«Կառավարութիւնը Կազմելու Ջանքերը Դրական Տեղքայլի Մէջ Են, Իսկ Սալամ Պէտք Է Իւրաքանչիւր Կողմի Նախարարութիւնները Ճշդէ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀակոբԲՀայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ պատասխանելով «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հեռաձայնային հաղորդակցութեան, կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, որոնց մէջ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր լաւատեսութիւն կը տիրէ:

Ան շեշտեց նաեւ, որ ներկայիս կառավարութիւնը կազմելու ջանքերը դրական տեղքայլի մէջ են:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ կառավարութիւն մը կազմելու ճիգերը տակաւին առկայ են, սակայն ցարդ կարելի չէ դրական աւարտի մը յանգիլ:

«Կառավարութիւնը կազմելու համար բարիք գործողներ կան, սակայն աւելի կարեւոր է, որ նշանակեալ նախարար Թամմամ Սալամ իւրաքանչիւր քաղաքական կողմի` Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն յատկացուած նախարարութիւնները ճշդելու նախաձեռնէ, որպէսզի քաղաքական ուժերը իրենց կարգին անցնին տուեալ նախարարութիւնները ստանձնելիք ատակ նախարարներու անունները ճշդելու աշխատանքին», ըսաւ ան:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը փափաքի, որ Լիբանանի մէջ կազմուի համախմբող կառավարութիւն մը եւ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ իր իրաւունքը ստանայ` ըստ խորհրդարանին մէջ անոր ներկայացուցչութեան:

Ան շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն տակաւին կառավարական ոչ մէկ կազմի մասին տեղեկացած է Սալամէն:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ հարցը պարզապէս նախարարութիւններու հարց չէ, այլ` Լիբանանի կացութիւնը ուղղակիօրէն կ՛առնչուի շրջանային իրադարձութիւններուն եւ յատկապէս Սուրիոյ տագնապին հետ: «Սակայն Լիբանանի մէջ կառավարութիւն մը ունենալու ճակատագիրը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումին կամ իշխանութեան շարունակութեան հետ կապելը չափազանցութիւն է», նշեց ան:

Յ. Բագրատունի հաւանական նկատեց հանրապետութեան նախագահութեան պարագային ստեղծուելիք անիշխանութիւնը` աւելցնելով, որ այդ պատճառով իրենք կը շեշտեն անյապաղ կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը:

«Կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը ստեղծելը անիրապաշտ քայլ է, որովհետեւ կառավարութեան կազմութիւնը պէտք է ըլլայ լուծում եւ ոչ թէ նոր հարց մը ստեղծէ երկրին մէջ», եզրափակեց երեսփոխան Բագրատունի:

aztagdaily.com

Տպել Տպել