Սուրիաբնակ Հայութեան Դիմադրական Ոգիին Մասին

asparez 2Աշխարհի կէսը պատերազմ յայտարարած է Սուրիոյ դէմ: Այս կէսին մէջն է նաեւ Թուրքիան՝ տեսանելի եւ անտեսանելի բոլոր միջոցները ի գործ դնելով, երբեմն երբեմն ալ՝ կոկորդիլոսի արցունքներ թափելով:

Այս կացութեան մէջ, Սուրիան կը քանդուի, կը կողոպտուի: Միլիոնաւոր սուրիացիներ գաղթական դարձած են՝ կորսնցնելով տուն, տեղ, գործ կամ գործատեղի, գիւղ, արտ ու այգի: Ամերիկացի լրագրող Ֆրենքլին Լեմպ www.counterpunch.org կայքին վրայ յաճախ կ՛անդրադառնայ Սուրիոյ թանգարաններէն կամ հնագիտական կարեւորութիւն ներկայացնող պեղումներու վայրերէն կատարուող կողոպուտին, կամ առհասարակ մշակութային բնագաւառէն ներս Սուրիոյ դէմ մղուող իւրայատուկ «պատերազմին»:

Այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ, Սուրիոյ հայութիւնը եւս գին կը վճարէ, մարդկային, տնտեսական, կամ այլ առումներով: Արդի հաղորդակցութեան եւ ընկերային «միտիայ»ին բերումով, օրը օրին կը տեսնենք նկարները ծանր վնասներ կրած մեր դպրոցներուն, եկեղեցիներուն, հանրային-միութենական հաստատութիւններուն, նոյնիսկ Տէր Զօրի Նահատակաց յուշարձան-մատրան դէմ՝ թրքական ձեռագիրով կատարուած յարձակումին: Բայց եւ այնպէս, սուրիաբնակ հայութիւնը կը դիմադրէ: Կը դիմադրէ ոչ անպայման պողպատ զէնք ու զրահով, այլեւ՝ գոյատեւումի համար իրեն հասու ուրիշ զէնքերով:

Տուեալները ցոյց կու տան, որ պատերազմի ու քանդումի այս մթնոլորտին մէջ, Հալէպի հայութիւնը մեծ ճիգ կը թափէ գաղութի բոլոր հաստատութիւնները բաց պահելու: Ոչ միայն այդ, այլեւ մշակութային ու ազգային կեանքին համար անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններու դիմելով: Մամուլին մէջ կը կարդանք, որ Հալէպի մէջ հայութիւնը Հայաստանի անկախութեան օր կը տօնէ, մշակոյթի ամսուան ընթացքին Թարգմանչաց մեծերը կը մեծարէ, Դաշնակցութեան Օր կը նշէ, աւելի քան 100 հոգինոց մանկապատանեկան երգչախումբի ելոյթներ կը կազմակերպէ, մշակութային կարեւորութիւն ներկայացնող՝ ասեղնագործութեան գեղատիպ հատոր լոյս կ՛ընծայէ ու շնորհահանդէս կը կազմակերպէ, եւայլն: Հայկական մամուլին հետեւողները օրը օրին, լրատուութեան կարգով, տեղեակ են այս բոլոր անցուդարձերէն:

Այս բոլորը ցոյց կու տան՝
Առաջին, որ Հալէպի հայութիւնը կը դիմադրէ՝ ամուր կառչած մեր ազգային արժէքային համակարգին ու միաժամանակ տիրութիւն ընելով ատոր: Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել ռումբերու ստեղծած ահուսարսափի մթնոլորտին մէջ պարախումբ ու երգչախումբ բեմ հանել, ազգային նշանակութիւն ունեցող տօներ նշել, հայերէն գիրք հրատարակելով՝ մշակութային հարստութիւն ստեղծել: Այս բոլորը կազմակերպուածութիւն կը պահանջեն:

Երկրորդ, ցոյց կու տան մանաւանդ նաեւ, որ սուրիաբնակ հայութիւնը, պատերազմին ստեղծած մահու կենաց մթնոլորտին մէջ, տէր ունի, ղեկավարութիւն ունի: Անտէր-անտիրական չէ:
Երրորդ, որ սուրիաբնակ հայութիւնը, պատերազմի սարսափի ու խուճապի մթնոլորտին մէջ ապրելով հանդերձ, կը փորձէ խուճապի չմատնուիլ: Կը փորձէ պահել իր դիմագիծը, ինքնութիւնը ու գործել իբրեւ համահայկական շղթային մէկ օղակը, գործել իբրեւ ընդհանուրին մէկ մասնիկը:

Վաղը-միւս օր, կրնայ առիթը ստեղծուիլ, որ հայ քաղաքական միտքը հաշուի նստի Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան ընդհանուր կացութեան օրակարգին հետ: Հաշուի նստի ռազմավարական այլընտրանքներու հետ՝ նոյն այս օրակարգով: Եւ ինչպէս բոլոր նման հարցերու քննարկումի պարագային, այս պարագային եւս գետնի վրայ ստեղծուած տուեալները ընդհանուր տարազումին մաս պիտի կազմեն:

Խորքին մէջ, ստեղծուած կամ մեզի պարտադրուած անարդարութեան դիմադրելու մտածողութիւնն է այն խարիսխը, որուն վրայ կը յենի նաեւ սուրիաբնակ հայութեան ղեկավարութիւնը՝ տագնապի այս հանգրուանէն նուազագոյն վնասով դուրս գալու համար:
Աւելի մեծ պատկերը իր մէջ կը պարունակէ բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանը ու անոր տիրութիւն ընելու համահայկական կամքը: Այս համահայկական կամքի մեծ քուրային մէջ ներդրում ընելու պարտաւորութեան տակն են թէ՛ Սփիւռքի բոլոր միաւորները, կամ համայնքները, եւ թէ մեր ժողովուրդի հայրենաբնակ հատուածը:

Հայութեան պարտադրուած ան-արդարութեան դիմադրելու ու արդարութիւնը վերականգնելու այս մեծ պայքարին մէջ, սուրիաբնակ հայութեան դրսեւորած դիմադրական ոգին օրինակելի պէտք է համարել:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Լոս Անճելըս,
Դեկտեմբեր 23, 2014
[email protected]

asbarez.com
24/12/2014

Տպել Տպել