ նախագահ), երեսփոխան Քաթերինա Մարքու, ինչպէս նաեւ լրագրող-հրապարակախօս-վերլուծաբան Սավաս Քալենտէրիտիս եւ լրագրող Քոսթաս Փլիաքոս: Գիտաժողովի աշխատանքներուն հետեւեցան նաեւ Արցախի պետական-քաղաքական-հանրային ու գիտակրթական շրջանակներու ներկայացուցիչներ եւ ուսանողներ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Էլէնի Թէոխարուս, Ռուսաստանի ժողովուրդներու հոգեւոր միասնութեան միջազգային հիմնադրամի նախագահ, պատմաբան, հասարակական գործիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Գէորգի Տրապեզնիքովը, Քաղաքական գիտութեան Հայաստանի միութեան նախագահ, Հ.Հ. Ազգային ռազմավարական հետազօտութիւններու հիմնարկի պետ, քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր Հայկ Քոթանճեանը:

Նաեւ, ժողովը յատկանշուեցաւ անուանի ու հեղինակաւոր գիտնականներու, պատմաբաններու, քաղաքագէտներու, իրաւագէտներու եւ փորձագէտներու ներկայութեամբ, որոնց կարգին մասնագէտներ Պերնարտ Քուլի, Քսավիէ Ֆոլեպուքթ, Ճէֆրի Րոպէրցոն, Աշոտ Մելքոնեան, Միհրան Տապաղ, Արա Պապեան:

Գիտաժողովը առիթ էր արծարծելու 1988 թուականի համաժողովրդական շարժման արձագանգները, որ ամբողջ նախկին Խորհրդային Միութեան մէջ տարածուեցան:

“Գիտաժողովը կոչուած է վերաիմաստաւորելու 25 տարիների մեր անցած ճանապարհը, որը հիմնականում կապուած է արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի նորագոյն փուլի հետ: Դրա ամէնակարեւոր պսակը կարելի է համարել անկախ, ինքնիշխան Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը“, ըսաւ իր կարգին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը:

Գիտաժողովը անդրադարձաւ նաեւ Կիւլիստանի պայմանագրի 200-ամեակին.- Այդ գծով Աշոտ Ղուլեան դիտել տուած է թէ “ուղիղ 200 տարի առաջ ստորագրուել է այդ պայմանագիրը, որով Արցախը, ինչպէս նաեւ յարակից տարածքները միացել են Ռուսաստանին“:

Տնտեսական զարգացման շուրջ կլոր սեղանի զրոյցին մասնակցեցան Արցախի փոխ վարչապետ Արթուր Աղաբէկեանը, Հ.Հ. գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Դաւիթ Լոքեանը եւ Աւստրիայէն Րայնհոլտ Էքհարտ:

07/10/2013
hairenikweekly.com

Տպել Տպել