«Ազդակ»ի Խմբագրական. Վերահաշուարկներ Նաեւ Յաջողութենէն Ետք

FotorCreatedՎարագոյրը լրիւ չէ իջած տակաւին Լիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն վրայ. այսուհանդերձ, առանց մոռնալու հիւսիսային Լիբանանի ընտրութիւնները եւ այնտեղ նաեւ Դաշնակցութեան աշխուժ մասնակցութեան հրամայականն ու թեկնածու առաջադրելը, կարելի է ըսել, որ հիմնականին մէջ Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներու համարեա ամբողջական ընտրացուցակը ընտրուած է արդէն:

Տակաւին առիթը կ՛ունենանք ընտրուած քաղաքապետներու, փոխքաղաքապետներու, քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներու եւ թաղապետներու ընդհանուր համայնապատկերը, իբրեւ յաջողած թեկնածուներու հանրագումար ներկայացնելու:

Ստանձնել երկու շրջանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ամբողջական պատասխանատուութիւն, կառավարել Մեթնի ամէնէն յայտնի քաղաքներէն եւ Պեքաայի ամէնէն բարգաւաճ գիւղերէն հանդիսացող Պուրճ Համուտն ու Այնճարը. ու տակաւին` Մեթնի, Քեսրուանի եւ Լեռնալիբանանի այլ շրջաններու մէջ գործող քաղաքապետական խորհուրդներու, փոխքաղաքապետներու եւ թաղապետներու թեկնածուներ ներկայացնել, ընտրական դաշինքներու առանցք դառնալ, կամրջել ու հաւասարակշռել, տէր մնալ ստանձնած յանձնառութիւններու եւ ընտրամեքենայի յաջողագոյն օրինակ հանդիսանալ:

Այս բոլորը հեզասահ գործընթացներ չեն անշուշտ. մանաւանդ որ երկրին անորոշութեան մէջ նոյնքան անորոշութեան գացող ընտրական ենթահողերը, այլոց պարագային ընտրական մշակոյթին տիրապետած չըլլալը, տարերային մղումներով շարժիլը, յաճախ չուղղորդուիլը, կատարուած յայտարարութիւններու եւ գետնի վրայ արձանագրուող իրականութիւններու միջեւ երեւցած հսկայական տարբերութիւնները աւելի կը դժուարացնէին ընտրական դաշինքներու թէ՛ կազմութիւնը եւ թէ՛ մանաւանդ քուէարկութիւններու ճամբով արդիւնաւէտ դրսեւորումներու ընթացքը:

Համապետական ընտրութիւններուն մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները աւելի քաղաքականացուած ուղղուածութիւն ունին, քան քաղաքապետականները: Քաղաքական անձնաւորութիւնները, ուժերը, համայնքներու ղեկավարութիւններն ու կուսակցութիւնները ընտրական դաշինքներու հիման վրայ կ՛առաջադրեն, կը զօրակցին, կ՛որդեգրեն ընտրացանկերը եւ ընտրապայքարը կը տանին անոր հիման վրայ:

Քաղաքապետականի պարագային անշուշտ կայ քաղաքական ուղղուածութիւնը, սակայն կան նաեւ շրջանի ազդեցիկ դէմքերու, ընտանիքներու եւ վերջերս նաեւ քաղաքացիական շարժումներու յարող աւելի երիտասարդական եւ նորարար ոճով աշխատելու տպաւորութիւն ձգող շրջանակները:

Բայց կայ նաեւ միտում մը` քաղաքացիականը հակադրելու քաղաքականին: Քաղաքացիի իրաւունքները, կենսոլորտը, քաղաքաշինութեան վերաբերող բոլոր ենթակառուցուածքային խնդիրները, հասարակարգի հետ կապուած խնդիրներ են, որոնք հիմնովին նաեւ քաղաքական հարցեր են: Քաղաքականութիւնը զուտ քաղաքագիտութիւն չէ եւ կուսակցականացուած տարազ ունենալը պայման չէ քաղաքականութեամբ զբաղելու համար:

Խնդիրը որոշ մթնոլորտի յառաջացումն է: Քաղաքական աւանդական հաստատութիւններն ու անոնց շարքին լիբանանեան կուսակցութիւնները նկատել իբրեւ անցեալ եւ ժողովուրդէն ակնկալել զօրակցիլ նորին, որ փոփոխութիւն պիտի բերէ:

Լիբանանեան կուսակցութիւններն ու ընդհանրապէս պետական հաստատութիւնները քաղաքացիական շարժումներու յարող ընտրական վերջին երեւոյթը նկատի կ՛ունենան անպայման:

Իսկ մեր պարագային շեշտուած երեւոյթը իբրեւ անշրջանցելի գործօն համաժողովրդային վստահութեան համատարածութիւնն է: Այդ վստահութեան կայացումը իր խորքային պատճառները ունի: Համայնքի բոլոր իրաւունքներուն տէր կանգնելէն մինչեւ ինքնապաշտպանական մարտեր, մինչեւ կենցաղային խնդիրներու լուծման միջոցներու ապահովում: Ծառայական համակարգ մը ամբողջ, որ լիբանանեան տարբեր ուժերու եւ հոսանքներու ապահոված եւ յարափոփոխ ընտրազանգուածներու գոյացման եւ փլուզման երեւոյթներուն հետ որեւէ աղերս չունի:

Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ մենք եւս որոշ վերահաշուարկներ կատարելու անհրաժեշտութեան առջեւ չենք: Վերահաշուարկը միայն ձախողութենէ ետք չեն ըներ: Յաջողութիւնը պահելու, զարգացնելու եւ այս պարագային ծառայողականութիւնը աւելի կազմակերպելու եւ իր վստահութեան քուէն միշտ Դաշնակցութեան տուող ժողովուրդին այսօրուան սուր կարիքներուն հասնելու նպատակով նոր սկիզբ ապահովելու պատկառելի թիւով ներկայացող մեր նորընտիր քաղապետական խորհուրդներու անդամներուն եւ թաղապետներուն:

aztagdaily.com

17/05/2016

Տպել Տպել