Ցեղասպանութեան 100ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ՝ Լոս Անճելըսի Քոլեճներուն Մէջ

ասպԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Չորեքշաբթի, Օգոստոս 20ին, Լոս Անճելըսի համայնքային քոլեճներու հոգաբարձութիւնը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է բանաձեւ մը, որ 2015ի Ապրիլ ամիսը կը հռչակէ «Լոս Անճելըսի համայնքային քոլեճներու Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման ամիս»։

Բանաձեւին մէջ նաեւ կը շեշտուի Ցեղասպանութեան դասաւանդման կարեւորութիւնը եւ կոչ կ՛ըլլայ Միացեալ Նահանգներու նախագահին, որ հայ-թրքական յարաբերութեանց բարեկարգումը ապահովէ արդար քայլերով, Ցեղասպանութեան ճանաչումով եւ երաշխաւորելով հայ զոհերու վնասուց հատուցումը։

Բանաձեւին շնորհիւ, Լոս Անճելըսի համայնքային 9 քոլեճներուն մէջ, 2015ի Ապրիլ ամսուան ընթացքին, Ցեղասպանութեան 100ամ-եակի ոգեկոչման ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան։ Բանաձեւին ի նպաստ ելոյթներ ունեցած են Լոս Անճելըսի համայնքային համալսարաններու հոգաբարձութեան ատենապետ Սքաթ Սվոնքին, փոխատենապետ Սթիւ Վերես, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլըն Ասատրեան, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Պեքի Պէրպէրեան, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Դալար Գոսագեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Շնորհակալ ենք Ամերիկա» արշաւի համաատենապետ Վանա Կիտցինեան եւ Քալիֆորնիոյ համայնքային քոլեճներու հոգաբարձութեան նախկին ատենապետ ու ներկայիս անոր անդամ Ալիս Պետրոսեան։

Նշենք, որ Լոս Անճելըսի համայնքային քոլեճներու ցանցը իր տեսակին մէջ մեծագոյնն է Միացեալ Նահանգներու մէջ։

Բանաձեւի համահովանաւորողները եղած են հոգաբարձութեան փոխատենապետ Սթիւ Վերես եւ հոգաբարձութեան անդամ Միկել Սանթիակօ։

asbarez.com
21/08/2014

Տպել Տպել