Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Հանդիպումը Վարչապետ Սթիւըն Հարփըրի Հետ

kanadaՅունուար 29ին, Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ Ռիչմընտ Հիլի մէջ կայացած Քանատայի Յառաջիկայ ընտրութիւններուն Պահպանողական կուսակցութեան նոր թեկնածուներու ի նպաստ յատուկ հաւաքի մը, որուն գլխաւոր հիւրն էր Քանատայի վարչապետ եւ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Սթիւըն Հարփըր:

Հաւաքի աւարտին, Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները առանձնազրոյց մը ունեցան վարչապետ Հարփըրի հետ եւ անոր փոխանցեցին Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչումներուն մասին տեղեկութիւններ: Վարչապետը իր կարգին հաստատեց, որ Քանատան յստակ դիրքորոշում ունի Հայկական Ցեղասպանութեան գծով, զոր արտայայտած է պետական յատուկ յայտարարութեամբ 2006ի Ապրիլ 19ին, ճանչնալով Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Նորայր Պէրպէրեան, Սամ Մանուկեան եւ Յակոբ Թորոսեան:

Տպել Տպել