Ֆիլատելֆիա.- Արեւելեան Ա.Մ.Ն. -ի Հայ դատի յանձնախումբի տարեկան մեծարանքի հանդիսութիւնը

P1-ANCA+ER+Banquet+10-12-2013+125-2832104626-O-300x199Հոկ­տեմ­բեր 12-ին, Ֆի­լա­տելֆ­իոյ մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ Արե­ւել­եան շրջա­նի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի կազ­մա­կեր­պած մե­ծա­րան­քի հան­դի­սու­թիւնը:

Ձեռ­նար­կը, որ յա­ջոր­դա­բար եօ­թե­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով կը կա­տար­ուէր, տե­ղի ու­նե­ցաւ, քա­ղա­քի կեդ­րո­նա­կան շրջա­նի “Տա­պըլ Թրի“ պան­դո­կի շքեղ սրա­հին մէջ: Շրջա­նէն ներս գոր­ծող քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ ներ­կայ էին, որոնց կար­գին` Էտ­ուըրտ Ռէն­տէլ (Ֆի­լա­տելֆ­իոյ նախ­կին քա­ղա­քա­պետ եւ Փեն­սիլ­վան­իոյ կա­ռա­վա­րիչ), Տէյ­լին Լիչ (Փե­սիլ­վան­իոյ շրջա­նէն ծե­րա­կու­տա­կան), Փեթ­րիք Մի­հըն (Փե­սիլ­վան­իոյ շրջա­նէն քոնկ­րէ­սա­կան) եւ­ հե­տե­ւո­ղա­կան կեր­պով ի նպաստ Հայ Դա­տի գոր­ծող` Ֆրենք Փը­լոն (Նիւ Ճըր­զի):

Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան Շրջա­նի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Օշա­կան Չօ­լոյ­եան կա­տա­րեց Տէրու­նա­կան աղօթ­քը, որ­մէ ետք պաշ­տօ­նա­պէս բաց­ուած նկատ­ուե­ցաւ մե­ծա­րան­քի երե­կոն: Օր­ուան հան­դի­սա­վարն էր Անդ­րա­նիկ Ղա­րիպ­եան, որ ամե­նայն նուի­րու­մով եւ բծախնդ­րու­թեամբ կա­տա­րեց իր աշ­խա­տան­քը: Ան յայտ­նեց թէ Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րուն եւ գրա­սեն­եակ­նե­րուն գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը պի­տի ծա­ւա­լի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ յատ­կա­պէս հա­տուց­ման խնդիր­նե­րու բարձ­րաց­ման, ինչ­պէս նա­եւ հա­տու­ցում եզ­րը սահ­մա­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ:1-300x200

Ֆի­լա­տելֆ­իոյ նախ­կին քա­ղա­քա­պետ եւ Փեն­սիլ­վան­իոյ կա­ռա­վա­րիչ Էտ­ուըրտ Ռէն­տէլ, բեմ բարձ­րա­նա­լով, յայտ­նեց թէ ամէն գնով պէտք է պայ­քար մղել, կան­խե­լու հա­մար որե­ւէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն:P1-B-300x200

“Ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թարկ­ուած հա­յե­րու եւ ող­ջա­կիզ­ուած հրեա­նե­րու կրած դա­ժան ճա­կա­տա­գի­րը օրի­նակ պէտք է ըլ­լայ քա­ղա­քակրթ­ուած աշ­խար­հին, որ­պէս­զի եր­բեք տե­ղի չտայ եւ չպա­տա­հին նմա­նօ­րի­նակ դէպ­քեր, որոնց վեր­ջի­նը դեռ վեր­ջերս Տար­ֆու­րի մէջ պա­տա­հե­ցաւ“, յայտ­նեց Ռեն­տէլ որ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց թէ, շա­րու­նակ շրջա­նի հայ գա­ղու­թը թի­կունք կանգ­նած է իր կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Փե­սիլ­վան­իոյ շրջա­նի քոնկ­րէ­սա­կան Փեթ­րիք Մի­հըն, իր կար­գին խօսք առ­նե­լով, յայտ­նեց թէ պատ­մու­թիւնը կա­րե­լի չէ կեղ­ծել եւ յատ­կա­պէս 2015-ին, պատ­շա­ճօ­րէն պետք է որ նշուի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րամ­եա­կը: Ան աւել­ցուց թէ մարդ­կու­թեան խիղ­ճը, պէտք է բարձ­րա­նայ տե­ղի ու­նե­ցած դէպ­քին մա­կար­դա­կին եւ ամ­բող­ջա­կան ու յստակ կեր­պով ճանչ­նայ մարդ­կա­յին սպան­դը:

