Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նախագահը Կը Դատապարտէ Սուրուճի Մէջ Տեղի Ունեցած Պայթումը

FotorCreatedԵւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան Դաշնակցութեան Եւրոպայի կառոյցին անունով դատապարտած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած պայթումը: «Այս ահաբեկչութիւնը յատկապէս հրէշաւոր է անով, որ Սուրուճի մէջ հաւաքուած երիտասարդները կը պատրաստուէին երթալ Արաբ Բունար եւ իրենց նպաստը բերել քաղաքի վերանորոգման գործին», ըսած է Կարապետեան:

Ան նաեւ շեշտած է, որ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ցոյց տուած անթաքոյց աջակցութեան արդիւնքն է: «Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն աջակցելու` Էրտողանի քաղաքականութիւնը ուշ կամ կանուխ իր դէմ պիտի գործէ: Ցաւօք, այսքան անմեղ երիտասարդներու կորուստ եղաւ», ըսած է Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան:

aztagdaily.com

Տպել Տպել