«Ազդակ»ի Խմբագրական. 22 Հոկտեմբեր 75-ին (40-Ամեակ)

FotorCreated22 հոկտեմբերի խորհուրդի այժմէականացման փորձը անպայման Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով արծարծուած թեմաներու ընդհանուր պարունակին մէջ դիտարկումի կրնայ մղել նման մտադրութիւն ունեցող ոեւէ հայ անհատ:

Հարիւրամեակի մեր գիտաժողովներու, համագումարներու, ձեռնարկներու, հրատարակութիւններու եւ տարատեսակ ծրագիրներու բովանդակութենէն ի սպառ բացակայեցաւ 22 հոկտեմբերի թողած աւանդը, բացած ուղին:

Աւելի խորահայեաց դիտարկումը եզրակացնել կու տայ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման յաղթարշաւի սկիզբը 22 հոկտեմբերի ձգած ազդեցութիւնն էր: Լռութեան պատը քանդողը 22 հոկտեմբերն էր, դէպքերուն ուժական արձագանգը տարբեր երկիրներու խորհրդարան հասցնող թուականը, յեղափոխական աւանդներու վերադարձ կատարելով քաղաքական արդիւնքներ ձեռք ձգողը:

Պայքարի անտեղիտալիութեան, վճռակամութեան, ետդարձ չճանչնալու, չընկրկելու եւ պահանջատիրական արշաւին նոր տարողութիւն ու բնոյթ տալու ընթացքը բոլորովին նոր հարթութիւն կը տեղափոխէր Հայ դատի պայքարի եղանակը:

Բազմաթիւ ուղղութիւններով այս թուականը հունաւորող դերակատարութիւն ունեցաւ: Նախ անշուշտ ներքին առումով հոգեփոխեց երիտասարդութիւնը, որ ինքնակազմակերպուելէ եւ քաղաքականացման ուղին որդեգրելէ ետք ինքզինք գտաւ այլ եղանակով մը թշնամիին հետ առերեսուելու վտանգաւոր, այլ խիզախ ընտրանքին առջեւ: Այս հոգեփոխութեան անդրադարձը շատ երկար ազդեցութիւն ունեցաւ երիտասարդութեան հայ կազմակերպ կեանքին աշխուժօրէն ներգրաւման տարաբնոյթ գործընթացներուն վրայ:

Միջազգային ընտանիքն ու հանրային կարծիքը դէմ յանդիման գտնուեցան արիւնով ամրագրուող փաստերու դիմաց: Այդ օրերուն հանգամանքներուն համահունչ թուացող, բայց իր էութեամբ ու տեսակին մէջ եզակի, հայ ժողովուրդի պահանջատէր երիտասարդութիւնը որոշած էր ամէն գնով քանդել լռութեան պատը եւ աշխարհին լսելի դառնալ երկաթէ լեզուով: Ուրացումը կամ պիղատոսութիւնը կիրարկման նեղ տեղ ունէր այլեւս: Մեծ պետութիւններու մայրաքաղաքներուն մէջ օր ցերեկով հայ երիտասարդը ինքզինք կը փաստէր ազգային իր դատին զինուորագրուած ըլլալու վեհ օրինակներով:

Եւ վերջապէս, ցեղասպան պետութեան ժառանգորդը, որ թղթաբանական, յուշագրական եւ առաւելագոյն պարագային խաղաղ ցոյցերու մէջ կ՛ուզէր ընդմիշտ թաղել Հայ դատը, հասկցաւ, խորապէս գիտակցեցաւ, որ այս ժողովուրդը գիտէ ընտրել յարմար պահն ու ժամանակը անթեղուած աւանդներուն վերադառնալու: Եւ թէ այդ աւանդները այնքան միաձուլուած են հայութեան էութեան հետ, որ ո՛չ ժամանակը, ո՛չ պայմանները, ո՛չ ալ անհաւասար ուժերու յարաբերակցութիւնը կրնան արմատախիլ ընել անկէ: Հայոց ցեղասպանութենէն վաթսուն տարի ետք, վտարանդի դարձած հայութեան երրորդ սերունդը ոտքի կանգնելու թէ՛ պատրաստակամութիւնը ունէր եւ թէ՛ նաեւ պատրաստուածութիւնը: Միջավայրեր կային ուրեմն, հնոցներ գուցէ, ուր կ՛ապահովուէին թէ՛ պատրաստակամութիւնը եւ թէ՛ պատրաստուածութիւնը: Այս փաստին հետ հաշուի նստելու հարկադրանքին տակ էր Թալէաթին յաջորդը:

Եւ եթէ վաթսուն տարի անթեղուած աւանդները վերյառնած էին, ապա բոլորը պիտի մտածեն, որ ժխտողականութիւնը, ուրացումը, ճշմարտութեան դէմ պայքարը, իրաւազրկելու յաջորդական քաղաքականութիւնները կրնան վերստին արթնցնել աւանդներուն վերադառնալու հաւաքական կամքերը:

Հարիւրամեակը գիտական ու առարկայական արժեւորումը ցարդ չկատարեց 22 հոկտեմբերին: Վիեննայէն Լիզպոն մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ արձանագրուող էջերը կը բացատրեն, թէ ինչպէ՞ս ճարճատեցաւ լռութեան պատը, ճանաչումի բանաձեւերը ինչպէ՞ս քուէարկուեցան խորհրդարաններուն մէջ եւ թէ հարիւրամեակին ինչպէ՞ս գոյացաւ ճանաչումի յաղթարշաւը:

Թուականներ կան, որոնք նոր ուղի, նոր հուն, նոր եղանակ կը ստեղծեն, եւ ուշ, բաւական ուշ կ՛արժանանան պատմագիտական արժեւորումի: Անոնցմէ է 22 հոկտեմբերը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել