Յունահայութիւնը վերանորոգեց պահանջատիրական պայքարը շարունակելու իր վճռականութիւնը

Հայոց Ցեղասպանութեան 101ամեակին առիթով

FotorCreatedՇա­բաթ՝ Ապ­րիլ 23ին եւ ­Կի­րա­կի՝ 24 Ապ­րի­լին, ­Յու­նաս­տա­նի ողջ տա­րած­քին, պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թիւ­նը վե­րա­նո­րո­գեց ­Հայ Դա­տի պայ­քա­րը վճռա­կա­նօ­րէն յա­ռաջ մղե­լու իր ազ­գա­յին ուխ­տը։

Մեծ Ե­ղեռ­նի մեր սրբա­դա­սուած նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին նուի­րո­ւած ո­գե­կոչ­ման եւ ա­ղօթ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րով, ինչ­պէս եւ ու մա­նա­ւա՛նդ Ա­թէն­քի թրքա­կան դես­պա­նա­տան եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի թրքա­կան հիւ­պա­տո­սա­րա­նի առ­ջեւ բո­ղո­քի բազ­մա­մարդ ցոյ­ցե­րով՝ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը հել­լէն հան­րա­յին կար­ծի­քին ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րեց թրքա­կան պե­տու­թեան կող­մէ գոր­ծադ­րուած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 101ա­մեա­կին վրայ՝ հա­նուր մարդ­կու­թեան լսե­լի դարձ­նե­լով Ի­րա­ւուն­քի եւ Ար­դա­րու­թեան մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը։

altՀա­րիւ­րա­ւոր հա­յեր եւ յատ­կա­պէս ե­րի­տա­սարդ­ներ մաս­նակ­ցե­ցան Ա­թէն­քի մայ­րա­քա­ղա­քին կեդ­րո­նը կազ­մա­կեր­պո­ւած ե­րէկուան բո­ղո­քի տպա­ւո­րիչ ցոյ­ցին, ո­րուն քա­ղա­քա­կան պատ­գա­մը կեդ­րո­նա­ցաւ, ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ծի­րէն ներս, Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի դէմ ուղղուած հա­յա­տեաց թշնա­մանքն ու ցե­ղաս­պա­նա­կան սպառ­նա­լի­քը հա­մազ­գա­յին ու­ժե­րով դի­մագ­րա­ւե­լու հրա­մա­յա­կա­նին վրայ։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Երիտասարդական Միութեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մակերպո­ւած բո­ղո­քի կեդ­րո­նա­կան ցոյ­ցը, ­Կի­րա­կի կէսօրո­ւան ժա­մը 12էն սկսեալ, Ա­թէն­քի կեդ­րո­նա­կան ­Սին­տաղ­մա հրա­պա­րակ հա­մախմ­բած էր բազ­մա­հա­րիւր հա­յեր, ո­րոնց շար­քին մե­ծակշիռ ներ­կա­յու­թիւն էին մեր ե­րի­տա­սարդ­ներն ու պա­տա­նի­նե­րը։

Մին­չեւ ցոյ­ցը սկսե­լու ազ­դան­շա­նը, հա­ւա­քուած ժո­ղո­վուրդն ու ան­ցորդ­նե­րը օ­րո­ւան խոր­հուր­դին եւ պատ­գա­մին հա­ղորդ պահուե­ցան Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան կազ­մա­կեր­պած ցու­ցա­հան­դէս-տա­ղա­ւա­րին մի­ջո­ցաւ: ­Նոյն­պէս Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան ան­դամ­նե­րը պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թեան նոր սե­րուն­դին ներ­կա­յու­թիւ­նը շեշ­տե­ցին բո­ղո­քի այս հա­ւա­քին։

Բո­ղո­քի ցոյ­ցի մեծ թա­փօ­րը սկսաւ յա­ռա­ջա­նա­լու կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 1ին՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 101ա­մեակն ու հայ­կա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը նշող յա­տուկ շա­պիկ­ներ հա­գած մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն եւ պա­տա­նի­նե­րուն ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ: ­Ցոյ­ցը ա­ռաջ­նոր­դող նոր սե­րուն­դի խիտ շար­քե­րը պար­զած էին օ­րո­ւան պա­հան­ջը խտաց­նող մեծ պաս­տա­ռը, հսկա­յա­կան Ե­ռա­գոյն դրօ­շը եւ կը կրէին բազ­մա­թիւ փոքր՝ Ե­ռա­գոյն ու ­Յու­նա­կան Ազ­գա­յին Դ­րօշ­ներ, նաեւ՝ պա­հան­ջա­տի­րա­կան լո­զունգ­ներ կրող մե­ծա­դիր պաս­տառ­ներ: ­Ցոյ­ցին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին ­Յոյն-պոն­տա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ ա­սո­րի­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը:

Ցոյ­ցը կ­՚ա­ռաջ­նոր­դէր բարձ­րա­խօ­սով օժ­տո­ւած ինք­նա­շար­ժը, որ ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան յու­նա­րէն եւ հա­յե­րէն լո­զունգ­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան մեր եր­գե­րու յու­նա­րէն մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով՝ կ­՚ո­գե­ւո­րէր ցու­ցա­րար­նե­րը, ո­րոնք հա­ւա­քա­բար ու բարձ­րա­գոռ կրկնե­լով լո­զունգ­նե­րը՝ ան­ցան հել­լէն խորհր­դա­րա­նի շէն­քին առ­ջե­ւէն ու յա­ռա­ջա­ցան դէ­պի ­Ռի­ղի­լիս պո­ղո­տա­յի խաչ­մե­րուկ, պահ մը կանգ առ­նե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նու­թեան առ­ջեւ եւ «­Ղա­րա­բա­ղը մերն է» լո­զուն­գը վան­կար­կե­լով: Նաեւ, քանի մը երիդասարդներ, վազելով, անցան ճամբան ու դեսպանատան դուռին վրայ զետեղեցին Արցախի դրօշը ու ազերիկան վայրագութիւնը ցոյց տուող նկարներ:

