Հայ Դատի Խորհրդաժողովը Քննեց Հայ Դատի Հետապնդման Նոր Միջոցներ

grassroots8ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ուրբաթ, Նոյեմբեր 29ի յետմիջօրէին, մօտաւորապէս 500 հոգի հաւաքուած էր Հոլիվուտի «Լոզ» պանդոկին մէջ, մասնակցելու համար Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհրդաժողովին, որուն ներկայ էին նաեւ Ամերիկայի, Քանատայի եւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները:

Արձանագրութիւնները սկսան կ.ե. ժամը 4ին ու մասնակիցներուն տրուեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան տեղեկագիրը, եռօրեայ նախաձեռնութեան յայտագիրին մանրամասնութիւնները, մելան մը եւ շրջանին մասին տեղեկութիւններ պարունակող կարմիր պայուսակներ: 7 քննարկումներու կողքին, մասնակիցները վայելեցին Շաբաթօրեայ նախաճաշը եւ Կիրակի օրուան ճաշը, ինչպէս նաեւ Ուրբաթ եւ Շաբաթ երեկոներու հիւրասիրութիւնը:

Քննարկումներուն առաջինը նուիրուած էր «Շարժապատկեր եւ արուեստներ» նիւթին, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան «Քեփիթըլ Սիթիզ»ի գլխաւոր երգիչ Սեպուհ Սիմոնեան, «Էմի» մրցանակին տիրացած բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեան, «Ճինի» եւ «Ճեմինի» մրցանակներուն արժանացած դերասանուհի Արսինէ Խանճեան, աշխարհահռչակ կատակաբան, դերասան ու հեղինակ Վահէ Պէրպէրեան, «Էփիք Տինայտ» ֆիլմի բեմադրիչներ Էտվին Աւանէս ու Սերժ Մինասեանս եւ «Թրի Էփըլզ Ֆել Ֆրամ Հեվըն» վէպի յայտնի հեղինակ Միշլին Ահարոնեան-Մարքըմ՝ քննելով շարժապատկերի, երաժշտութեան, գրականութեան եւ արուեստի այլ բնագաւառներու միջոցաւ Հայ Դատին ի նպաստ աշխատանք կատարելու կարելիութիւնները՝ օրինակներ բերելով իրենց փորձառութիւններէն:grassroots1 (1)Վահէ Պէրպէրեան շեշտեց մշակոյթի եւ լեզուի պահպանութեան կարեւորութիւնը՝ հանդիսատեսներու հետ կապ հաստատելով, եւ մնացեալները համաձայն գտնուեցան, որ արուեստներու եւ հաճելի ժամանցներու միջոցաւ կարելի է հանդիսականները գրաւել ու զանոնք գործի մղել. (Վահէի ամբողջական խօսքը կու տանք առանձին): Քննարկումէն ետք տեղի ունեցած հիւրասիրութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ ներակայացնողներուն եւ հանդիսականներուն միջեւ սկսած քննարկումը աւելի ազատ ու ընկերային միջավայրի մը մէջ շարունակելու:

Շաբաթ առաւօտեան քննարկումը նուիրուած էր «Հայրենիք եւ Սփիւռք» նիւթին, իսկ քննարկումին մասնակիցներն էին՝ դոկտ. Հայկ Օշական, որ դասախօս մըն է ու լրատուամիջոցներու բաժանմունքի վարիչն է Ուէյնի նահանգային համալսարանին մէջ, ինչպէս նաեւ «Սիվիլնեթ»ի խմբագիրներէն՝ Մարիա Թիթիզեան ու Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Լոնկ Պիչի մասնաճիւղի դասախօսներէն՝ դոկտ. Դալար Շահինեան:

Քննարկումը կեդրոնացաւ Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ ինքնութեան քաղաքականութեան եւ մշակութային արտադրութեանց վրայ՝ յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացնելով հայկական ինքնութեան պահպանման համար տար-ուելիք աշխատանքներուն վրայ: Ներկաներէն շատեր հարցումներով լուսաբանութիւններ խն-դրեցին քննարկումի մասնակիցներէն, յատկապէս այն հարցին շուրջ, թէ միայն Հայաստան հաստատուելո՞վ կարելի պիտի ըլլայ պահպանել հայկական ինքնութիւնը:

«Այս քննարկումէն ետք ներկաներուն մասնակցութիւնը խիստ ոգեւորիչ եւ հետաքրքրական էր, որովհտեւ սեղանի վրայ դրուեցաւ «Ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ» բարդ հարցումը: Քաղաքական, մշակութային ու հոգեբանական մակարդակներու վրայ տեղի ունեցած այդ քննարկումը յոյժ կարեւոր էր ու պէտք էր որ տեղի ունենար», կը յայտնէ խորհրդաժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Արա Խաչատրեան:
Յաջորդ նիստը նուիրուած էր «Արեւմտեան Հայաստան» նիւթին ու այդ տարածաշրջանին դիմագրաւած հարցերուն, յատկապէս՝ քիւրտերու եւ հայութեան միջեւ յարաբերութեանցgrassroots2տեսակէտէն: Քննարկումին մասնակցեցան Ռուքեն Շենկիւլ, դոկտ. Հենրի Թերիօ եւ դոկտ. Պիլկին Այաթա, իսկ համադրողն էր Խաչիկ Մուրատեան:

