«Ազդակ»ի Խմբագրական. Չիլին Եւ Տարածաշրջանի Մը Իւրայատկութիւնները

FotorCreatedԱզրպէյճանական պետութեան յարձակողապաշտութիւնը դատապարտող Չիլիի խորհրդարանի որոշումը ըստ ձեւի եւ ըստ էութեան արտակարգ է: Չիլին դարձաւ այս պատերազմի նախայարձակը մատնացոյց ընելու առումով առաջին երկիրը, որ իր օրինակին հետեւելու կոչը կը փոխանցէ այս ձեւով ոչ միայն Հարաւային Ամերիկայի միւս երկիրներուն, այլ նաեւ ընդհանրապէս միջազգային ընտանիքին:

Հարաւային Ամերիկան ընդհանրապէս Հայ դատի աշխատանքներուն, յատկապէս Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի աշխարհագրական սկիզբ եղած է: Ուրուկուէյի օրինակը միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման չի վերաբերիր: Մոնթեվիտէօ-Ստեփանակերտ կապը, պաշտօնական մակարդակներով կատարուած յայտարարութիւնները Ուրուկուէյը կ՛առանձնացնեն մեր դատերուն զօրակցող երկիրներու շարքին:

Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին եւ անոր նախօրեակին ճանաչումներու շարքը, որ հրամցուցին Հարաւային Ամերիկայի երկիրները աշխարհագրական այս միջավայրին կարեւորութիւնը կ՛ընդգծեն:

Քաղաքականօրէն անմիջապէս կը զարգացուի այն տրամաբանութիւնը, որ այդ տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ տնտեսութիւնն ու քաղաքական շահերը մեծ դռներէն չեն մտած, հետեւաբար Անգարան այնտեղ ազդելու նոյն հնարաւորութիւնները չունի, ինչ որ այլ շրջաններու մէջ կը փորձէ ընել: Բայց արձանագրուածը միայն այս գործօնին վերագրելը առարկայականօրէն ճիշդ պիտի չըլլար: Նախ որովհետեւ Պաքուն մեծ շահագրգռուածութիւն ցոյց կու տայ քարոզչաքաղաքական գործողութիւններ տեղւոյն երկիրներուն մէջ իրագործելու ուղղութեամբ: Եւ ապա, պէտք չէ անտեսել այդ երկիրներուն մէջ գաղափարաբանական մօտեցումներով համամարդկային խնդիրներու, մարդկային իրաւունքներու հանդէպ ցուցաբերուած յաւելեալ զգօնութիւնը:

Չիլիի խորհրդարանի 18 մայիսի բանաձեւը կը հաստատէ`

1-2 ապրիլի գիշերը Ազրպէյճանի օդային եւ ցամաքային ուժերը լայնածաւալ յարձակումներ իրականացուցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ սահմանագիծին` ծանր հրետանիի եւ վերջին սերունդի հրթիռներու կիրարկումով:

Վերոնշեալ յարձակումը 1994-ին կնքուած զինադադարի, ինչպէս նաեւ վէճերու խաղաղ լուծման վերաբերեալ ՄԱԿ-ի չափանիշներուն ամէնէն կոպիտ խախտումն է:

Բռնութեան այս նոր սրումին կապակցութեամբ, որ յանգեցուցած է քաղաքացիական եւ զինուորական մեծ կորուստներու, Պատգամաւորներու տունը կը դատապարտէ այս յարձակումները, կոչ կ՛ուղղէ զինուորական գործողութիւններու դադրեցման եւ խաղաղ բանակցութիւններու շարունակութեան` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ, որուն համանախագահներն են Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա եւ Ֆրանսա:

Միջազգային հանրութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը կը պնդեն, որ տագնապը, որ արդէն աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր կը շարունակուի, պէտք է լուծուի միայն խաղաղ ճամբով, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի յարգման միջոցով:

Կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան վերահաստատելու խաղաղութեան իր յանձնառութիւնը, անմիջապէս դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ պատերազմական գործողութիւնները եւ խստօրէն պահպանելու 1994-ին կողմերուն միջեւ ձեռք բերուած զինադադարը:

Կոչ կ՛ուղղէ Չիլիի կառավարութեան կողմերուն յորդորելու հաւատարիմ մնալ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին մէջ ընթացող բանակցութիւններուն եւ այդպիսով խուսափելու շրջանին մէջ անդառնալի հետեւանքներու յանգեցնող պատերազմի բռնկումէն:

Այսպիսով, Չիլիի խորհրդարանը մատնացոյց կ՛ընէ նախ Ազրպէյճանը իբրեւ յարձակող, յղում կը կատարէ 94-ի հրադադարին, ուր Ստեփանակերտը իբրեւ անկախ կողմ ստորագրած էր համաձայնագիրը, կը դատապարտէ հսկայական կորուստներու պատճառ հանդիսացած Ազրպէյճանը եւ կոչ կ՛ուղղէ իր կառավարութեան կառչած մնալու հարցի լուծման համար ԵԱՀԿ-ի Մինսքի միջնորդական ձեւաչափին:

Միջազգային ընտանիքին հարցի ներկայացման համար հայկական կողմի ճշդած հայեցակարգային կէտերու ամբողջական որդեգրումէն աւելին կատարած է Չիլիի խորհրդարանը: Բանաձեւին մէջ, երկու առիթով կը յիշատակուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Կը խօսուի նախ Ազրպէյճան-Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանագիծին մասին, ապա միջազգային ընտանիքին առընթեր յղում կը կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան, որոնք կը պնդեն, որ հարցը բացառապէս ունի միայն խաղաղ լուծում:

Չիլիի այս որոշումը ոչ միայն կը վերընդգծէ հայկական հարցերու հետապնդման համար տարածաշրջանին պարարտ ենթահող ըլլալու հանգամանքը եւ այդ իրականութեան նկատառումով այս աշխատանքային դաշտը հայութեան ուշադրութեան կեդրոնին յանձնելը, այլ նաեւ այս ձեւով կ՛ուրուագծէ Արցախի անկախութեան ճանաչման օրէնսդրական մակարդակի վրայ նոյն շրջանին մէջ սկիզբ եւ յաջորդական համալրումներ ապահովելու նախադրեալները:

Ազրպէյճանի պետութեան ոճրային դէմքը, յարձակողապաշտութիւնն ու ռազմական յանցագործ ըլլալը բացայայտելու աշխատանքը անուղղակիօրէն կը զուգորդուի Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման առաջադրանքին հետ: Իսկ այս առումով կը թուի, որ Հարաւային Ամերիկան մեկնարկային կարեւորագոյն տարածաշրջան է:

aztagdaily.com

Տպել Տպել