altԱ­պա՝ ցու­ցա­րար­նե­րը ուղղուե­ցան դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն: ­Ռի­ղի­լիս պո­ղո­տա­յի ան­կիւ­նը, սա­կայն, բո­ղո­քի ցոյ­ցը ստի­պո­ւե­ցաւ կանգ առ­նե­լու, ո­րով­հե­տեւ հել­լէն ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը այս տա­րի եւս չյար­գեց ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին նա­խօ­րօք իր տո­ւած խոս­տու­մը՝ ար­տօ­նե­լու ցոյ­ցին, որ յա­ռա­ջա­նայ մին­չեւ թրքա­կան դես­պա­նա­տան շէն­քը։ Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը անհ­րա­ժեշտ բա­նակ­ցու­թեանց մէջ մտան ոս­տի­կա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տո­ւին հետ, որ սա­կայն անդր­դո­ւե­լի մնաց ի­րեն տրո­ւած հրա­հան­գին՝ դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն փո­ղո­ցը փակ պա­հե­լու ո­րո­շու­մին վրայ։

Այդ մի­ջո­ցին, շուրջ կէս ժամ, բո­ղո­քի ցոյ­ցը ամ­բող­ջա­պէս փա­կեց ­Վա­սի­լիս ­Սո­ֆիաս պո­ղո­տան՝ զոյգ ուղ­ղու­թեամբ եր­թե­ւե­կու­թեան առ­ջեւ, իսկ ցու­ցա­րար­նե­րը ոչ միայն շա­րու­նա­կե­ցին ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան յու­նա­րէն եւ հա­յե­րէն լո­զունգ­նե­րու վան­կար­կու­մը, այ­լեւ՝ ի­րենց բարձ­րա­ձայն զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին ցոյ­ցի պա­տաս­խա­նա­տու յանձ­նա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին կող­մէ բարձ­րա­խօ­սով տրո­ւած զե­կոյց­նե­րուն եւ դա­տա­պար­տան­քի խօս­քե­րուն՝ ոս­տի­կա­նու­թեան կող­մէ դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն ճամ­բան փակ պա­հե­լու մա­սին։

Ցոյ­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ստի­պո­ւե­ցան ­Յու­նաս­տա­նի մօտ ­Թուր­քիոյ դես­պա­նու­թեան ուղ­ղո­ւած մեր բո­ղո­քի ու պա­հան­ջա­տի­րու­թեան յու­նա­րէն յու­շա­գի­րը կար­դալ բարձ­րա­խօ­սով՝ ոչ միայն ցու­ցա­րար­նե­րը ի­րա­զեկ պա­հե­լու, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ հան­րա­յին կար­ծի­քին սե­փա­կա­նու­թիւ­նը դարձ­նե­լու հա­մար զայն։

altՀան­րա­յին կար­գի պահ­պան­ման պա­տաս­խա­նա­տու ո­ստի­կա­նու­թեան հետ բա­խու­մը կան­խե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով՝ բո­ղո­քի ցոյ­ցը իբ­րեւ դժգո­հու­թեան եւ ընդվզու­մի ար­տա­յայ­տու­թեան՝ Ռի­ղի­լիս պո­ղո­տա­յի խաչ­մե­րու­կին այ­րեց թրքա­կան դրօ­շը։
Տեղ­ւոյն վրայ ո­րո­շո­ւե­ցաւ նաեւ, որ ցոյ­ցը դէ­պի ­Սի­նտաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կը իր վե­րա­դար­ձի ճամ­բուն վրայ՝ կանգ առ­նէ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տան առ­ջեւ։

Այդ­պէ՛ս ալ ե­ղաւ։ ­Պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թեան բո­ղո­քի ցոյ­ցին ա­նու­նով՝ յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թեամբ հան­րա­յին կար­ծի­քին բարձ­րա­ձայն յայ­տա­րարո­ւե­ցաւ, որ ­Թուր­քիա եւ Ատրպէյ­ճան փաս­տօ­րէն կը հան­դի­սա­նան հա­յաս­պան միեւ­նոյն քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մե­տա­լին եր­կու ե­րես­նե­րը։ Ատր­պէյ­ճան այ­սօր, Ար­ցա­խի հետ սահ­մա­նի ամ­բողջ եր­կայն­քին, միա­կող­մա­նիօ­րէն եւ նա­խա­յար­ձակ թշնա­ման­քով կը խախ­տէ 1994ի զի­նա­դա­դարը, ան­զէն հա­յե­րու եւ մա­նուկ­նե­րու ա­րիւն կը թա­փէ եւ իր ձե­ւով կը շա­րու­նա­կէ հա­յոց հայ­րե­նի հո­ղը հա­յա­թափ ը­նե­լու հա­մաթր­քա­կան յան­ցա­գործ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։

Բո­ղո­քի ցոյ­ցը ցրո­ւե­ցաւ՝ ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րակ վե­րա­դառ­նա­լէ ետք, ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լու ազ­գա­յին մեր ուխ­տը վե­րա­նո­րո­գե­լով եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­կա­հայ յան­ցա­գոր­ծու­թեան հա­տու հա­կա­հարուած տա­լու մեր վճռա­կա­մու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տե­լով։

azator.gr

Տպել Տպել