27 Յունիս, 1993. Մարտակերտը ազատագրուեցաւ. Արցախեան պայքարը թեւակոխեց իր վերջնական յաղթանակի փուլը

Vardenis_Martakert_Highway-1024x853Յունիս 27ի այս օրը հայ ժողովուրդը կը նշէ Մարտակերտի ազատագրութեան, որ ուղին հարթեց Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարի վերջին փուլի յաղթական աւարտին։

Եթէ Մայիս 1992ի Շուշիի ազատագրման յաղթանակով Արցախեան պայքարը սկիզբը դրաւ Հայաստանի հետ Լաչինի անցքով վերամիացման իր յաղթարշաւին, ապա 1993ի Յունիս 26-28ին, Մարտակերտի ազատագրութեամբ, անցաւ ամբողջ Արցախը ատրպէյճանական բռնագրաւումէն ազատագրելու ռազմական ընդհանուր յարձակողականի։Sarsang_reservoir_P1090881

Յունիս 2էն սկսեալ, Արցախի ինքնապաշտպանութեան բանակն ու ազատամարտիկ ջոկատները բոլոր ճակատներուն վրայ ձեռնարկեցին յարձակողական գործողութեանց, որպէսզի ատրպէյճանական զօրքերու ամէնօրեայ սպառնալիքէն եւ հակահայ ոճիրներէն ձերբազատեն հայրենի մեր հողն ու ժողովուրդը։

Յունիս 27ին հայկական ուժերը վերջապէս ջախջախեցին Մարտակերտի բարձունքներուն ամրակայուած ատրպէյճանական զօրքի դիրքերը, մարդկային եւ նիւթական ծանր կորուստներու ենթարկելով եւ անփառունակ փախուստի մատնելով թշնամին։

Հանրագիտական տեղեկանքով՝ Մարտակերտը քաղաք է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիւսիս-արեւելեան մասին մէջ։ Մարտակերտի Շրջանի վարչական կեդրոնն է՝ Ստեփանակերտէն 75 քիլոմեթր դէպի հիւսիս, Թարթառ գետի միջին հոսանքին աջ կողմը, 450 մեթր բարձրութեան վրայ։ Մարտակերտի կազմին մէջ ներառնուած են Հայկաջուր, Ջրաբերդ, Մարալեան Սարով եւ Լեւոնարխ գիւղերը։ Վարչական տարածքը՝ 4600 հեկտար է։ Իսկ անուանումը Մատուռակերտի հնչիւնափոխութենէն առաջացած է։15-8-1-1427

Մինչեւ 1992 (բռնագաղթը), Մարտակերտը մեծութեամբ Լ.Ղ.Ի.Մ.ի երրորդ քաղաքն էր (Ստեփանակերտէն եւ Շուշիէն յետոյ), ունէր շուրջ 13 հազար բնակիչ (2002ին՝ 4469)։ 1988ին Մարտակերտն ունէր միջնակարգ (2), գիշերօթիկ (1), երաժշտական եօթնամեայ (1) եւ մարզական (1) դպրոցներ, մարզահրապարակ, մանկապարտէզ (5), հիւանդանոց, մշակոյթի տուն, շարժանկարի սրահ, կապի բաժանմունք, շինանիւթերու գործարան, իւղի-պանիրի, խաղողի նախնական վերամշակման գործարաններ եւ այլն։

1987ին Մարտակերտի տնտեսութիւնը տարեկան կարտադրէր շուրջ 20-25 հազար թոն խաղող, 1800 թոն կաթ, 2000 թոն հացահատիկ։

Արցախեան Շարժման սկզբնաւորութեան, 1988ին, Մարտակերտի հիմնարկ-ձեռնարկութիւններու աշխատողները իրենց կարգին կազմակերպեցին բողոքի ցոյցեր, Հայաստանին վերամիանալու պահանջով ստորագրահաւաք եւ ատրպէյճանական լուծէն ազատագրուելու այլ քայլեր։ Բախելով ատրպէյճանական-խորհրդային իշխանութեանց բիրտ հալածանքին եւ ճնշումներուն, Մարտակերտի Շրջանը պաշտպանելու համար, ստեղծուեցան աշխարհազօրայիններու հրամանատարութիւն եւ ինքնապաշտպանական երեք զինեալ ջոկատներ։