Ճաշի դադարէն ետք տեղի ունեցաւ «Անդրազգային արդարութիւն» նիւթով քննարկումը, որ կազմակերպուած էր Հայ իրաւաբանական միութեան հետ համագործակցաբար: Քննարկումին մասնակցեցան իրաւաբաններ Տէյվիտ Պալապանեան, Քէյթ Նահապետեան, Էտվին Մինասեան եւ Կարօ Ղազարեան, իսկ քննարկումին նպատակն էր Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն վնասուց հատուցում ապահովելու իրաւական միջոցներու բացայայտումը: Քննարկումին բացումը տպաւորիչ ներկայացումով մը կատարեց Հայ իրաւաբանական միութեան հոգաբարձական կազմի ատենապետ Կարօ Ղազարեան, իսկ քննարկումին աւարտին մասնակիցները պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:

«Հայ Դատը հետապնդելու եւ արդարութեան հասնելու լաւագոյն միջոցներէն մէկը տեղական եւ օտար դատարաններու օգտագործումն է: Այս քննարկումին նպատակն էր լուսարձակի տակ առնել իրաւական նորագոյն ընտրանքներու օգտագործման կարելիութիւնները: Երախտապարտ ենք քննարկումի մասնակիցներուն եւ Հայ իրաւաբանական միութեան, մտածելու մղող այս ներկայացման համար», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան:

«Անդրազգային արդարութիւն» քննարկումէն ետք, բեմը յանձնուեցաւ հայ քուէարկողներ արձանագրելու նպատակով մէջտեղ եկած «ՀայՎոց» խմբակի գործունէութեան նիւթին:

Յայտնենք, թէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախորդ խորհրդաժողովէն ի վեր, այս խմբակի գործունէութեան շնորհիւ կարելի եղած է աւելի քան 5000 քուէարկողներու արձանագրութիւնը ապահովել:

Քննարկումին համադրողն էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան, իսկ քննարկումին մասնակցեցան Լոս Անճելըսիgrassroots6քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճեք Հաճինեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Քրիսթին Ճէրեան, Կլենտէյլի քաղաքի քարտուղար Արտի Քասախեան, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլի գանձապահ Ռաֆֆի Մանուկեան ու նոյն քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեան:

Յաջորդ քննարկումը նուիրուած էր համացանցային ընկերային ցանցերուն միջոցաւ Հայ Դատին ի նպաստ աշխատանք տանելու կարելիութեանց: «Izartonk» մկր-տուած քննարկումը, որ համադրուեցաւ խորհրդաժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն Արիս Յովասափեանի կողմէ, նուիրուած էր այդ մարզին մէջ կարեւոր աշխատանք տարած Ալէն Եքիքեանի ու Սօսէ Թովմասեան-Եքիքեանի յիշատակին: Քննարկումին մասնակցեցան Փօլ Չատրճեան ու Վաչէ Թովմասեան, իսկ ներկայացման ընթացքին ցուցադրուեցաւ 2011ի խորհրդաժողովին ընթացքին Ալէն Եքիքեանի ներկայացումէն բաժին մը:grassroots7Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը, իսկ Կիրակի կէսօրուան հաւաքին տեղի ունեցաւ աշխարհի տարածքին գործոց Հայ Դատի յանձնախումբերու հետաքրքրական քննարկում մը՝ շնորհիւ հաղորդակցութեան արդիական միջոցներու օգտագործման:

Քննարկումին՝ համացանցի միջոցաւ մասնակիցներն էին՝ Միջազգային Հայ Դատի վարիչ Կիրօ Մանոյեան (Հայաստան), դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան (Հարաւային Ամերիկա), Վերա Եագուպեան (Միջին Արեւելք), Շահէն Միրաքեան (Քանատա), Գասպար Կարապետեան (Եւրոպա) եւ Վաչէ Քահրամանեան (Աւստրալիա), իսկ խորհրդաժողովի սրահէն սոյն քննարկումին մասնակցեցան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեանն ու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան: Իւրայատուկ այս քննարկումին համադրողն էր խորհրդաժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ ու «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեանը:

«Ասպարէզ»ի համացանցի կայքէն ուղղակի սփռուած սոյն քննարկումին մասնակցեցան նաեւ խորհրդաժողովին մասնակցիլ չկրցած հայորդիներ:
Հայ Դատի պայքարով յագեցած այդ շաբաթավերջի աւարտին, մասնակիցները խոստացան դարձեալ հանդիպիլ երկու տարիէն, այսինքն՝ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն ետք:

11/12/2013
asbarez.com

Տպել Տպել