Փե­սիլ­վան­իոյ շրջա­նէն ծե­րա­կու­տա­կան Տէյ­լին Լիչ յանդգ­նօ­րէն ելոյթ ու­նե­նա­լով, շեշ­տեց թէ թուրք-ազե­րի քա­րոզ­չա­կան մե­քե­նան բազ­միցս գոր­ծի կը լծուի որե­ւէ հա­յան­պաստ որո­շու­մի դէմ գոր­ծե­լու: “Պատ­րաստ եմ, իմ կար­գիս Հե­ռիզ­պըրկ (Փե­սիլ­վան­իոյ մայ­րա­քա­ղաք) եր­թա­լու եւ ամէն գնով պայ­քա­րե­լու…“, շեշ­տեց ան, եւ եզ­րա­կա­ցուց թէ պայ­քա­րը պէտք է ան­յա­պա­ղօ­րէն շա­րու­նա­կել, որ­պէս­զի ո՛չ միայն Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րը իրե՛նք իբ­րեւ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ճանչ­նան Մեծ եղեռ­նը, այ­լեւ մղեն իրենց դաշ­նա­կից թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, որ ի վեր­ջոյ հաշ­ուի նստին եւ հաշտ­ուին իրենց սե­փա­կան պատ­մու­թեան հետ` իրենց ժա­ռան­գած դառն ու դա­ժան պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան տէր կանգ­նե­լով:

Հայ Դա­տի մօ­տիկ բա­րե­կամ Ֆրենք Փը­լոն (Նիւ Ճըր­զի) իր խօս­քին մէջ, ըսաւ թէ խիստ կա­րե­ւոր է նշե­լը, թէ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու եւ ընդ­հան­րա­պէս աշ­խար­հաս­փիւռ Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու ծա­ւա­լուն ու ան­խոնջ պայ­քա­րը, նշա­նա­կե­լի հանգր­ուան մը բո­լո­րած է Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի նկատ­մամբ, հա­կա­ռակ ամե­րիկ­եան եւ արեւմտ­եան աշ­խար­հի կա­ռա­վա­րու­թեանց, ցարդ որ­դեգ­րած խու­սա­փո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան:

Բեմ հրա­ւիր­ուե­ցաւ նա­եւ բա­նաս­տեղծ Աւիկ Տե­րենց, որ հա­յե­րէն լե­զուով աս­մուն­քեց:

“Ազա­տու­թիւն“ շքան­շա­նով պար­գե­ւատր­ուե­ցաւ հան­րահռ­չակ գրա­գէտ Քրիս Պոհ­ճալ­եան, որ իր խօս­քին մէջ, ահա­զան­գեց թէ մէ­կու­կէս տա­րի մնա­ցած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ամ­եա­կը նշե­լու: Ան ակ­նա­ծան­քով արտայայտուե­ցաւ Հայ Դա­տի կա­տա­րած հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քին առն­չու­թեամբ:

Պոհ­ճալ­եան տի­պա­րը ներ­կա­յա­ցուց Քոնկ­րէ­սէն ներս Հայ-Վրա­ցա­կան հար­ցե­րու մաս­նա­գէտ դոկտ. Լե­ւոն Աւ­տոյ­եան, որ իր կար­գին հի­աց­մուն­քով ար­տա­յայտ­ուե­ցաւ, անոր գրի­չին մա­սին: Ան եզրակացուց թէ Հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րը կը փոր­ձեն իրենց դա­տին կա­րե­լի եղա­ծին չափ շատ ճա­նա­չում ապա­հո­վել արեւմտ­եան եր­կիր­նե­րու խորհր­դա­րան­նե­րուն կող­մէ, որ­պէս­զի արեւմտ­եան հան­րա­յին կար­ծի­քը ճնշում բա­նեց­նէ Թուրք­իոյ վրայ` ճանչ­նա­լու հայ­կա­կան պատ­մա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը, որ կը նկատ­ուի քսա­նե­րորդ դա­րուն մարդ­կու­թեան դէմ գործ­ուած առա­ջին սպան­դը:

