«Ազդակ»ի Խմբագրական. Ժամանակահատուած, Ամպիոն Եւ Առիթ

serjՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին նախագահ Սարգսեանի խօսքը իրաւամբ բոլոր պատճառները ունի առանձնանալու այդ ամպիոնէն փոխանցուած նախորդ ելոյթներէն։ Իւրայատկութիւնը ունի թէ՛ բովանդակային, թէ՛ կառուցուածքային, թէ՛ շեշտադրումային եւ թէ՛ ոճաբանական հիմնաւորումներ։ Այստեղ առիթը օգտագործուած է առաւելագոյն ձեւով ամուր, կարծր դիրքերէ ուղերձներ փոխանցելու։

Խօսքը, իր իւրաքանչիւր պարբերութեամբ եւ իւրաքանչիւր բառով՝ իր ամբողջութեան մէջ երկարապատում մեկնաբանութիւններու կարիք չունի։ Պէտք է կեդրոնանալ ա՛յս ժամանակահատուածին նախագահին կողմէ կատարուած ընտրանքին վրայ` նման բովանդակութեամբ ու շեշտադրումներով միջազգային բարձրագոյն ամպիոնէն աշխարհին ներկայանալու առումով:

Անշուշտ նախ կը նկատուի, որ ներազգային առումով կատարուած յայտարարութիւններու ամբողջութիւնը ունի հաւաքող եւ համախմբող հանգամանք։ Շատ քիչ ժամանակ կը բաժնէր ՄԱԿ-ի ելոյթը սփիւռքի ներկայացուցիչներու երեւանեան համագումարի փակման խօսքէն։ Եւ եթէ ընդունինք, որ երկրորդը ներքին լսարանի հասցէագրուած խօսք էր, ապա առաջինին եւ երկրորդին միջեւ ոչ միայն միտքերու, այլ նաեւ հռետորաբանութեան որոշակի ներդաշնակութիւն գոյութիւն ունի։ Ներքին-արտաքին լսարաններու ուղերձային տրամաբանութեան հետեւողականութիւնը պահուած է։ Աւելի՛ն նոյնիսկ. ժողովրդային ասացուածքը օգտագործուած է արտաքին աշխարհին պատգամ փոխանցելու համար։ Փաստօրէն ջնջուած են ներքինին եւ արտաքինին միջեւ տարբեր առիթներով երեւցած ե՛ւ բովանդակային, ե՛ւ ոճային տարբերութիւնները։

Պարզ է, որ նման երեւոյթ հայկական աշխարհը այս հարցերուն շուրջ համախմբելու եւ արտաքին ոտնձգութիւնները կանխարգիլելու պետական ռազմավարութեան մաս կը կազմէ։ Մանաւանդ, կը շրջէ կիսացաւակցական եւ «հրամմեցէք»-ի շղարշներով հակառակորդին որդեգրած մարտավարական գործողութիւններուն կանոնները։ Թրքական խաղաղասիրական խաբկանքը Նիւ Եորքի մէջ կը բախի հայկական կարծր դիրքորոշումին։

Նախագահ Սարգսեան թէ՛ Երեւանի եւ թէ՛ Նիւ Եորքի մէջ կը կատարէր նոյն յայտարարութիւնը, որուն համաձայն, Երեւանը լրջօրէն կը քննարկէ արձանագրութիւնները խորհրդարանէն ետ կանչելու հաւանականութիւնը։ Այս յայտարարութեան հիմնաւորումը կը վերաբերի Անգարայի կիրարկած նախապայմանային քաղաքականութեան։ Համաձայնագիրներ վաւերացնելու (կամ չվաւերացնելու) ընթացակարգը ունի հանգրուանային կանգառներ։ Նախագահի կողմէ Կնքուած փաստաթուղթի սահմանադրական դատարան հղում, սահմանադրականության (չ)հաստատում (թէկուզ վերապահումներով), յղում խորհրդարան, խորհրդարանի օրակարգի ներառում, քննարկում եւ վաւերացում։ Ուրեմն, արձանագրութիւները խորհրդարանէն ետ կանչելը չի նշանակեր, որ Երեւանը իր ստորագրութիւնը յետս կը կոչէ արձանագրութիւններէն, ինչ որ միայն այդ պարագային կ’անվաւերացնէ արձանագրութիւնները։ Այստեղ եւս պարզ է, որ յաչս միջազգային ընտանիքին, Երեւան կը փորձէ ցոյց տալ, որ ինք չէ նախաձեռնողը արձանագրութիւններու մերժումին։ Երեւանը չէ՛ նախապայման դնողը, երեւանը չէ՛ շրջափակողը, Երեւանը չէ՛ արձանագրութիւնները մերժողը։ Թէեւ նման յայտարարութենէն ետք, թէկուզ ոչ իրաւականօրէն, այսուհանդերձ քաղաքականօրէն խիստ տարակուսելի կը մնայ այդ արձանագրութիւններու գործնականացման հաւանականութիւնը։

ՄԱԿ-ի միեւնոյն Ընդհանուր ժողովին Անգարայի դիրքերը կը թուէին, որ նոյն ուժգնութիւնը չունին։ Անգարան, Իսլամական պետութեան դէմ յայտարարուած դաշինքին միանալու–չմիանալու իր դիրքով որոշ մեկուսացման մէջ յայտնուած էր։ Աշխարհաքաղական նոր իրադրութեան ուրուագծման ծրագիրի իրականացման մէջ Թուրքիոյ դերին անորոշութիւնը անպատեհ առիթ չէր Անգարան ներկայացնելու նաեւ իբրեւ` կովկասեան տարածաշրջանին նկատմամբ միջազգային ծրագիրներ խոչընդոտող։

Այս իրականութեան առընթեր կար նաեւ Գահիրէ-Անգարա գերլարուած յարաբերութիւններու իրավիճակը։ Նախագահ Սարգսեան յաւելեալ առիթ ունէր իր դիրքերը կարծրացնելու եւ համապատասխան ուղերձ եւ ոճ օգտագործելու Անգարայի նկատմամբ։

Արտաքին այս պայմանները աւելի համոզիչ կը դարձնեն, երբ նկատի ունենանք նաեւ հետեւեալ փաստը։ Թուրքիոյ նորընտիր նախագահը իր առաջին ելոյթը կ’ունենար ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին։ Էրտողանի խօսքին պահուն ՄԱԿ-ի դահլիճին հազիւ կիսալեցուն պատկերը ցուցանիշ է Թուրքիոյ կիրարկած արտաքին քաղաքականութեան նկատմամբ միջազգային հանրութեան պահուածքին։

Ժամանակահատուածը, ամպիոնն ու առիթը օգտագործուած էին լիարժէք` Հայաստանի Հանրապետութեան առաջնորդին կողմէ։

aztagdaily.com

Տպել Տպել