Ծիրանի ծառ եւ անմոռուկ Մօնթէվիտէոյի բուսաբանական այգիի մէջ

FotorCreatedՆախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Արմենիա Երիտասարդական միութեան, Ուրուկուահայ զոյգ վարժարաններու աշակերտներէն խումբ մը, Ապրիլ 14ին, յուզիջ արարողութեամբ մը, Բուսաբանական Այգիի մէջ, որպէս յարգանք մեր բիւրաւոր նահատակներուն և Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին կատարւող ձեռնարկներու ծիրեն ներս, Ծիրանի ծառ մը տնկեցին և Անմոռուկ ծաղիկի սերմեր ցանեցին։

Ներկայ եղաւ և իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաև Զբօսաշրջիկութեան նախարար Լիլիան Քէշիշեանը։ 04-VAHANAG---

Երիտասարդական միութեան տղաքը պատրաստած էին պղինձէ վահանակ մը, ամրացուած ժայրի կտորի մը վրայ որ սպաներէն լեզւով բացատրութիւն կու տայ բոլոր այցելուներուն, թէ ծիրանի ծառի և թէ անմոռուկի խորհուրդի մասին։

Տպել Տպել