Ակնարկ. Քաղաքական Զգացողութեան Հաղորդիչները

FotorCreatedԹուրքիոյ վարչապետին գլխաւոր խորհրդականին Պելճիքայի մէջ կատարած յայտարարութիւնը երեք կարեւոր բաղադրատարր ունի:

Ա.- Հայ եմ, սակայն աւելի ինքզինքս օսմանցի կը զգամ:

Բ.- Հայկական հարցը Թուրքիոյ վարչապետին գլխաւոր խորհրդականի շրջանակներէն դուրս է:

Գ.- Օսմանեան եւ աւելի առաջ բիւզանդական շրջաններէն մենք այս հողերուն վրայ ապրած ենք եւ ձեւաւորած ենք մեր մշակոյթը: Ա՛յս է կարեւորը:

Յայտարարութեան երեք կէտերը փոխագուցուած են եւ կ՛ամփոփեն պաշտօնական Անգարայի` հայկական հարցին նկատմամբ կիրարկած քաղաքականութեան առանցքային բաժինը:

Առաջին կէտին նորութիւնը այն է, որ մինչ այժմ Թուրքիոյ քաղաքացի զգացողը եւ իբրեւ այդպիսին վարչապետին խորհրդական ներկայացողը, այս անգամ կ՛երթայ աւելի հին ժամանակներ` ընդգծելու համար, որ ինքզինք օսմանցի կը զգայ: Պատահական չէ անշուշտ ժամանակի դէպի ետ մեծ ոստումը: Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացի զգալը, անշուշտ ունի իր քաղաքական շարժառիթը եւ ատով իսկ կը տեղաւորուի Անգարայի ժխտողական քաղաքականութեան պարունակին մէջ: Հայերը նաեւ թուրքերուն նման Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացիներն էին. հոս արդէն Մահճուբեան կը մօտենայ իր վարչապետի առաջ քշած վարկածին: Հայկական սփիւռքը մե՛ր սփիւռքն է, որովհետեւ անոնց նախահայրերը Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացիներն էին:

Աւելի օսմանցի զգալը, քան հայ` անշուշտ սոսկ զգացողութիւն կամ ինքնութեան բացատրութեան բանաձեւ չէ, որքան քաղաքական նպատակով կատարուած յայտարարութիւն: Օսմանեան կայսրութիւնը ընդհանուր հայրենիք դաւանելու առաջադրանքն է, որ կ՛արծարծէ Մահճուբեան այս ձեւով, լրիւ հիմնաւորելով իր վարչապետին ճշդած մարտավարական մօտեցումները: Ընդհանուր ցաւ, ընդհանուր զոհեր, ընդհանուր բնօրրան, երրորդ կէտով նաեւ սահած` ընդհանուր մշակոյթ:

Եթէ ընդհանրացնենք Մահճուբեանի վարկածն ու քաղաքական զգացողութիւնը, այդ պարագային կը ստանանք այն, որ աւելի օսմանցի զգացող հայերն ու աւելի օսմանցի զգացող թուրքերը միեւնոյն ժողովուրդն են, որոնք միասնաբար Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին զոհեր տուած են. անշուշտ նաեւ միասին կողք-կողքի կռուած ու զոհուած Կալիփոլիի մէջ, հարիւր տարի առաջ: Մահճուբեան աւելի առաջ չէ գացած առաջարկելու համար, որ աւելի օսմանցի զգացած այդ ընդհանուր զոհերուն յիշատակի օր եւ թուական ալ պէտք է ճշդել. որ խորքին մէջ ճշդուած է արդէն Կալիփոլին տեղափոխելով Ապրիլ 24-ի օրը:

Այս կէտերը մատնանշելէ ետք աւելորդ կը դառնայ երկրորդ կէտը հակափաստարկելը: Մահճուբեանը աւելի օսմանցի զգացնել տալով, բացառապէս իր հայկական ազգանունը շահարկելու համար է, որ իր վարչապետը զինք նշանակած է իր գլխաւոր խորհրդականը:

Երրորդ կէտը կ՛ամփոփէ եւ աւելի կը հիմնաւորէ վերը ըսուածները: Ժամանակի դէպի ետեւ ոստումը աւելի կը խորանայ, կը հասնի մինչեւ բիւզանդական շրջաններ` նոյն մարտավարութեան ծառայեցուելու համար: Հայերն ու թուրքերը բիւզանդական շրջաններէն ի վեր նոյն ժողովուրդի տարբեր խմբաւորումներն են, որոնք միասին ապրած են դարերէ ի վեր, նոյն բնօրրանին պատկանելիութիւնը ունեցած են եւ միեւնոյն մշակոյթը համատեղ զարգացուցած:

Մշակութային դիւանագիտութիւն բանաձեւը վերջերս շատ կ՛օգտագործուի` բնորոշելու համար Անգարայի ժխտողականութեան նորագոյն դրսեւորումները: Հայ-թուրք միացեալ խումբեր հանդէս կու գան ներկայացնելու համար Անատոլուի մշակութային խճանկարը, հայ արուեստագէտներու կողմէ ծաղկած թրքական մշակոյթը: Եթէ պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբը չաշխատեցաւ, գուցէ պէտք է մշակութաբաններու միացեալ յանձնախումբեր յառաջացնել եւ ըստ այնմ ալ ներկայանալ հանրութեան:

Աւելի օսմանցի զգացողները պէտք է աւելի լաւ սերտեն ու իմանան Օսմանեան կայսրութեան պատմութիւնը կ՛ուզե՞ն իմանալ. աւելի ճիշդը` կը համարձակի՞ն իմանալ: Ցաւօք, տարուած ենք մտածելու բացասական պատասխանի մասին. այլապէս նշանակուած չէին ըլլար վարչապետի գլխաւոր խորհրդական:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել