Վահան Յովհաննիսեանի «Մանտիլիոն» Եւ «Մայրամուտ, Որը Հարկաւոր Է Կասեցնել» Գիրքերուն Շնորհահանդէսը

FotorCreatedԵրէկ` չորեքշաբթի, 1 յուլիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վահան Յովհաննիսեանի «Մանտիլիոն» եւ «Մայրամուտ, որը հարկաւոր է կասեցնել» գիրքերուն շնորհահանդէսը` «Ազդակ» օրաթերթին եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կազմակերպութեամբ:

Ձեռնարկը սկսաւ ցուցադրութեամբը ժապաւէնի մը, ուր ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ազգային հասարակական գործիչ Վահան Յովհաննիսեան կը խօսէր «Մանտիլիոն» գիրքի նախաձեռնութեան մասին:

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին եւ «Ազդակ»-ի կողմէ խօսք առաւ Յակոբ Հաւաթեան: Ան ըսաւ, թէ հայ քաղաքական մտքի զարգացման հոլովոյթին մէջ մեծապէս զգալի է Վահան Յովհաննիսեանի բացակայութիւնը: Հայութիւնը կը շարունակէ հպարտ զգալ անոր քաղաքական գործիչի յախուռն ու անկեղծ կեցուածքով, անոր գաղափարական մարդու հզօրութեամբ եւ մտածումներով, որոնք պիտի շարունակեն լուսաւորել հայ հաւաքական կեանքը: Խօսքի աւարտին Յ. Հաւաթեան ներկայացուց հայրենի հիւրերն ու հրաւիրեց զանոնք յաջորդաբար ելոյթ ունենալու:

Ելոյթ ունեցաւ «Մանտիլիոն» վէպի թարգմանիչ Կարինէ Աշուղեան: Ան ըսաւ, թէ «Մանտիլիոն»-ը համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ հայ ազգի տեղի եւ նշանակութեան արժանի գնահատման խնդիր կը հետապնդէ: Վէպի գլխաւոր պատումը կառուցուած է քերթողահայր Մովսէս Խորենացիի կողմէ աւանդուած Եդեսիոյ Աբգար թագաւորի Յիսուսին գրուած նամակի, Տիրոջ պատասխան նամակի եւ Դաստարակի, արեւելամիջերկրածովեան երկիրներու անցեալի, ապա մինչեւ մեր ժամանակները ձգուող իրադարձութիւններուն շուրջ:

Ան անդրադարձաւ գիրքի ուղերձներուն, անցեալի ճակատագրական անմիաբանութենէն եւ կարեւորը անկարեւորէն չզատելու անճարակութենէն դասեր քաղելէն մինչեւ համաքրիստոնէական համերաշխութիւն, մշակոյթներու ե կրօններու երկխօսութիւն, հայ ազգային ինքնութեան ինքնաճանաչման եւ վերահաստատման հրամայական:

Ան յայտնեց, որ վէպի դիպաշարին մէջ ընդգրկուած պատմական իրադարձութիւններու եւ դէմքերու վաւերականութիւնը փաստուած է Նոր Կտակարանով եւ պատմական աղբիւրներով:

Իր խօսքի աւարտին Աշուղեան ըսաւ, թէ վէպի հայերէն լոյս ընծայումը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի շէմին խորհրդանշական էր: Վահան Յովհաննիսեան իր վէպով կը յիշեցնէր, որ քրիստոնեայ աշխարհը պետականօրէն առաջինը մկրտուած եւ ապա իր ազգային մարմինով ու կեցութեամբ դարպաս ու պատուար դարձած, պատմութեան ընթացքին առաջինը ծրագրուած սպանդի ենթարկուած ազգի առջեւ դեռ քրիստոնէական սիրոյ եւ ըմբռնումի պարտք ունի:

Իր կարգին, խօսք առաւ Յարութիւն Յարութիւնեան` Վահան Յովհաննիսեանի «Մայրամուտ, որը հարկաւոր է կասեցնել» գիրքի խմբագիրը:

Ան սկիզբը խօսեցաւ իբրեւ քաղաքական գործիչ, հնաբան եւ ապա իբրեւ մարդ Վահան Յովհաննիսեանի բոլոր յատկանիշներուն մասին` անդրադառնալով անոր պետական, քաղաքական, ազգային ու կուսակցական գործունէութեան մասին:

Ան նշեց, որ Վահան Յովհաննիսեանի երկու գիրքերը զիրար կը լրացնեն, մէկը իբրեւ գրականութիւն, միւսը` հրապարակախօսութիւն, ապա ըսաւ, թէ Վահանը կը տեսնէ վաղուան օրը եւ մտահոգ է ներկայով: Վէպը բարձրարժէք գրականութիւն չէ, բայց գրուած է արկածային գրականութեան ոճով, պարզ, մատչելի, դիւրըմբռնելի լեզուով: Վէպը ամբողջութեամբ կառուցուած է ազգային մտածողութեամբ, միաժամանակ վեր կը հանէ համամարդկային խնդիրներ: Կերպարները որքան որ մտացածին են, նոյն ատեն իրական: Ան աւարտեց խօսքը մէջբերելով գիրքի մասին Ռակըփ Զարաքողլուի խօսքէն հատուած մը. «Գիրքին մէջ անուղղակի յիշեցում կայ ներկայիս նէօ-ժիհատական ալիքի հետեւանքով լիովին պատմութեան գիրկ անցնելու վտանգի տակ գտնուող Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ հանրութիւններու իրավիճակին մասին: Զայն կրնան նաեւ անուանել հայերու Ումպերթօ Էքօ: Ան հրաշալի կերպով յաջողած է միախառնել գրականութեան հանդէպ մոլուցքն ու պատմագրութիւնը»:ազդակ

Յարութիւն Յարութիւնեան իր խօսքի աւարտին «Ազդակ»-ին եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին յանձնեց Վահան Յովհաննիսեանի մօր ուղարկած յիշատակի նուէրը` անոր յայտնաբերած հնադարեան բաժակին պատկերը:

Եւ վերջապէս, խօսք առաւ ՀՅԴ մամլոյ դիւանի պատասխանատու Արտաշէս Շահպազեան:

Ան ըսաւ, թէ Վահան Յովհաննիսեան իր յօդուածներով անդրադարձած է մեր պատմութեան եւ փորձած է բացայայտել հայ մարդու խառնուածքի առանձնայատկութիւնները, որոնք շեշտակի դեր խաղացեր են անոր պատմական ճակատագիրին մէջ եւ կանխորոշած են այսօրուան իրականութիւնը:

Ան խոր վերլուծութեան ենթարկած է Հայաստանի Հանրապետութեան նոր շրջանի գործընթացները: Իսկ հետապնդած հիմնական նպատակը ստեղծուած իրականութիւնը յաղթահարելու ելքերու որոնումը եղած է:

Ան ըսաւ, թէ Վահան Յովհաննիսեան շաղկապելով պատմական իրադարձութիւնները փաստած է, որ չկան իրարմէ կտրուած անցեալ ու ներկայ, այլ կայ իրադարձութիւններու մէկ շղթայ: Անցեալը կը շարունակէ ուղղութիւն տալ ներկային եւ ներկան կրնայ շաղկապուիլ անցեալին հետ:

Ան դիտել տուաւ, որ Վահան Յովհաննիսեան ձգտած է կարեւոր գաղափարներ տարածել` ներկայացնելով հայութեան պայքարը, որ ըստ էութեան եղած է վասն հաւատքի եւ վասն հայրենեաց պայքար:Fotor

Ան նաեւ ըսաւ, թէ վէպին մէջ տեղ գտած է Դաշնակցութեան թեման, որ թռուցիկ պատառիկներու ձեւով կը յայտնուի տարբեր դրուագներու մէջ: Վ. Յովհաննիսեան զուսպ նկարագրութիւններով Դաշնակցութիւնը ներկայացուցած է իբրեւ ազգային պայքարը կրող ուժ, որուն արժէքը հրաշալի գիտեն հայութեան հակառակորդները:

Ան աւարտեց խօսքը ըսելով` այս բոլորէն ետք կրկնակի ափսոսանք կը մնայ յայտնել, որ ընկեր Վահան Յովհաննիսեանի անժամանակ հեռանալը մեզ զրկեց իր ծրագրած նոր ստեղծագործութիւնները ընթերցելու հաճոյքէն: «Մանտիլիոն»-ը եղաւ ու կը մնայ Վահան Յովհաննիսեանի ապրող յուշարձանը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել