ՀՅԴ Լիբանանի Քարոզչական Մարմինի Ձեռնարկներուն Ծիրին Մէջ. Փրոֆ. Էդիկ Մինասեան Զեկուցեց Արցախի Ազգային Ազատագրական Պայքարին Մասին

Minassian-720x358Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինին եւ ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, միութենական, կուսակցական, մշակութային ներկայացուցիչներու եւ մեծաթիւ երիտասարդներու, հինգշաբթի, 14 նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի մասին շահեկան դասախօսութիւն մը: Ձեռնարկին բացումը կազմակերպիչ մարմինին անունով արտասանեց Շաղիկ Յովսէփեան, որ շեշտեց Արցախեան հերոսամարտի կարեւորութիւնը, որուն արգասիքն է այսօրուան Արցախի Հանրապետութիւնը: «Հայրենիքի, եւ սփիւռքի միացեալ ջանքերով պէտք է ապահովել Արցախի հարցին լուծումը», աւելցուց Յովսէփեան՝ ընդգծելով Արցախի վերաբնակեցման աշխատանքներուն կարեւորութիւնը: Ապա ան խօսքը փոխանցեց օրուան բանախօսին՝ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելէ ետք զինք:

Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ, պատմական գիտութիւններու տոքթոր, փրոֆեսէօր Էդիկ Մինասեան անդրադարձաւ Արցախի իրավիճակին՝ ներկայացնելով հայ ազգային ազատագրական վերանորոգ պայքարի կարեւորագոյն այս էջին հիմնական փուլերը: Նշելով 1980-ական թուականներուն Արցախի (խորհրդային շրջանին՝ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ) մէջ տիրած ապահովական, քաղաքական մթնոլորտը, ան հանգամանօրէն վերյիշեց պատմական այն դէպքերը, որոնք յանգած էին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի բռնագրաւման՝ զայն Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ անուանակոչելով: Փրոֆ. Մինասեան մանրամասնօրէն թուեց այն ազգային գործիչները, հերոսները, մտաւորականները, որոնց առանցքային դերակատարութեամբ ու զոհողութեամբ իրականացաւ ու յաջողեցաւ Արցախի հերոսամարտը, ինչպէս՝ Գրիգոր Յարութիւնեան, որ առաջինն էր, որ նամակ յղեց օրուան Խորհրդային Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէին՝ պահանջելով 98 առ հարիւր համեմատութեամբ հայերով բնակուած Արցախի վերամիացումը Հայաստանին: 1920-1970 թուականներուն այդ պայքարը անհատներու նախաձեռնութեամբ մղուած պայքար էր, 1960-էն եւ յատկապէս 1970-էն ետք անիկա զանգուածային պահանջատիրութեան պայքար էր։

Ան թուեց այս շրջանի նշեալ բողոք-նամակագրութեան գլխաւոր դերակատարները, ինչպէս՝ Բագրատ Ուլուբաբեան, որ 1965-ին նամակով մը պահանջեց Արցախի վերամիացումը մայր հայրենիքին: Շուտով անոր յաջորդեց տասներկու արցախցի անձնաւորութիւններու կողմէ յղուած նամակը: Իսկ 1966-ին, 150 էջերէ բաղկացած անստորագիր նամակ մը, նմանօրինակ պահանջով յղուեցաւ միաժամանակ Երեւանի եւ Մոսկուայի (խորհրդային) իշխանութիւններուն: Ան շեշտեց այդ շրջանի մտաւորականներու շահեկան ներդրումը Արցախի ազգային պահանջատիրութեան, ինչպէս՝ Սիլվա Կապուտիկեան, Սերօ Խանզադեան, Յովհաննէս Շիրազ, Բագրատ Ուլուբաբեան եւ շատ ուրիշներ: Փրոֆ. Մինասեան նշեց 85-90 հազար ստորագրութեամբ բողոքագիրի մը Մոսկուա յղումը, որուն յաջորդեց հայ ազգային 260 գործիչներու մէկ նոր բողոքագիրը՝ խորհրդային իշխանութեան, յատկապէս՝ Միխայիլ Կորպաչեւին:

Փրոֆ. Մինասեան դիտել տուաւ, որ սկզբնական շրջանին Արցախի հայոց ազգային ազատագրական պահանջատիրութեան այդ քայլերը անտեսող, ապա յատկապէս Ազրպէյճանի կողմէ «ահաբեկչական» որակումէն ետք, անոնք հետզհետէ սկսան լուրջի առնուիլ Մոսկուայի իշխանութեանց կողմէ, եւ հակառակ անոնց խոստումներուն, դրական ոչ մէկ արդիւնք նկատուեցաւ: Այս մօտեցումը եւ անոնց զուգահեռ ազրպէյճանական վայրագութիւնները արցախցիները մղեցին ինքնապաշտպանութեան՝ կազմելով ընդյատակեայ կազմակերպութիւններ, ինչպէս՝ «Ղարաբաղեան միութիւն»-ը, ղեկավարութեամբ Արկադի Կարապետեանի: Միաժամանակ շարունակուեցան բողոքի ելոյթները, ինչպէս՝ 13 փետրուար 1988-ին Ստեփանակերտի ցոյցը, որուն զուգահեռ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ թափ առին բողոքի ելոյթները, նախ թատերական եւ ապա՝ Օփերայի հրապարակներուն առջեւ, ուր ցուցարարներու թիւը կը հասնէր մէկ միլիոնի: Փրոֆ. Մինասեան նշեց, որ խորհրդային պատմութեան մէջ առաջին անգամն էր, որ նման զանգուածային բողոքի ելոյթներ կը կազմակերպուէին: Մինասեան անդրադարձաւ ազրպէյճանական հակազդեցութեան, երբ «մինչեւ ակռաները զինուած» ազրպէյճանցիներ, սուիններով յարձակեցան նախապէս ցանկագրուած հայկական տուներու վրայ: Օրինակ՝ 26 փետրուար 1988-ին 200 հայեր խոշտանգուեցան Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ, 18 հազար հայեր հեռացան՝ լքելով իրենց տուներն ու գոյքերը: Ազրպէյճանէն բռնագաղթող հայերուն արտօնուած չէր հաստատուիլ կամ ապաստանիլ Արցախի մէջ: Խոշտանգուած, բռնագաղթուած հայեր ստիպուած մեկնեցան Հայաստան կամ Մոսկուա՝ ապաստան փնտռելով:

Դոկտ. Մինասեան մանրամասն թուեց Արցախի ու յատկապէս Ազրպէյճանի զանազան քաղաքներուն մէջ ազրպէյճանցիներու գործած վայրագութիւնները, որոնց իբրեւ հետեւանք Ազրպէյճանի մէջ (նախապէս) կէս միլիոն հաշուող հայութենէն շուրջ չորս հարիւր հազարը բռնագաղթուեցաւ՝ կորսնցնելով տուներն ու ինչքերը: Մինչդեռ Հայաստան գտնուող 150 հազար ազրպէյճանցիները ապահով միջոցներով հեռացան Հայաստանէն՝ «թանկ գիներով» ծախելէ ետք իրենց ինչքերն ու տուները: Արցախի պարագային սակայն, հակառակ ազրպէյճանցիներու վայրագ հակազդեցութեան ու Նախիջեւանի ճամբով Թուրքիայէն ստացած իրենց զինամթերքին, ազրպէյճանցիք չկրցան խախտել հայոց ազատատենչ կամքը: Իր զեկուցումին վերջին բաժինով փրոֆ. Մինասեան անդրադարձաւ նաեւ սփիւռքահայութեան, յատկապէս՝ լիբանանահայութեան մարդուժի եւ այլ մարզերու ներդրումին՝ նշելով արցախեան ազատագրական պայքարին լիբանանահայ նահատակները, ինչպէս՝ Մհեր Ջուլհաճեան, Վիգէն Զաքարեան եւ ուրիշներ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել