«Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Նախօրեակին Կը Մնանք Պահանջատէր» Ընդգծեց Վ. Եագուպեան

Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին առիթով, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան երէկ երեկոյեան «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն, ընդհանրապէս, արաբական աշխարհին մէջ եւ յատկապէս Լիբանանի տարածքին` շեշտելով, որ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքները այսօր քաղաքական նոր հանգրուանի մէջ կը գտնուին:vera-yacoubian-LIU

Ան լուսարձակի տակ առաւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ որդեգրուած բանաձեւը, ինչպէս նաեւ յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առնչութեամբ դրական մթնոլորտ կայ Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ:

«Այնքան ատեն որ յիշողութիւնը վառ է եւ այնքան ատեն որ Հայ դատը կը մնայ անլոյծ, անոր հետապնդման աշխատանքը եւ Հայ դատի պայքարը պիտի փոխանցուին սերունդէ սերունդ, մինչեւ որ հասնինք մեր նպատակին: Հետեւաբար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին կը մնանք պահանջատէր», եզրափակեց Վ. Եագուպեան:

«Էլ. Այ. Եու.» Համալսարանին Մէջ

Վերա Եագուպեան երէկ կէսօրին «Էլ. Այ. Եու.» համալսարանի (Լեպանիզ Ինթըրնեշընըլ Եունիվըրսիթի) Ժտէյտէի մասնաճիւղին մէջ դասախօսեց Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին եւ Հայ դատի աշխատանքներուն մասին:

Ներկայ էր նաեւ համալսարանի տնօրէն դոկտ. Կապի Խուրի:

Դասախօսութեան ընթացքին Վ. Եագուպեան պատմական ակնարկով մը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան զանազան հանգրուաններուն, հայութեան կողմէ Թուրքիոյ ներկայացուած պահանջներուն` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին, ինչպէս նաեւ նիւթական ու բարոյական հատուցումին առումով:

Ան յատուկ կերպով շեշտեց Ցեղասպանութենէն ետք ընդհանրապէս արաբ ժողովուրդին եւ յատկապէս լիբանանցիներուն ցուցաբերած վերաբերմունքը` հայութեան նկատմամբ:

«Լիբանանի սահմանադրութիւնը եւ քաղաքական կառուցուածքը օժանդակեցին, որ հայութիւնը բարգաւաճի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային մարզերուն մէջ եւ նպաստէ Լիբանանի վերելքին: Այդ պատճառով լիբանանահայը դարձաւ երկրին ընկերային հիւսուածքին անքակտելի մասնիկներէն մէկը», եզրափակեց Վ. Եագուպեան:

aztagdaily.com
24/04/2014

Տպել Տպել