Տաւութօղլուի Յայտարարութեան Չյայտարարուած Բաժինը

FotorCreatedՔանի մը օր առաջ, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմէտ Տաւութօղլու խորհրդարանէն ներս իր կուսակցութեան երեսփոխաններուն առջեւ յայտարարեց, թէ «սուրիական հողերը ռուսական կայսերապաշտութեան նպատակներուն մաս պիտի չկազմեն», այլ… «միայն մե՛ր»: Վերջին երկու բառերը անշուշտ լռելեայն յայտարարութեամբ:

Վաչէ Բրուտեան

Վաչէ Բրուտեան

Մ. Արեւելքի ու անոր յարակից տարածաշրջանի (Հայաստան, Թուրքիա, Ատրպէյճան) քաղաքական զարգացումները այլեւս վերածուած են «բաց պլօթի»: Գաղտնիք չմնաց: Ամէն ինչ բացայայտուած է եւ տակաւի՛ն կը բացայայտուի:

Ոչ ոքի համար գաղտնիք էր, որ Արեւմուտքը, իր տեղական զինակիցներով (Թուրքիա, Սէուտական Արաբիա եւ Ծոցի այլ երկիրներ), ՆԱԹՕով, 2011էն առաջ արդէն լծուած էին Սուրիոյ մէջ իրենց հաւատարիմ ու հլու-հնազանդ վարչակարգ մը հաստատելու աշխատանքին: Այս «վարչակարգ հաստատելն» ալ քիչ մը շատ մեղմ «փախաւ» կարծէք, որովհետեւ կ՛ենթադրէ ամբողջ երկիր մը, պետութիւն մը, իր ժողովուրդով, մշակոյթով, անցեալով ու ներկայով քարուքանդ ընել, ի գին հարիւր հազարաւոր անմեղ զոհերու, միլիոնաւորներու տեղահանութեամբ. չհաշուած նիւթական կորուստները:

Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ Թուրքիա ուղղակի մասնակից է այս քանդումին: «Ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ» յայտարարած նոյն Արեւմուտքը ինք եւս դաշնակիցի վերածած է բոլոր այն ծայրայեղական տարրերը, որոնք պատրաստ են իր գրաւը իրականացնելու:

Դէպքերուն քիչ թէ շատ հետեւողներուն համար շատոնց բացայայտ էր, որ սուրիական եւ իրաքեան քարիւղը միջազգային շուկայի վրայ կը վաճառուի… Թուրքիոյ վրայով ու անոր իսկ միջոցներով: Ռուսական հետախուզական օդանաւերուն նկարածներուն պէտք կա՞ր արդեօք: Ո՞վ չէր գիտեր այդ փաստը:

Յետոյ, հրթիռային համակարգերու մասնագէտ ըլլալու կարիք կա՞յ եզրակացնելու համար, որ անարդարութիւնը եւ վայրագ ծայրայեղականութիւնը ծնունդ կու տան նոյնինքն անարդար ու ծայրայեղ քայլերու, պետական կամ կրօնական ինչ պիտակի տակ ալ ըլլան:

Անմեղներու ջարդը օդանաւերով եղած է, թէ ինքնաշէն ռումբերով, ի՞նչ տարբերութիւն:

Եւ տակաւին, քանի մը օր առաջ (եւ այս մէկը իրա՛ւ գաղտնիք էր), ամերիկացի վաստակաւոր եւ իրաւ լրագրող Սիմուր Հըրշ երկարաշունչ յօդուածով մը (լոյս տեսած London Review of Books-ի վերջին համարին մէջ) բացայայտեց, թէ ամերիկեան զինեալ ուժերու սպայակոյտը, երրորդ երկիրներու միջոցով, որոշ ատենէ մը ի վեր սուրիական վարչակարգին կարեւոր տեղեկութիւններ կը փոխանցէ ՏԱԷՇի ու յարակից կազմակերպութիւններուն մասին, որոնց հիման վրայ սուրիական պետական ուժերը զինուորական լուրջ քայլեր առած են: Ամերիկեան սպայակոյտին մտահոգութիւնը եղած է այն, որ սուրիական վարչակարգի փլուզումը աննախատեսելիօրէն վտանգաւոր կացութիւն պիտի ստեղծէ ամբողջ շրջանէն ներս, հետեւաբար, պէտք է այդ վարչակարգը ոտքի պահել:

Հիմա սկսանք «շուարելու»… Քերիի՞ն մտիկ ընենք, Օպամայի՞ն, այս կամ այն պաշտօնական բանբերի՞ն, թէ գետնի վրայ արձանագրուող զարգացումներուն:

Այս բոլորը կ՛արձանագրենք պարզապէս ըսելու համար, որ խօսքերը, յայտարարութիւնները մէկ բան, իրականութիւնները՝ ուրիշ: Ինչ որ մեզ կը վերադարձնէ Տաւութօղլուին:

Մինչ թրքական բանակի հրասայլերը աւեր կը սփռեն երկրի հարաւ արեւելեան քրտաբնակ շրջաններու Ճիզրէ, Սուր եւ յարակից աւաններուն մէջ (միշտ «ահաբեկիչներու դէմ պայքար»ի ծիրէն ներս…), Տաւութօղլու վերոնշեալ հանդիպումին ընթացքին կը յայտարարէ, որ «մենք կը դատապարտենք Սուրիոյ մէջ քաղաքայինները թիրախ դարձնող ռուսական յարձակումները», միաժամանակ նշելով. «Ռուսիա կ՛ըսէ, թէ ՏԱԷՇի դէմ կը պայքարի, սակայն թիւրքմէններու լերան քաղաքայիններն ու չափաւորական ընդդիմութիւնը կը ռմբակոծէ եւ մենք դէմ ենք որեւէ երկրի, որ կու գայ Սուրիան ռմբակոծելու»:

Սուրիոյ նկատմամբ իր տածած «սիրատոչոր զգացումներուն» զուգահեռ, Տաւութօղլու կ՛ազդարարէ, թէ իր երկիրը որեւէ տագնապ պիտի չդիմագրաւէ, հակառակ անոր, որ Իրաքի, Սուրիոյ եւ քիւրտերուն հետ իր ունեցած ներկայ տագնապալի կացութեան պատասխանատուն Անգարան իսկ է:

Պէտք կա՞յ յիշեցնելու, թէ խօսողը վարչապետն է այն երկրին, որ Ցեղասպանութիւն գործած է հայ ժողովուրդին նկատմամբ, յափշտակած է մեր հողերուն մեծ մասը, գրաւած է ու տակաւին գրաւման տակ կը պահէ Կիպրոսի հիւսիսային բաժինը, նախճիր գործած է ու տակաւին կը գործէ իր քիւրտ քաղաքացիներուն նկատմամբ, ՏԱԷՇի նման կազմակերպութիւններուն կ՛օժանդակէ, ԱՄԷՆ ձեւով զօրավիգ կը կանգնի յարձակապաշտ Ատրպէյճանի:
Բայց այս բոլորին մէջ, յատկապէս հայութեան եւ Տաւութօղլուի ամբարտաւանութեան մասով, ակնյայտ է Արեւմտեան մեղսակցութիւնը ե՛ւ (ան)պատասխանատուութիւնը:

Կ՛ուզենք ճիշդ հասկցուիլ: Այս յօդուածին մէջ պէտք չէ փնտռել համակրանք կամ հակակրանք քաղաքական այս կամ այն կողմին նկատմամբ: Իրողութիւնները մատնացոյց ընելը կարեւոր է: Կարեւոր է նաեւ «չյայտարարուած» յայտարարութիւններուն եւս անդրադառնալը, որպէսզի կարելի եղածին չափ ճիշդ տեսնենք իրական պատկերը այն տարածաշրջանին, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Հայաստանը:

Իսկ մեր կիզակէտը, այս բոլորին մէջ, կը մնան Հայաստանն ու հայութեան շահերը:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

23 Դեկտեմբեր 2015
[email protected]

asbarez.com

Տպել Տպել