“Քար­տաշ­եան“ շքան­շա­նը ստա­ցաւ, աւե­լի քան յի­սուն տարիէ ի վեր Հայ Դա­տին եւ հա­յու­թեան համար նուիր­ուած Զօհ­րապ Թազ­եա­նին, որ Ինտ­ի­ա­նայէն ժա­մա­նած էր իր ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րուն հետ: Արա Չալ­եան ներ­կա­յա­ցուց Թազ­եան տի­պա­րը: Ան կա­րե­ւո­րեց շքան­շա­նի ետին կանգ­նող ան­ձը` Վա­հան Քար­տաշ­եա­նը (1883-1934), որ եղած է փաս­տա­բան մը եւ շատ սուղ վճա­րած` Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը կան­խար­գի­լե­լու իր փոր­ձե­րուն գի­նը: Ար­դա­րեւ, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու քա­ղա­քա­ցի Քար­տաշ­եան 1908 թուա­կա­նէն մին­չեւ իր մա­հը (1934) պայ­քա­րած է մարդ­կու­թիւնը յու­զող հիմ­նա­կան հար­ցե­րով: Թազ­եան իր կար­գին բեմ բարձ­րա­նա­լով, յուզ­ուած ար­տա­յայտ­ուե­ցաւ եւ շնոր­հա­կա­լու­փիւն յայտ­նեց Հայ Դա­տին, որ զինք նկա­տի առած էր, իբ­րեւ օր­ուան շքան­շա­նա­կիր:31-300x200

Փակ­ման խօս­քը փո­խան­ցեց, Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան Շրջա­նի Կ.Կ.-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ռի­չըրտ Սա­րաճ­եան, որ կոչ ուղ­ղեց ամէն գնով շա­րու­նա­կե­լու աշ­խատ­ռան­քը: Ան յայտ­նեց թէ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Քոնկ­րէ­սին կող­մէ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը մի­ա­կը չէ Արեւ­մուտ­քի մէջ. արեւմտ­եան աւե­լի քան 25 պե­տու­թիւն­նե­րու խորհր­դա­րան­ներ պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցած են Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը: Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց կազ­մա­կեր­պող յանձ­նա­խում­բին, որ լա­ւա­պէս կազ­մա­կեր­պած էր այս մե­ծա­րան­քի ձեռ­նար­կը:10-300x200

Աւար­տին աղօթքը կա­տա­րեց շրջա­նի Ամե­նայն Հա­յոց Սուրբ Եր­րոր­դու­թեան եկե­ղեց­ւոյ հո­վիւ Յա­կոբ Գէ­որգ­եան:

Յայ­տագ­րէն առաջ, կա­տար­ուած աճուր­դի ար­դիւնք, գո­յա­ցաւ կո­կիկ գու­մար մը: Նա­եւ կա­տար­ուե­ցան նուի­րա­տուու­թիւն­ներ, որոնք փո­խանց­ուե­ցան Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի ան­ձեռնմ­խե­լի հիմ­նադ­րա­մին: Այս գծով, պաշ­տօ­նի լծուած յա­տուկ յանձ­նա­խումբ մը գլխա­ւո­րու­թեամբ Տէր եւ Տի­կին Ճիմ եւ Նո­րա Գի­զիր­եա­նի, գոր­ծի լծուած էր, կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար այս ձեռ­նար­կը: Անոնց կող­քին ժրա­ջա­նօ­րէն գոր­ծած էին Լո­րիկ Պա­րոն­եան, Թա­մար Քա­նար­եան, Անի Տէ­յիր­մէնճ­եան- Տիզ, Թա­մար Չալ­եան, Ռաֆ­ֆի Քա­ա­րա­քաշ­եան, Րաֆ­ֆի Հո­վա­կիմ­եան, Սթիւ Մես­րոպ­եան եւ Արամ Յո­վա­կիմ­եան:

hairenikweekly.com

16/10/2013

Տպել Տպել