1988էն 1992, Մարտակերտի եւ Հայաստանէն եկած ֆետայական ջոկատները, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումով միաւորուեցան, ինքնապաշտպանական ուժեղ մարտեր մղեցին ատրպէյճանական թշնամիի գերակշիռ ուժերուն դէմ։ 1992ի Յուլիս 4ին, Խ.Մ.Հ.Մ. 4րդ բանակի աջակցութեամբ, թշնամին ձեռնարկեց լայնածաւալ գործողութեանց եւ կրցաւ գրաւել նաեւ Մարտակերտը։

Շուրջ տարի մը Մարտակերտը մնաց թշնամիի ձեռքը, մինչեւ որ 1993ի Յունիս 12ին, Լ.Ղ.Հ. Պաշտպանութեան Բանակի նախաձեռնութեամբ, ի գործ դրուեցաւ Մարտակերտի եւ ամբողջ շրջանի բնակավայրերու ազատագրման մեծածաւալ ռազմական յարձակողականը, որ յաղթանակով պսակուեցաւ Յունիսի 26ին, երբ ատրպէյճանական զօրքը պարտութիւն կրեց եւ սկսաւ նահանջել. Յունիս 27ին հայկական ուժերը մտան Մարտակերտ եւ Յունիս 28ին ամբողջապէս ազատագրեցին ռազմագիտական կարեւորագոյն դիրք ունեցող քաղաքը։

Այսպէս, Քարվաճառի ազատագրման ռազմական յաջող գործողութենէն ետք, երբ ջախջախուեցաւ ատրպէյճանական զինուժի Լաչին-քելբաջարեան խմբաւորումը, Արցախեան Բանակի հրամանատարութիւնը ձեռնամուխ եղաւ Մարտակերտի ազատագրման ռազմական գործողութեան մշակումին եւ նախապատրաստումին։ Կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին իրագործուեցաւ ուժերու եւ միջոցներու վերադասաւորումը։ Թշնամիին ուշադրությունը շեղելու նպատակով ծրագրուեցաւ մի քանի ուղղութւններով յարձակողական զործողութիւններ ձեռնարկել միաժամանակ։ Մարտակերտ քաղաքի մօտ կեդրոնացուեցան Մարտակերտի, Ասկերանի, Մարտունիի, Շուշիի ջոկատներէն ընտրուած հարուածային քանի մը ստորաբաժանումներ։

Մարտակերտի հարաւ-արեւելեան ճակատին վրայ գործող Արցախեան ուժերը, հակառակորդին զգալի կորուստներ պատճառելով, Խրամորթ եւ Փափրավենդ գիւղերու միջոցաւ գրոհեցին Աղդամ-Մարտակերտ ճամբու ուղղութեամբ։ Հայկական ճնշումը դիմագրաւելու համար, Ատրպէյճան ռազմական օդանաւի գործածութեան դիմեց, բայց հայկական ուժերը կրցան մէկ օդանաւ վար առնել եւ բուռն կռիւներէ ետք ազատագրել Մարտակերտի հեռուստա-աշտարակին եւ «Պուշկենեալ» բարձունքները։ Դիրքային առաւելութեան տիրանալով՝ Արցախեան ուժերը կրցան թշնամիին դուրս շպրտել Մարտակերտ քաղաքէն եւ յառաջանալ Խրամորթ-Բոյահմեդլի-Փափրավենդ-Մարտակերտ-Մադաղիս լայն ռազմաճակատով։

Թէեւ աւելի քան 120 զոհ տուաւ հայկական կողմը, բայց ի վերջոյ յաջողեցաւ ջախջախել թշնամիին գերակշիռ ուժն ու ռազմական դիրքերը եւ ճամբան բանալ դէպի ամբողջ Արցախի ազատագրումը ատպէյճանական բանակի ամէնօրեայ սպառնալիքէն։

azator.gr

Տպել Տպել