Կեփհարթի Հիմնարկը Կորսնցուց Նաեւ Օքլընտ Նաւահանգիստի Պայմանագիրը

FotorCreatedԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Ծովածոցի մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ, թէ Օքլընտ նաւահանգիստը որոշած է Թուրքիոյ ի նպաստ լոպիական աշխատանք տանող կառավարական յարաբերութեանց «Կեփհարթ» հիմնարկին հետ իր պայմանագիրը չերկարաձգել՝ 495,000 տոլարի հարուած մը եւս հասցնելով հիմնարկին։

Հիմնարկի հիմնադիրն է Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատ մեծամասնութեան նախկին պետ Ռիչըրտ Կեփհարթ, որ դարձած է Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման գործիք մը՝ Թուրքիոյ իշխանութեանց ձեռքին:

Փետրուար 24ին, Հայ Դատի յանձնախումբի Ծովածոցի մասնաճիւղը նամակ մը գրած էր Օքլընտի նորընտիր քաղաքապետ Լիպի Շաֆին՝ շեշտելով, որ անընդունելի է Օքլընտի նաւահանգիստին ու «Կեփհարթ» հիմնարկին միջեւ համաձայնագիրի երկարաձգումը, նկատի ունենալով Ցեղասպանութիւնը ուրանալու նպատակով Թուրքիոյ ի նպաստ անոր տարած լոպիական աշխատանքը, որ վիրաւորանք մըն է հայութեան համար։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան դրուատեց այս որոշումը՝ նշելով, որ Կեփհարթ անբաղձալի տարր մը դարձած է Քալիֆորնիոյ մէջ։
Անցեալ ամիս, Լոս Անճելըսի «Համաշխարհային օդակայաններ» ընկերութիւնը որոշած էր խզել «Կեփհարթ» հիմնարկին հետ յարաբերութիւնները՝ չեղեալ համարելով անոր հետ կնքած 845,000 տոլարնոց համաձայնագիրը:

Միւս կողմէ, այս ամսուան սկիզբը, «Կեփհարթ» հիմնարկը այս տարուան Մարտէն Դեկտեմբեր ամիսներուն ընթացքին Թուրքիոյ տրամադրելիք իր լոպիական սպասարկութիւններուն համար 1.7 միլոն տոլարի նոր պայմանագիր ստորագրած էր Անգարայի իշխանութեանց հետ։

«Կեփհարթ» հիմնարկին դէմ աշխատանքը մաս կը կազմէ Թուրքիոյ ի նպաստ լոպիական աշխատանք տանող շարք մը այլ հիմնարկներու դէմ սկսած Հայ Դատի «#FireDeniers» արշաւին: Այս նպատակով, հարիւրաւոր հիմնարկներու եւ ընկերութեանց նամակներ յղուած են՝ պահանջելով անոնցմէ, որ կապերը խզեն Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման համար աշխատանք տանող լոպիական հիմնարկներուն հետ:

asbarez.com

13/03/2015

Տպել Տպել