Je Suis Armenien

FotorCreatedԱնցեալ շաբաթ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած արիւնալի եւ խստօրէն դատապարտելի դէպքէն ետք («Շարլի Էպտօ» շաբաթաթերթին դէմ), չմնաց մարդ, որ չփորձեց ստեղծուած պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսալ:

Դէպքին յաջորդած Կիրակի օր, Փարիզ փութացած էին տասնեակներով պետական ղեկավար դէմքեր՝ Անկելա Մերքել, Մահմուտ Ապպաս, Տէյվիտ Քամերուն, ինչպէս նաեւ Պենիամին Նեթանիահու եւ Ահմետ Տաւութօղլու (երկուքն ալ վարպետ… «ձկնորսներ»), ու բազում ուրիշներ, մասնակցելու համար Ֆրանսայի ի նպաստ զօրակցական ցոյցի մը:

Ֆրանսայի թէ բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ, զօրակցական Je Suis Charlie արտայայտութիւնը կարծէք ընդհանուր կարգախօսի վերածուած էր: Մթնոլորտը ճիշդ պատկերացնելու համար, անհրաժեշտ է քանի մը կէտեր կամ հարցադրումներ կատարել հոս, որպէսզի մեր ըսելիքը ճիշդ հասկցուի։

1.- Արեւմտեան լրատու միջոցները անդադար կրկնեցին, թէ «Շարլի Էպտօ»ի դէմ այդ ոճրային արարքը կատարող երկու եղբայրները «լաւ մարզուած» էին: Սակայն չըսին, թէ որո՞ւ կողմէ մարզուած էին:

2.- Նոյն աղբիւրները ըսին, թէ նշեալ երկուքը վերջերս վերադարձած էին Սուրիայէն: Սակայն չըսին, թէ ո՞վ կամ որո՞նք զիրենք հոն ուղարկած էր (էին): Սուրիոյ դէմ չյայտարարուած պատերազմին մասնակից երկիրներու (ՆԱԹՕի երկիրներ, ներառեալ անշուշտ Թուրքիա, Քաթար եւ Սէուտական Արաբիա) ապահովական սպասարկութիւնները շատ լաւ պէտք է գիտցած ըլլային, թէ որո՞նք են իրենց կողմէ հաւաքագրուած, մարզուած ու Սուրիա կամ Իրաք ուղարկուած «կամաւորները»՝ անունով-մականունով, եօթը պորտով:

3.- Նոյն երկու եղբայրներու անունները կը գտնուէին ցանկին վրայ այն անձերուն, որոնց արգիլուած էր օդանաւով ճամբորդել: Անոնցմէ մէկը նոյնիսկ բանտարկուած էր ահաբեկչութեան օժանդակելու յանցանքով: Հետեւաբար եւ ենթադրաբար, կը գտնուէին ապահովական մարմիններու հսկողութեան տակ: Բայց ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ անոնք, մինչեւ ակռաները զինուած՝ մտան «Շարլի Էպտօ»ի խմբագրատունը ու ոճիրը գործելէ ետք ապահով հեռացան՝ այնքա՜ն արհեստավարժ ձեւով:

4.- Հրէական հանրախանութի ոճրային արարքի հեղինակը եւս նոյն կացութեան մէջ էր: Նաեւ իր կինը՝ Հայաթ Պումետիէն՝ նոյն ցանկէն, որ դէպքէն քանի մը օր առաջ օդանաւով հասած էր Թուրքիա եւ այնտեղէն՝ Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքը: Ռաքքան կը գտնուի իսլամ ծայրայեղականներու իշխանութեան տակ: Ֆրանսական, սպանական եւ թրքական իշխանութիւնները լուր չունեցա՞ն, թէ ո՛վ կը մտնէ-կ՛ելլէ իրենց սահմաններէն…
Շարքը երկար է հարցադրումներուն, սակայն չխորանանք:

Ֆրանսայի «զօրակցող»ներու շարքին էր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, որ Փարիզի ցոյցի առաջին շարքին վրայ էր, ձեռքով կ՛ողջունէր բազմութիւնը, կարծէք ֆութպոլի փառատօնի կը մասնակցէր: Նոյն Նեթանիահուն է, որուն հրահանգով Կազայի մէջ քանի մը հարիւր երեխաներ բզիկ-բզիկ եղան քանի մը ամիս առաջ, եւ նոյնքան՝ կիներ ու այլ անմեղներ:

Բայց մեզի համար ամէնէն «ցայտունը» Թուրքիոյ վարչապետ Տաւութօղլուի ներկայութիւնն էր: Այն Թուրքիոյ, որ հայ ժողովուրդին դէմ ոչ միայն Ցեղասպանութիւն գործած է, այլեւ կ՛ուրանայ իր ոճիրը: Այն Թուրքիոյ, որ Ցեղասպանութեան «շնորհիւ» բռնագրաւման տակ կը պահէ հայութեան հայրենիքին մեծ մասը: Այն Թուրքիոյ, որ 1974էն ի վեր բռնագրաւման տակ կը պահէ Կիպրոսի մօտաւորապէս կէսը, որ կ՛ոտնակոխէ իր քիւրտ հպատակներուն ամէնէն տարրական իրաւունքները: Այն Թուրքիոյ, որ ամէն ձեւի օժանդակութիւն կը մատակարարէ այն ահաբեկչական խմբաւորումներուն, որոնք պայթեցուցին Տէր Զօրի մէջ Նահատակաց մատուռը, որոնք 1915ի տեղահանութենէն ետք, երկրորդ տեղահանութեան ենթարկեցին Քեսապի հայութիւնը՝ տակաւին քանի մը ամիս առաջ: Թուրքիա ուղղակի մեղսակից եղաւ այս տեղահանութեան:

Թուրքիան, որ ամէն ձեւով կ՛օժանդակէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ու հիմա… Փարիզ կ՛ուղարկէ իր վարչապետը՝ «զօրակցելու համար» Ֆրանսայի հակաահաբեկչական կեցուածքին:
Այս զօրակցական ցոյցին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը, իր բազմաթիւ այլ պաշտօնակիցներուն հետ: Ուրիշ բան կրնա՞ր ընել մեր արտաքին գործոց նախարարը, բացի այդ քայլարշաւին մասնակցելէ:

Անշո՛ւշտ: Ան կրնար քալել Տաւութօղլուի ճիշդ ետեւէն՝ անոր գլխուն վրայ բարձր բռնելով բոլորովին ուրի՛շ ցուցանակ մը՝ Je Suis Armenien: Որպէսզի… Բայց յստակ չէ՞:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Յունուար 14, 2015
[email protected]

asbarez.com
16/01/2015

Տպել Տպել