Հաղորդագրութիւն

Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին առիթով, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան գլխաւոր հիւրը դարձաւ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի «Մինալ Արտ» յայտագիրին:
vera_almayadeen-2014c
Վ. Եագուպեան լուսարձակի տակ առաւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեբ Թայիբ Էրտողանի ցաւակցագիրը, շեշտելով, որ անիկա շարունակութիւնն է Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան եւ հայ ժողովուրդին դէմ անոր թշնամանքին:logo555

Հայոց ցեղասպանութեան տարբեր հանգրուաններուն մասին պատմական հակիրճ ակնարկէ ետք, ան յայտնեց, թէ հակառակ Թուրքիոյ կամքին` հայութիւնը Արաբական աշխարհին մէջ գտաւ իր ապաստանը եւ վայելեց առաւելութիւններ, դառնալով արաբ ժողովուրդին համահաւասար առաջին կարգի քաղաքացիներ:

Քեսապի մէջ արձանագրուած վերջին իրադարձութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով, Վ. Եագուպեան ըսաւ, որ անիկա շարունակութիւնն է Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութեան, որովհետեւ եթէ Թուրքիա սահմանը չբանար զինեալները ներս պիտի չխուժէին:

Արաբական երկիրներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին ակնարկելով, Վ. Եագուպեան ընդգծեց, որ հայութիւնը արաբական երկիրներէն բնաւ չէ պահանջած ցեղասպանութեան ճանաչումը, թէեւ այսօր արաբական կարգ մը երկիրներու, ինչպէս Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ հետ անոնց յարաբերութիւններուն վատթարացումին պատճառով ցեղասպանութեան ճանաչման գծով դրական խմորումներ ի յայտ կու գան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ պահանջատիրութիւնը ժամանակի ընթացքին չէ սկսած խամրիլ, Վ. Եագուպեան հաստատեց. «Այս շունչը մեզի սերունդէ սերունդ փոխանցուած է եւ այսօր հայութիւնը աւելի քան երբեք վճռակամ է իր պայքարին մէջ»:

Բռնագրաւուած հայկական հողերը հայութեան վերադարձուելէ ետք` հայութեան տունդարձին մասին Վ. Եագուպեան ըսաւ. «Այս հարցը անհատական ընտրանք է: Անիկա պէտք է ըլլայ հաանգրուանային ձեւով, եւ երբ հայութիւնը զգայ, որ Թուրքիա կրնայ երաշխաւորել այդ հողերուն վրայ իր ապահով եւ անվտանգ կեցութիւնը»՚:

«Մայատին» -ի կողքին, Վ. Եագուպեան պատկերասփռուած ելոյթներ ունեցաւ «Էմ. Թի. Վի.»,
«Ժատիտ» եւ «ՙՕ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայաններէն, ՙ«էմ. Պի. Էս.» ձայնասփիւռի կայանէն, ինչպէս նաեւ հարցազրոյց մը ունեցաւ «ՙՔալիմա օնլայն՚» կայքէջին հետ:

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Պէյրութ, 28 Ապրիլ 2014

Տպել Տպել