Այնճարի Մէջ. Հանդիպում-Զրոյց` «Հայաստանի Ներքին Եւ Արտաքին Քաղաքական Հիմնախնդիրները» Նիւթով

artushԵրէկ` հինգշաբթի, 26 յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական-դաստիարակչական յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքական հիմնախնդիրներու մասին հանդիպում-զրոյց մը:

Նիւթը ներկայացուց ՀՅԴ մամլոյ դիւանի պատասխանատու, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Արտաշէս Շահպազեան:

Ան ներկաներուն փոխանցեց Հայաստանի եւ Ղարաբաղի ներքին եւ արտաքին քաղաքական իրավիճակը` կեդրոնանալով Հայաստան- Ռուսիա փոխադարձ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղ-Ազրպէյճան սահմանային ապահովական հարցերուն վրայ:

Շահպազեան ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան վարած քաղաքականութիւնը եւ երկրին մէջ գործող քաղաքական կուսակցութիւններուն մօտեցումները Հայաստանի ժողովուրդին դիմագրաւած քաղաքական եւ տնտեսական տագնապներուն վերաբերեալ: Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի Եւրասիական միութեան անդամակցելու որոշումին եւ անոր ունենալիք հետեւանքներուն:

Զրոյցի աւարտին ներկաները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու զեկուցաբերին եւ արծարծելու սփիւռքահայութեան մօտեցումները Հայաստանի քաղաքական ներկայ իրավիճակին մասին:

aztagdaily.com

Տպել Տպել