«Ազդակ»ի Խմբագրական. Տեղեկատուական Զգօնութեան Արտակարգ Իրավիճակ (Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով)

army-420x279Հայոց բանակի օրը այս տարի տարբեր առումներով լուսարձակներ կը հրաւիրէ իր վրայ: Անշուշտ մեր բանակի կազմաւորման հոլովոյթը, կատարած սխրագործութիւնները, անհաւասար մարտերու մէջ ձեռք ձգած առաւելութիւնները, ազատագրումները, սահմաններու պաշտպանութիւնը, անոր շարքերուն մէջ պատահած ցաւալի դէպքերն ու Հայաստանի թէ Լեռնային Ղարաբաղի փաստացի սահմաններու պաշտպանութեան անգնահատելի դերակատարութիւնը նման տօնական պահերու վեր կ՛առնուին եւ կ՛արժանանան հանգամանաւոր թէ ընդհանրապէս հասարակական արձագանգումներու:

Բանակին վերաբերող քննարկումներուն պարագային պէտք է բացառել սահմանահատումները: Այնպէս ինչպէս բացարձակօրէն արգիլուած է սահմանէն ասդին որեւէ ոտնձգութիւն կատարելը, այնպէս նաեւ քննարկումները, պիտի ճշդեն բանակի վարկին, հեղինակութեան եւ ընդհանրապէս պաշտպանական համակարգին սահմանները: Այս սկզբունքի կիրարկումը կը թուի, թէ դժուար է այսօրուան տեղեկատուական բաց համակարգով կլանուած հասարակութիւններուն համար: Վիճակագրութիւնները ցոյց կու տային, որ տարածաշրջանին մէջ համացանցի օգտագործման եւ առհասարակ ընկերային ցանցերու վրայ արձանագրուած օգտատէրերու թիւին առումով Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը գրաւէ աղիւսակի առաջին հորիզոնականը:

Տեղեկացուած հասարակութեան, քննական մտածողութեան եւ առհասարակ աշխուժ քննարկումներ ծաւալելու առումով եթէ այս երեւոյթը դրական պատկերներ կը փոխանցէ, միւս կողմէ կարծիքի ազատութեան շահագործումի նկատելի երեւոյթներ կը պարզէ: Իսկ այստեղ նուրբ է եզրագիծը, որ իւրաքանչիւր հայ քաղաքացի կամ անհատ պարտի նկատի ունենալ, երբ հայոց բանակին հետ կապուած որեւէ երեւոյթի մասին կ՛ուզէ գրառում կատարել, «տեղեկութիւն» փոխանցել:

Չմոռնանք, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները կիսապատերազմական վիճակի մէջ են. խաղաղութեան համաձայնագիրը չէ կնքուած տակաւին: Աւելի՛ն. հրադադարը կը խախտուի ամէն օր, յաճախակի դարձած են թշնամիին կողմէ հետախուզական-յարձակողական (տիվերսիոն) գործողութիւնները: Մեր հայրենական տարածքները կը շարունակուին շրջափակուած մնալ թշնամի պետութիւններուն կողմէ:

Նման համապատկերի մէջ բանակի հետ կապուած քննարկումներուն գերթափանցիկութիւն պահանջելը, չստուգուած տեղեկութիւններ շրջանառութեան մէջ դնելը, բերանացի իմացածը գրաւոր ձեւով զանգուածայնացնելը մեղմ ըսելաձեւով չի նպաստեր հայկական կողմին: Նման երեւոյթներու առատօրէն յայտնուիլը ստիպեց պաշտպանութեան համակարգի ներկայացուցիչներուն դիմել հասարակութեան եւ յատկապէս ընկերային ցանցերու օգտատէրերուն, որ նման գրառումներով չնպաստեն թշնամիի տեղեկատուական քաղաքականութեան:

Տեղեկատուական պատերազմը ուղեկցուած է հոգեբանականով: Կը թիրախաւորուի հանրութիւնը, որմէ կարելի չէ տարանջատել զինուորը: Բարոյահոգեբանական մակարդակի անկումը հակառակորդին կողմէ ճշդուած թիրախ է, նպատակ է: Իսկ պարզ է, որ բարոյահոգեբանականը անմիջականօրէն կապուած է մարտունակութեան հետ, որուն մէջ միջազգային գնահատականներով մեծ առաւելութիւն ունի հայկական կողմը:

Ազրպէյճանական կողմէն Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ թէ դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ շրջաններ բացուած կրակահերթերու երեւոյթներուն դիմաց համացանցային հայ հանրութիւնը իր տեղեկութիւնները պարտի բացառապէս քաղել պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն: Իմանալու համար միջադէպերուն բնոյթը, թշնամիին յարձակողապաշտութեան դիմաց հայկական կողմին անտեղիտալիութիւնը, տրուած համարժէք պատասխանն ու արկածախնդրութիւնները պատժելու օրինակները, զոհերուն եւ տուժածներուն մասին հաստատուած տուեալները:

Գերզգօն, արտակարգ սթափ վիճակ է յայտնապէս սահմաններուն վրայ, խրամատներուն մէջ: Այդ իրավիճակին գիտակից, նոյնքան զգօնութիւն հարկաւոր է կիսապատերազմական կացութեան մասին գրելու, արտայայտուելու եւ ընդհանրապէս որեւէ գրառում կատարելու պահուն:

aztagdaily.com

Տպել Տպել