Հաղորդագրութիւն

Fotor0926123439Երէկ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կողմէ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ականահարումին առիթով հրապարակուեցաւ դատապարտագիր-հաղորդագրութիւն մը, որ յղուեցաւ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն:

Ստորեւ` հաղորդագրութիւնը:

Մինչ հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը եւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենար Հայաստան – սփիւռք 5-րդ համահայկական համաժողովը, որուն ընթացքին հայութիւնը անգամ մը եւս միջազգային ընտանիքէն արդարութիւն պահանջեց, ոճրային ձեռքը երկարեցաւ` Տէր Զօրի մէջ ականահարելով Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին եւ անոր կից գտնուող թանգարանը, ուր կը հանգչին Հայոց ցեղասպանութեան բազմաթիւ նահատակներու աճիւնները:

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները խստօրէն կը դատապարտեն այս ականահարումը` մեկնելով հայութեան համար Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ներկայացուցած բարոյական եւ խորհրդանշական արժէքէն, եւ կոչ կ՛ուղղեն միջազգային ընտանիքին ամէնէն արագ միջոցին շարժելու` դատապարտելու համար ոճրային այս արարքը:

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները նաեւ կոչ կ՛ուղղեն թրքական պետութեան սանձելու ոճրագործները` մեկնելով անոնց հետ իր ունեցած կապերէն, անկախ այսպիսի արարքներու մէջ իր ունեցած ուղղակի թէ անուղղակի պատասխանատուութենէն:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

aztagdaily.com

Տպել Տպել