Ակնարկ. Վերաշարադրել Էրտողանի «Ցաւակցագիրը»

Fotor0102095711Թուրքիոյ նախագահը «Մարմարա» համալսարանին մէջ անդրադարձած է պատմական իրադարձութիւններուն մասին ուսումնասիրութիւններ կատարելու կարեւորութեան, խօսած է 1915-ի դէպքերուն մասին, քննադատած է Անգարայի նախկին քաղաքականութիւնը` «չլսենք, չտեսնենք»-ի մասին, յայտարարած, որ 1915-ի դէպքերու 100-ամեակին, առանձնայատուկ կերպով պիտի զբաղին այդ հարցով: Էրտողան «դէպքեր»-ը ուսումնասիրելու նպատակով կոչ ուղղած է օգտուելու Թուրքիոյ գրադարաններէն, ուր պարզ պիտի դառնայ, թէ Ցեղասպանութիւնը իրագործողները հայերն են եւ ոչ թէ թուրքերը:

Փորձենք տարբաղադրել Էրտողանի յայտարարութեան մէջ տեղ գտած միտքերը:

Ա.- Հայոց ցեղասպանութեան մասին Թուրքիոյ նախագահը օգտագործած է «1915-ի դէպքեր» ըսելաձեւը:

Բ.- Քննադատած է իր նախորդներուն դասական ուրացումի ռազմավարութիւնը:

Գ.- Յստակ դարձուցած է, որ իր պետութիւնը առանձնայատուկ եղանակով պիտի զբաղի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի հարցերով:

Դ.- Թուրք գիտնականներուն կոչ ուղղած է ուսումնասիրելու 1915-ի դէպքերը:

Ե.- Կանխած է այդ ուսումնասիրութիւններու արդիւնքը` հայերը գործադրած են թուրքերու «ցեղասպանութիւնը»:

Հինգ կէտերն ալ հիմնական նորութիւն չեն բերեր Անգարայի ժխտողական քաղաքականութեան դրսեւորումներու ընդհանուր հոլովոյթին: «1915-ի դէպքեր» ըսելաձեւը վաղուց է, որ կ՛օգտագործուի ժխտողականութեան բառապաշարին մէջ եւ առանց ուղղակի յայտարարելու, ուրացման դասական մօտեցումը արդէն իսկ ենթարկուած էր մարտավարական հիմնական փոփոխութեան: Չխօսելու փոխարէն աւելի համարձակ մարտահրաւէր նետել ուսումնասիրողներուն եւ մինչեւ իսկ պաշտօնական առաջարկներ կատարել հայ եւ թուրք պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբ ստեղծելու` քննարկումներու անժամկէտ գործընթաց մը սկսելու եւ այդպիսով ճանաչման արշաւը խոչընդոտելու:

Վերջին կէտը եւս մինչ այժմ տարբեր մակարդակներու վրայ օգտագործուած հակազդեցութիւն էր: Սակայն եթէ պահենք իրադրութիւններու քաղաքական տրամաբանութեան հետեւողականութիւնը, կրնանք հանգիստ ընդգծել հիմնական հակասութիւններ:

Տակաւին երէկ էր, որ իր վարչապետութեան վերջին շրջանին Էրտողան կը խօսէր հասարակաց ցաւի մասին, հասարակաց զոհերուն ցաւակցութիւն կը յայտնէր եւ կը նշէր, որ իրենք կը գիտակցէին, որ ապրիլ 24-ը հայութեան համար աշխարհի տարածքին կարեւորութիւն ներկայացնող օր մըն է:

Հիմա ակունքներու վերադարձ կատարած է Թուրքիոյ նախագահը: Հայերը գործադրած են թուրքերու «ցեղասպանութիւն»: Պէտք է վերաշարադրել նշանաւոր ցաւակցագիրը եւ զայն հասցէագրել միայն թուրքերուն, որոնք զոհ գացին հայերու կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան: Այս միայն ցաւակցագիրով դրսեւորուած մարտավարութեան կը հակասէ. կայ աւելին:

Անգարան երկար ատենէ ի վեր միջազգային հանրութեան կը փորձէ ներկայանալ իբրեւ հարցի լուծման համար առաջարկ կատարող եւ հայկական կողմէն համապատասխան ընդառաջում չստացող կողմ: Խօսքը կը վերաբերի պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբի ստեղծման յանկերգին:

Թաւշեայ ժխտողականութեան մօտեցումը այն է, որ փոխանակ ըսելու, որ ցեղասպանութիւն եղած է թէ չէ եղած, հարցը իրաւական եւ քաղաքական դաշտէն տեղափոխենք պատմագիտական դաշտ եւ սկսինք անվերջանալի ուսումնասիրութիւններու, փաստարկ-հակափաստարկ ունայն շրջագիծի (վիշըս սըրքըլ) մէջ դառնալու խաղին:

Էրտողան գուցէ չէ անդրադարձած, որ այս խաղը ի՛նք կ՛աւարտէ այս ձեւով: Կանխուած է եզրակացութիւնը: Ցեղասպանութիւն եղած է, այո՛, սակայն շրջուած ձեւով, ըստ անշուշտ Թուրքիոյ նախագահին: Պետական բարձրագոյն գործիչը իր ազգակից գիտնականներուն կը պատուիրէ այդ եզրայանգումը:

Հիմա հայկական կողմը հանգիստ կրնայ շրջել միացեալ յանձնախումբի ծուղակը: Եթէ կանխաեզրակացուած է հարցը, ի՞նչը պիտի քննարկել:

Այսքանով ալ չ՛աւարտիր տակաւին Էրտողանի առաջ քշած թեզը: Անտեսանելի եօթներորդ կէտ մը կայ. Անգարան 100-ամեակի գործողութիւնները կ՛ուզէ պահել 1915-ի դէպքերու բնութագրման ոլորապտոյտին մէջ, հատուցման եւ պահանջատիրութեան դաշտէն հեռացնելու համար աշխատանքները եւ նախաձեռնութիւն-հակազդեցութիւն պարանաձգութեան խաղին ներքաշել հայկական կողմը: Որ կը թուի, թէ այլեւս չ՛ուզեր մասնակցիլ այդ խաղին: Պետական եւ հասարակական մակարդակներով մենք անցած ենք արդէն հատուցման իրաւական թղթածրարի պատրաստութեան:

«Ա.»
aztagdaily.com

Տպել Տպել