«Ազդակ»ի Խմբագրական. Աթէնքը Նախանշեց 100-Ամեակի Իրաւաքաղաքական Բաժինը

հւնաստանՀայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի փուլը սկսած է արդէն ընթացիկ տարուան հասկացողութեամբ: Բնական է, որ մինչեւ յառաջիկայ տարուան վերջը ժամանակացոյցերը գերյագեցած պիտի ըլլան ոգեկոչական, հրատարակչական, ցուցական, քարոզչաքաղաքական աշխատանքներով: Այն ինչ որ նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ Յունաստանի խորհրդարանի ժողովասրահին մէջ, աշխատանքներուն ապահովեց իրաւաքաղաքական նշանակութիւն:

Ճիշդ է, որ ժխտողականութեան քրէականացման ճիգերուն սկիզբի ազդանշանը տրուած էր նախ Զուիցերիոյ, Սլովաքիոյ եւ ապա Ֆրանսայի մէջ, այսուհանդերձ առաջինի պարագային ժխտում-քրէականացում բողոք եւ վերադիմում ընթացակարգը հարցին քննարկումը տեղադրեց պարանաձգութեան պարունակի մէջ, մինչ Փարիզի պարագային ծերակոյտէն խորհրդարան եւ խորհրդարանէն ծերակոյտ ու սահմանադրական դատարան ոլորապտոյտը առկախեց քրէականացման ընթացակարգը: Եւ այս առումով Յունաստանի խորհրդարանի ամսուն 9-ի քուէարկութիւնը առկախումներու կամ ոլորապտոյտներու տեղ չի ձգեր:

Որոշումը կամ ժխտումի դատապարտումը անշուշտ միայն Հայոց ցեղասպանութեան չի վերաբերիր: Մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրները ժխտելու քաղաքական մղումով վաւերացուած օրինականացումներ են ասոնք, որոնց շարքին Հայոց ցեղասպանութիւնը: Եւ այստեղ է, որ ի տարբերութիւն Ֆրանսայի երկակի չափանիշերուն, բացառումն է, որ կ՛երեւի: Ընկալելի չէ, որ Ֆրանսայի տարածքին քրէականացուի հրէական ողջակիզումը հերքողը, մինչ իրաւականօրէն անհետեւանք մնայ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը կասկածի տակ առնողը: Այս շրջածիրին մէջ էր, երբ Փերինչեքի բողոքարկումին ընթացք տալով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը առարկեց, որ միջազգային ընդհանուր համաձայնութիւն չկայ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առումով: Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը եւրոպական կառոյց է, իսկ Եւրոպան իր ընդհանուր խորհրդարանով համաձայնութեան եկած էր այս հարցին շուրջ` տակաւին 1987-ին:

Հիմա, այն ռազմավարութիւնը, որ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակն ու Հայ դատի յանձնախումբերը որդեգրած են` եւրոպական երկիրներու մէջ քրէականացումի տանելու ժխտողականութիւնը, կը թուի, որ փուլ առ փուլ իրագործման ընթացքի մէջ է: Եւ ճիշդ ա՛յս կէտն է փաստօրէն, որ ամէնէն շատ կ՛անհանգստացնէ Անգարան: Օրէնքի ուժ չունեցող որեւէ բանաձեւ ճիշդ է, որ քաղաքական շատ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ: Ի վերջոյ ամբողջ երկրի մը ու պետութեան մը ճանաչումն է եւ միաժամանակ դատապարտումը` Ցեղասպանութեան: Սակայն, եթէ օրէնքի ուժ չէ ստացած բանաձեւը, զայն կարելի է ժխտել օրը ցերեկով նոյն այդ ընդունած եւ դատապարտած երկրի տարածքին: Միայն այս չէ անշուշտ ժխտողականութեան քրէականացման առաւելութիւնը:

Խնդիրը հարցի հետապնդման աշխատանքներու իրաւական դաշտի տեղափոխումն է: Եւ իրաւական ըսելով պէտք է հասկնալ ոչ միայն չժխտելու իրաւունքի վերականգնումը, այլ նաեւ ընդհանրապէս Ցեղասպանութեան հետ կապուած բոլոր հետեւանքներուն իրաւական հատուցումը:

Յունաստանի որոշումը 100-ամեակի առիթով հետզհետէ ձեւաւորուող մեր աշխատանքներու իրաւաքաղաքական բնոյթի կարեւոր նախանիշ է` իբրեւ յաջող սկիզբ: Ասիկա կը յուշէ, որ եթէ ժխտողը պիտի հատուցէ, պիտի հատուցէ նաեւ ժխտուող Ցեղասպանութեան պատասխանատու այսօրուան պետութիւնը իր նախորդներուն իրականացուցածներուն բոլոր հետեւանքները վերացնելու համար: Անհատական, կալուածային, եկեղեցական թէ տարածքային:

Աթէնքը նախանշեց 100-ամեակի աշխատանքներուն իրաւաքաղաքական բաժինը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել