Արժանթինի նախագահ Քրիստինա Քիրչնէրի զօրակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի առիթով

FotorCreatedՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («Արմենիա» թերթ).- Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի առիթով, Արժանթինի նախագահ Քրիստինա Ֆէրնանտէս տէ Քիրչնէր հանդիպում մը ունեցաւ Օլիվոսի նախագահական նստավայրի մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Գիսակ արք. Մուրատեանի գլխաւորութեամբ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Ապրիլ 14ին, նպատակ ունենալով նախագահ Քիրչնէրի զօրակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի առիթով։

Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Առաջնորդի կողքին, պատուիրակութեան մաս կազմեցին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Ալպերթօ Ճէրէճեան, Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ՝ Պարթոլոմէ Քէչեան, Վարակիչ Հիւանդութիւններու Ուսումնասիրական Կեդրոն Հիմնարկի նախագահ եւ Fighting Infectious Diseases in Emerging Contries-ի պատասխանատու՝ տոքթ. Տանիէլ Սթամպուլեան, Corporación América ձեռնարկութեան նախագահ՝ Էտուարտօ Էռնէքեան, եւ Արժանթինի նախկին Արդարադատութեան Նախարար, նախկին Արդարադատութեան ու Ապահովութեան Նախարար եւ Պուէնոս Այրէս Նահանգի նախկին Ապահովութեան Նախարար՝ տոքթ․ Լէոն Գարլոս Արսլանեան։

Նախագահ Քիրչնէրի ընկերակցեցաւ Արժանթինի Արդարադատութեան եւ Մարդկային Իրաւանց Նախարար՝ Խուլիօ Ալաք։

Տպել Տպել