Ակնարկ. Թեհրան-Արեւմուտք Նախամերձեցման Փուլը Եւ Անգարայի Անհանգստութիւնը

«Ժընեւ-2»-ը գումարել-խափանելու պարանաձգութիւնը կը շարունակուի: Առնչակից կողմերու քաղաքական յայտարարութիւնները կրնան ամփոփել այն մթնոլորտը, որուն մէջ փորձ կը կատարուի ճշդելու երկիրներու մասնակցութեան հարցը:

Ճգնաժամային դիւանագիտութեան ժամանակաւոր արդիւնաւորումը յանգեցաւ պատերազմական գործողութիւններու առկախման որոշումին: Խորքին մէջ, անիկա այն ելքն էր, որ Մոսկուան հրամցուց սահմանափակ, կարճաժամկէտ, պատժիչ եւ դաստիարակիչ բնոյթ ունեցող զինուորական հարուածի անխուսափելիութիւնը յայտարարած Ուաշինկթընին:

Երեւցածը անշուշտ ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնն էր, որ երկուստեք ծառայեց դիմափրկումի (ֆէյս սէյվինկ): Չերեւցած բայց ազդեցիկ բաժինը կը վերաբերէր Թեհրանին: Չափաւորական նախագահի ընտրութիւնը, Թեհրանէն դէպի Ուաշինկթըն եւ փոխադարձաբար նախանշային փոխասացութիւնները կը խօսին Թեհրան-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններու նոր հարթութեան մը ձեւաւորման մասին:

Իսկ եթէ մտաբերենք սուրիական ճգնաժամի սկզբնաւորութեան յայտարարուած Մոսկուա-Թեհրան-Դամասկոս առանցքի կազմաքանդումի մասին հնչած մօտեցումները, կը տարուինք մտածելու այդ առանցքէն Թեհրանի ցուցաբերած որոշ ճկունութեան, դէպի Արեւմուտք եւ դէպի Միացեալ Նահանգներ ուղղած նշաններուն եւ փոխադարձ համապատասխան հակազդեցութիւններուն մասին: Եւ պատահական չէ, որ Օպամա-Ռուհանի նամակագրական եւ հեռաձայնային կապերէն ետք օրակարգային թեմայի կը վերածուէր Թեհրան-Ուաշինկթըն թռիչքներու վերսկսման հաւանականութիւնը: Նոյնպէս այն, որ Թեհրանի քաղաքապետարանի որոշումով հակաամերիկեան կարգախօսերը կը վերցուէին Թեհրանի կեդրոնական պողոտաներէն: Կամ բանակցութիւններ ընթացք կ՛առնէին Լոնտոն-Թեհրան դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերաբնականոնացման նպատակով:

Թեհրան-Արեւմուտք մերձեցման մասին խօսիլը կը թուի թէ կանուխ է. այսուհանդերձ կարելի չէ անտեսել այն զարգացումները, որոնք հրապարակային բնոյթ ունին եւ կրնան տարածաշրջանին մէջ վերահաշուարկումներու դուռ բանալ:

Կը թուի, թէ նախամերձեցման այս փուլը անհանգստացուցած է Անգարան, որուն դերակատարութիւն վերապահուած էր Մոսկուա-Թեհրան-Դամասկոս ռազմավարական գիծին դիմաց հակաառանցքային դերակատարութիւն ունենալու: Ռուս-ամերիկեան թէկուզ ժամանակաւոր համաձայնութիւնն ու մանաւանդ Թեհրանի ցուցաբերած որոշակի ճկունութիւնը Անգարայի դերի աստիճանի նուազում ենթադրող երեւոյթներ են:
Ամերիկեան մամուլը այս մասին կ՛արտայայտուի արդէն. աւելի մասնակիօրէն` Թուրքիոյ առնուազն ոչ նախկին դերակատարութիւնը լոյսին բերելով: ՕԹԱՆ-ի պաշտօնատարներ Անգարայի դերակատարութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դարձնէին հարց տալով, թէ ծայրայեղ իսլամականութեան զօրակցելով Թուրքիան ի՞նչ դեր կը փորձէ վերապահել իրեն:

Կտրուկ շրջադարձներ չեն արձանագրուած տակաւին. եւ ասիկա հասկնալի է անշուշտ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը շարունակէ շեշտել, որ պատերազմի արհաւիրքի վերացումը չի պայմանաւորուիր քիմիական զինաթափումով: Մինչ, Մոսկուան իր դիրքորոշումը կը յստակացնէ, որ նախագահականի հրաժարականով չի պայմանաւորուիր «Ժընեւ-2»-ի կայացումը:

Ռուս-ամերիկեան այս պայմանականութիւններու բարձրաձայնումը կրնայ զուտ յայտարարողական բնոյթ ունենալ: Փաստը կը մնայ փաստ, որ զինուորական գործողութիւնները կը շարունակեն մնալ առկախուած: Մինչ դիւանագիտութիւնը կը բանի նոր համաձայնութիւններու յանգումի համար:

Իրանեան գործօնին հետ հաշուի նստելու, Թեհրան-Արեւմուտք նոր էջ բանալու միտող երեւոյթներու ի տես վերահաշուարկներ կատարելու իրականութիւնները կը մղեն մտածելու Անգարայի դերին նուազեցման մասին: Մինչ այդ սակայն, միջազգային ընտանիքը պիտի նկատէ եւ համապատասխան դիրքորոշում ունենայ Անգարայի կողմէ զինուող եւ ֆինանսաւորուող ծայրայեղ տարրերու նկատմամբ, որոնց համար անիկա սովոր է օգտագործելու «միջազգային ահաբեկիչներ» եզրը:

«Ա.»
aztagdaily.com

Տպել Տպել