Ակնարկ. Քիւրտ-Թուրք Բախումներն Ու Տարածաշրջանի Ապաքրիստոնէացման Միտումները

0000441Քրտական աղբիւրներու հաղորդած այն լրատուութիւնը, որուն համաձայն Թել Ապիատի արուարձաններուն մէջ ծաւալած մարտերուն ընթացքին սպաննուած է ծայրայեղ իսլամական խմբաւորումներէն մէկուն ղեկավարը, սուրիական դիպաշարի վերջին զարգացումներուն մէջ կը գրաւէ դիտարժան երեւոյթի դիրք:

Թել Ապիատ անունը հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներուն յայտնի դարձաւ տեղւոյն հայկական եկեղեցւոյ սրբապղծման եւ հրկիզման արարքով: Ռաքքայի շրջանին մէջ գտնուող այս քաղաքը տարիներու ընթացքին հայաթափուած է. այնտեղ կ՛ապրին տասնեակ մը հայ ընտանիքներ: Քրիստոնեայ հոգեւորականներու առեւանգումի, տարբեր դաւանապատկան եկեղեցիներու աւերման, ռմբակոծման եւ հոգեւոր գործիչներու սպանութեան դէպքերը մտածել կու տան, որ ծայրայեղ իսլամականութիւնը ընդհանրապէս թիրախ ընտրած է քրիստոնէական միջավայրերը` յստակ այն ուղերձը փոխանցելով, որ քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւնը ապագայ չունի տարածաշրջանին մէջ:

Այս ուղղուածութիւնը, իր հերթին առաջին հայեացքով այն մեկնաբանութեան դուռ կը բանայ, որ Թել Ապիատի հայկական եկեղեցւոյ դէմ կատարուած ոտնձգութիւնը կը դիտարկուի ընդհանրապէս տարածաշրջանի ապաքրիստոնէացման միտող (եւ ոչ թէ զուտ հայկական թիրախ ընտրած) ընդհանուր գործողութիւններու շարքին: Մանաւանդ, որ Թել Ապիատը հայաթափուած քաղաք է:

Բայց վերադառնանք առաջին հաստատումին: Փաստօրէն Թել Ապիատի շրջակայքը ընդհարումներ տեղի կ՛ունենան տեղւոյն քրտական կազմակերպութեան եւ ծայրայեղ իսլամական տարրերու միջեւ: Իսկ Թել Ապիատը, ըստ երեւոյթին, միակ աշխարհագրական միջավայրը չէ, ուր այս երկու կողմերը կը պատերազմին:
Հիմա նայինք, թէ ծայրայեղ իսլամականութեան զինեալները դիպաշարի այս վերջին շրջանին ի՛նչ տեսակ կեդրոններէ կը ֆինանսաւորուին եւ կը զինուին: Այլ աղբիւրներ վկայակոչելը այս հանգրուանին այնքան յատկանշական չէ, որքան հակամարտող կողմին համոզումը:

Այսպէս. Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնած էր, որ Սուրիոյ մէջ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը բոլոր քիւրտերը չի ներկայացներ` նշելով, որ գոյութիւն ունին խմբաւորումներ, որոնք նեղացած են Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ճնշումներէն եւ աջակցութեան խնդրանքով Անգարա կու գան, միեւնոյն ժամանակ հերքելով, որ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ «Քայիտա»-ի առնչակից խմբաւորումներու որեւէ աջակցութիւն ցուցաբերած է:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կատարած յայտարարութեան մէջբերուած բաժինը իր պարունակին մէջ իսկ յստակօրէն կը մեկնաբանուի, որ Սուրիոյ քիւրտերուն մէկ կազմակերպութիւնն է միայն, որ հակադրուած է Անգարային: Մնացեալները Անգարայի հովանաւորութիւնը կը հայցեն: Անգարան արդէն իսկ իր յարաբերութիւնները կը բնականոնացնէ Թուրքիոյ քիւրտերուն հետ եւ սերտ յարաբերութիւններ կը մշակէ Իրաքի քիւրտերուն հետ: Հակադրուած տարրը քրտական իրականութեան մէջ, ըստ Տաւութօղլուի, այսպիսով կը մեկուսանայ իր հակադրութեան մէջ:

Թէ որքանո՞վ Անգարան կը յաջողի Թուրքիոյ քիւրտերուն հետ իր յարաբերութիւնները բնականոնացնել կամ թէ որքա՞ն ամուր են Իրաքի քիւրտերուն հետ իր կապերը, կը մնայ խիստ հարցականներու տակ: Այս պարագային պէտք է կեդրոնանալ ծայրայեղ իսլամականներուն դէմ կռուող Սուրիոյ քիւրտերուն վրայ եւ տեսնել յայտարարութեան երկրորդ բաժինը, որ հերքում է: Տաւութօղլուն առանց հասցէն ճշդելու կը հերքէ Անգարային կողմէ «Քայիտա»-ն ֆինանսաւորելու եւ զինելու մեղադրանքը: Մեղադրանքի հասցէատէրը պարզ է: Այն քիւրտերն են, որոնցմէ նեղացած են միւսները եւ որոնք կը վազեն իբրեւ թէ դէպի Անգարա.

Հիմա պարզ կը դառնայ, որ քրտական ժողովրդավարական միութիւն-Ահրար Շամ (ծայրայեղ իսլամականներ) բախումները պէտք է դիտարկել իբրեւ քիւրտ-թուրք բախումներ` սուրիական տարածքներու վրայ: Այս առումով ալ Թել Ապիատի եկեղեցւոյ հրկիզումը ընդհանուր քրիստոնէական թիրախէն քայլ մը անդին անցած ըլլալու տրամաբանութիւնը կը յուշէ. թէկուզ քաղաքին հայաթափուած պատկերով:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել