Քալիֆորնիահայ Համալսարանականներ Ցեղասպանութեան Ուրացման Դէմ Համակարգուած Ցոյցեր Կը Կատարեն

ուսանողԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Նախաձեռնութեամբ Համահայկական ուսանողական միութեան՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի զանազան մասնաճիւղերու, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի, ինչպէս նաեւ կարգ մը սեփական համալսարաններու Հայ ուսանողական միութիւնները Հինգշաբթի, Յունուար 30ին կրցան Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու ջանքերը դատապարտող իրենց համակարգուած ցոյցերուն վրայ յատկանշական ուշադրութիւն գրաւել համալսարաններէն ներս ու համացանցի ընկերային ցանցերուն վրայ, որոնց մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը, Հինգշաբթի յետմիջօրէին, դարձած էր քննարկուած գլխաւոր հարցերէն մէկը:

Հայ ուսանողները, իրենց բողոքի լուռ ցոյցերով դատապարտեցին Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը եւ կոչ ըրին միջազգային համայնքին, որ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին վերջ դնէ այս ամօթալի ուրացման:

Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի Հայ ուսանողական միութեան ատենապետուհի Ալին Սարգիսեան յայտնած է, թէ համալսարանէն ներս երրորդտարին է որ ուսանողները «Ուրացման արատ» խորագիրով նման ցոյցեր կը կազմակերպեն՝ լուսարձակի տակ առնելով Հայկական Ցեղասպանութիւնը:0201uci

Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սանթա Պարպարա մասնաճիւղի Հայ ուսանողական միութեան փոխատենապետուհի Լուսինէ Դաւթեան ըսած է, թէ սովորաբար Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած հաւաքներ եւ ցոյցեր կը կատարուին Ապրիլ 24ին, սակայն այս տարի որոշուած է համակարգուած այս ցոյցերուն դիմել, Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ զայն քօղարկելու նպատակով Անգարայի ջանքերը առաւելագոյն թիւով ուսանողներու ծանօթացնելու նպատակով: Նոյն միութեան ատենապետ Նիք Օհանեան աւելցուցած է, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը յոյժ կարեւոր է:

Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի ուսանողուհի Սուզանա Պետրոսեան այս մասին գրած է համացանցային «ՆիանԹամի» կայքին վրայ՝ նշելով, թէ «Ուրացման արատ» ցոյցերուն մասնակցող համալսարաններու շարքին եղած են, վերոյիշեալներու կողքին՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սան Տիէկոյի, Պըրքլիի ու Ռիվըրսայտի մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ Փոմոնայի «Քալ Փոլի», «Օքսիտենթըլ» համալսարաններուն ու Կլենտէյլի համայնքային քոլեճի Հայ ուսանողական միութիւնները:0201CSUN-577x1024

Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Հայ ուսանողական միութեան փոխատենապետուհի Նաթալի Քալպաքեան նշած է, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը միջազգային համայնքին ուշադրութեան կեդրոնը պէտք է ըլլայ՝ աւելցնելով, թէ ցուցարարները առիթ ունեցած են խօսելու Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութեան մասին, աւելի քան 300 ուսանողներու հետ, որոնցմէ ոմանք Հայկական Ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւն իսկ չունէին:

Համալսարաններու պաշտօնաթերթերն ու համացանցային լրատուական կայքերը անդրադարձած են այս ցոյցերուն:

asbarez.com

31/01/2014

Տպել Տպել