Ակնարկ. Անգարան`Օդային Եւ Ցամաքային Պատերազմներու Նեղ Արանքին Մէջ

FotorCreatedԲաւական բարդ է Անգարայի յարափոփոխ դիրքորոշումներուն մասին մեկնաբանութիւն կատարելը: Աւելի մասնակի` «Իսլամական պետութեան» եւ քրտական ուժերու դէմ միաժամանակ յայտարարուած եւ իրականացուող պատերազմը մեծ հարցականներու դուռ բացած է:

Խնդիրը կը կեդրոնանայ հետեւեալ հարցին վրայ: Անգարան միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ ըսելով մասամբ կ՛ընկալէ «Իսլամական պետութեան», բայց յատկապէս ՔԱԿ-ի դէմ պայքարը, մինչ Միացեալ Նահանգները ոչ միայն հաւասար դիրքերու վրայ չեն դներ ռազմական այս երկու միաւորները, այլեւ «Իսլամական պետութեան» դէմ պատերազմ, քիւրտերուն` աջակցութիւն դիրքորոշումով կը շարժի:

Ամէնէն խօսուն ընդգծումը այս հակասութեան, Թուրքիա – Սուրիա սահմանին վրայ ապահովական գօտի ստեղծելու Անգարայի յանկերգն է, աւելի ճիշդը` մղձաւանջը, որ համապատասխան արձագանգ չի գտներ միջազգային ընտանիքին կողմէ:

Այստեղ լրատուութիւնները իրար կը հակասեն: Շատ յատկանշական է վարչապետի պաշտօնակատար Տաւութօղլուի այն յայտարարութիւնը, որ նախագահ Ասատի դէմ «Իսլամական պետութեան» գոյութիւնը միջազգային անգործութեան արդիւնքն է: Յայտարարութեան հետեւելով կը հասկցուի այն, որ եթէ օրին Անգարայի առաջադրած ապահովութեան գօտին ստեղծուէր, նախ կանխուած կ՛ըլլար սուրիական պատերազմը եւ «Իսլամական պետութեան» գոյութիւնը: Թրքական պաշտօնական կեդրոններու մօտ կանգնած աղբիւրներ կը շարունակեն շրջանառութեան մէջ դնել այն, որ Ուաշինկթընն ու Անգարան համաձայնած են յառաջացնել ապահովութեան գօտին: Մինչ ամերիկեան կողմը կը հերքէ` շեշտելով, որ ապահովութեան գօտին կամ այդ տարածքին մէջ թռիչքազրկումը աւելորդ է, որովհետեւ այդ տարածքին մէջ ահաբեկչութեան դէմ դաշնակցած ուժերու օդանաւներն են, որ թռիչք կը կատարեն:

«Իսլամական պետութեան» դէմ առնուած Անգարայի զինուորական քայլերը առայժմ չեն օգնած ապահովական գօտիի որոշման յանգումին: Այս համատեղ պատերազմը, որ Անգարա կը մղէ, խորքին մէջ ոչ թէ «Իսլամական պետութիւն»-ը արմատախիլ ընելու համար է, այլ քրտական վտանգը չէզոքացնելու: «Իսլամական պետութիւն»-ը Անգարայի համար այդ գործիքն էր. «Իսլամական պետութեան» դէմ հասցուած հարուածը դարձեալ այդ գործիքի օգտագործումն է` ապահովութեան գօտիի ստեղծման որոշումը հիմնաւորելու եւ արդարացնելու համար: Ապահովական գօտին ոչ թէ «Իսլամական պետութեան» չէզոքացման նպատակը կը հետապնդէ, այլ արգելակումն է Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Իրաքի քիւրտերու ցամաքային միաւորման:

Մինչ Ուաշինկթընէն հնչած ձայներ կ՛ողջունեն Անգարայի երեւութական աշխուժացումը «Իսլամական պետութեան» դէմ, սակայն չեն հաստատեր ապահովական գօտիի ստեղծման անհրաժեշութիւնը: Անգարային կը պարտադրուի գործնապէս դիրքորոշուիլ «Իսլամական պետութեան» դէմ: Գետնի վրայ երեւցածը այն է, որ «Իսլամական պետութիւն» – քրտական ուժեր պատերազմին Անգարան կը միջամտէ սահմանափակ հարուածելով «Իսլամական պետութեան» ռազմակայանները, աւելի ուժգին հարուածելով քրտական ուժերը: ՔԱԿ-ը արդէն պաշտօնապէս յայտարարած է վերջ տալ զինադուլին: Այդ կը նշանակէ տարածաշրջանային բռնկուածութեան կարեւոր միջավայրի վերածել նաեւ Թուրքիան:

Տարբեր քաղաքական եւ վերլուծական շրջանակներու մօտ կը թուի, որ շատ թէական է «Իսլամական պետութեան» դէմ Անգարայի պատերազմ մղելու երեւոյթին հաւաստիութիւնը: «Իսլամական պետութեան» դէմ կամ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ միջազգային դաշինք կազմուած է այո, բայց այդ դաշինքէն անկախ գետնի վրայ «Իսլամական պետութեան» դէմ կռուողներն են Դամասկոսը, Հըզպալլան, քիւրտերը, պարագայաբար իրաքեան կառավարական ուժերը: Եւ այժմ թէականօրէն եւ հարցականներու դուռ բանալով` Անգարան, որ աւելի Միացեալ Նահանգներու նման առայժմ կ՛իրականացնէ օդային սահմանափակ գործողութիւններ:

Յստակ տարբերութիւն կայ ուրեմն, ցամաքային, գետնի վրայ կողմերուն մղած պատերազմին եւ ահաբեկչութեան դէմ միջազգային պատերազմ յայտարարած օդային սահմանափակ գործողութիւններ իրականացնողներուն միջեւ:

Անգարան յայտնուած է այնպիսի կացութեան մէջ, որ չի կրնար մնալ միայն օդային տարբերակը ընտրած դաշինքի սահմաններուն մէջ: Դէպքերը կը պատահին իր սահմաններուն անմիջական հարեւանութեան մէջ, եւ նոյնիսկ իր երկրին մէջ: Ապահովական գօտին ալ գէթ մինչ այժմ չ՛աշխատիր:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել