Հայկական Աշխարհը՝ Հայոց Աշխարհի Արեւելեան Դարպասէն

Գ.

FotorCreatedԱռաջին ակնարկով, Թալիշի շրջանը իր գեղեցիկ բնութեամբ ռոմանթիկ մթնոլորտ մը կը ստեղծէ այցելուին մօտ, յատկապէս Ապրիլի այդ օրերուն: Սակայն կը բաւէ քարտէսին վրայ աչք մը նետելը, որպէսզի դիւրաւ տեսնուի, որ անիկա «թերակղզի» մըն է՝ երեք կողմէն թշնամիով շրջապատուած:

Այս «քարտէսային» դիտարկումին եթէ աւելցնենք թշնամիին գիծերը՝ մեր խրամատներէն դիտուած, պատկերը կը դառնայ ամբողջական, միաժամանակ՝ յստակ: Այսինքն, մեր հայրենիքի լինելութիւնը կախեալ է Թալիշէն Ջաբրայիլ երկարող ճակատային գիծէն, ատոր պաշտպանելիութենէն: Սա բնականաբար զինուորական մասնագիտական խնդիր է. այսինքն ինչպէ՞ս պէտք է հաստատես (կամ «գծես») քու սահմաններդ, որպէսզի կարենաս առաւելագոյն չափով պաշտպանելի դարձնել զանոնք:

Բայց զինուորական կամ դաշտային ռազմագիտութեան մասնագէտ ըլլալու պէտք չկայ ըմբռնելու համար հետեւեալը. Թալիշէն մինչեւ հարաւ, մինչեւ Ջաբրայիլ երկարող գիծի երկայնքին է, որ պիտի վճռուի Հայոց աշխարհի գոյութեան ճակատագիրը: Քառօրեայ պատերազմը մեզի շատ յստակ ձեւով ցոյց տուաւ այս չոր իրականութիւնը: Թուրքիա եւ Ատրպէյճան այս «կայծակնային պատերազմ»ին (պլիցքրիկ) դիմելով, խորքին մէջ ոչ թէ փորձեցին բանակցութիւններուն մէջ Պաքուի դիրքերը «ամրապնդել» (ինչպէս թիւրիմացաբար մեկնաբանուեցաւ շատերուն կողմէ), այլ՝ խուժելով մեր սահմանային դիրքերը, խորտակել մեր հայրենիքի պաշտպանունակութիւնը: Այնպէս որ, հարուածը ուղղուած էր մեր հայրենիքի գոյութեանն իսկ:

Հիմա կամաւորներու կեդրոնատեղիէն ներս, դիրքերէն կարճ հեռաւորութեան մը վրայ, Արցախի պաշտպանութեան փոխնախարարին այցելութիւնն է: Մէկ առ մէկ շրջած է Թալիշի բոլոր դիրքերը եւ հիմա հոս հասած է: Զրոյցէն շատ բան չեմ հասկնար՝ բացի պարագայաբար որսացուող բառերէ, որովհետեւ նախ՝ խօսակցութիւնը Արցախի բարբառով է, երկրորդ՝ նիւթը ճաշկերոյթ կամ սիկառի երեկոյ չէ… այլ՝ մասնագիտական զինուորական բնոյթ ունենալով, բառապաշարին մեծ մասը ռուսերէն է… Միայն մէկ բան հասկցայ, որ «վաղը միւս օր հասնելու ա», առանց կարենալ գիտնալու թէ ի՞նչ էր «հասնելիք»ը. բնականաբար չհարցուցի ալ: Հասկցայ նաեւ ուրիշ բաներ, աւելի՛ կարեւոր, որոնք կապ չունէին «հասնելիքին» հետ: Դժուար չէր ըմբռնել ու ընկալել հայկական բանակի այդ բարձրաստիճան սպային մարտունակ ոգին, սէրն ու յարգանքը ազատամարտիկ կամաւորներուն նկատմամբ, բայց մանաւանդ՝ բուն խնդիրը, գէթ զինուորապէս, արմատէն լուծելու պատրաստակամութիւնը: Հատած համբերութեան մը վկայութիւնը կար բոլորին մօտ:

Այս տրամադրութիւնը եւ տրամաբանութիւնը ակներեւ էր Թալիշի պաշտպանութեան դիրքերուն մէջ գտնուող թէ՛ բանակայիններուն (սպայ թէ շարքային զինուոր) եւ թէ կամաւոր ազատամարտիկներուն մօտ:

0528vache Ընկեր Արմէնին հետ քովնտի ձորակին մէջ գտնուող աղբիւրին մօտ գետնախնձորներ կը լուայինք (ընկեր Արայիկը մեզի խոստացած էր «չիփս» պատրաստել փայտեայ վառարանին վրայ…), երբ հեռուէն լսեցինք խմբերգ մը: Դիրքերուն մէջ քրքիջներու ականատես եղած էի, հիմա վրան աւելցաւ… խմբե՞րգ ալ: Երբ կեդրոնատեղի բարձրացանք, մեզի հետ միաժամանակ հոն հասան խումբ մը բանակային զինուորներ, ամբողջութեամբ սպառազէն վիճակով ու բարձրագոչ երգելով՝ «Հայեր միացէք, միացէք հայեր, Արցախն է մեզ կանչում, օգնութեան հասէք»… Բոլորն ալ շատ երիտասարդ էին, 18-20 տարեկան: Անձրեւին տակ խխում կտրած ու ցեխոտ: Անոնց սպային հետ զրուցելով անունը հարցուցի՝ Արմէն էր: Տարի՞քը, 22 տարեկան: 28 օրէ ի վեր բաց երկինքին տակ քնացեր են, չհաշուած կռիւը, որուն բովէն անցած էին բոլորն ալ: Բայց ինչ որ պատմեց ինծի, իրեն համար այնքա՜ն հանգիստ ու սովորական էր, կարծէք գետնախնձոր լուացողները իրենք եղած են, ոչ թէ ես:

Քիչ ետք ներսը, Արմէնը մօտեցաւ եւ կամաւորներու պատասխանատու ընկ. Արայիկէն բաներ մը խնդրեց իր զինուորներուն համար: Ռուսերէնով բառեր գործածեց, որ անշուշտ չհասկցայ ու կարեւոր ալ չէր հասկնալ-չհակնալս, որովհետեւ այդ կարճ խօսակցութեան մէջ աւելի՛ կարեւոր բան մը կար: Արայիկը պատասխանեց. «Ցաւդ տանեմ, գնա Խաչիկին ասա, ինչ ուզում էք, ինչի կարիք որ ունէք, կը տայ ձեզ»: Ընկ. Խաչիկը պահեստապետն էր: Գիտէք, թէ հայաստանաբնակներու առօրեայ խօսակցութեան մէջ ինչքան ընթացիկ է «ցաւդ տանեմ» արտայայտութիւնը, յաճախ ալ անտեղի, այնքան մը, որ իմաստազուրկ կը թուի: Բայց Արայիկին «ցաւդ տանեմ» արտայայտութեան մէջ կար սիրտէն ու հոգիէն բխած բան մը. Արայիկը այդ վայրկեանին ամբողջ սրտով ու հոգիով կ՛ուզէր հայ զինուորին «ցաւը տանել», միայն չըլլայ թէ ամիս մը ամբողջ բաց երկինքին տակ քնացած, օրերով թշնամիին դէմ կռուած Արմէնն ու իր ընկերները ծակած գուլպաներով մնան:

Յաջորդ առտու, Արմէնին զինուորներէն 19ամեայ Ապրեսը առանձինն նախաճաշ կը պատրաստէր բոլորին համար: Առանձինն, որովհետեւ, իր իսկ բառերով, միւսները «անբան հուռիներ են…». անգամ մը եւս քրքիջը վարակիչ կը դառնայ, այդ ալ այնպիսի վայր մը, ուր ամէն վայրկեան կրնայ մահու-կենաց կացութիւն ստեղծուիլ: Բայց այնքան ինքնավստահ են այս երիտասարդ զինուորները, այնքան գիտակ իրենց պարտականութեան, որ անխուսափելի կը դառնայ եզրակացութիւնը՝ ուրեմն ճիշդ են քառօրեայ պատերազմին ընթացքին պատահած բոլոր հերոսական արարքները, անվիճելի է հայ զինուորին սխրանքը:

Պէտք է յաւերժացնել հայկական բանակի սպայ Արմէնին յարգալիր, ակնածանքի հասնող յարգալիր խնդրանքը կամաւոր ազատամարտիկ Արայիկէն եւ Արայիկին ալ հոգիի խորքերէն եկած հոգածութիւնն ու սէրը: Փոխանակուած այդ քանի մը նախադասութիւններուն մէջ, ամբողջ աշխարհ մը կար, ամբողջական միասնութեան անտեսանելի աշխարհ մը կար այդ պահուն ու ճիշդ ատո՛ր հաշիւն էր, որ վրիպած էր Էրտողանի եւ Ալիեւի տեսադաշտէն: Վստահած միայն իրենց արդիական զէնքերուն, անոնք հաշիւը չէին ըրած Թալիշէն մինչեւ Երեւանի շուկաները, մինչեւ հայկական աշխարհի հեռաւոր անկիւններուն մէջ ստեղծուած այս միասնութեան:

Այս տրամադրութեան մէջ, կը ծանօթանամ տարեց ազատամարտիկի մը, որ 90ականներուն, իր մասնագիտական միտքի հնարամտութեամբ յաջողած էր հայկական հրթիռներուն ճշգրտութիւնը կատարելագործել: 1994ի զինադադարէն ետք դասաւանդած է զինուորական վարժարանէն ներս եւ հիմա Թալիշի դիրքերուն մօտ, ինծի յուզումով կը պատմէ իր սաներէն մէկուն նահատակութիւնը, իսկ հպարտութեամբ՝ ուրիշի մը՝ թշնամիի քանի մը հրասայլ խորտակելը: «Միւսը», որ հիմա հոս է, այստեղերն է, բայց ինք չի գիտեր անոր ո՞ր զօրանոցին մէջ գտնուիլը, միայն գիտէ, որ շքանշան ստացեր է նախագահին կողմէ: «Ուսուցի»չը եւ անոր երեսը ճերմակ հանած «աշակերտ»ը, սերունդէ սերունդ փոխանցուող մարտունակութեան մը վկաներն են: Ասոր հաշիւն ալ չէին ըրած Էրտողանն ու Ալիեւը:

Լոռիէն Թալիշ կամաւոր եկած ազատամարտիկ ընկ. Հրանդը կը պատմէ, թէ մէկ օր առաջ աղջկան լուր տուած է, թէ ինք կը մեկնի Արցախ: Թոռը եւս կ՛ուզէ խօսիլ պապիկին հետ, բաներ մը կ՛ուզէ այնտեղէն (Փակագիծ. ընթերցողները եւ խմբագիրները թող ներեն, որ կարելի հարազատութեամբ պէտք է պատմեմ այս դրուագը, միաժամանակ խնդրելով, որ կախման կէտը ամբողջացնեն մարմնի մասերու տրամաբանութեամբ…): Ուրեմն ընկեր Հրանդի «Ի՞նչ ես ուզում բալամ» հարցումին, իր 5 տարեկան թոռնիկը կը պատասխանէ. «Երկու բան՝ մի հատ ինքնաձիգ ու մի հատ էլ թուրքի գլուխ»: Մեծ հայրը կ՛ըսէ. «Բալէս, բա՞ որ թուրքերն ուտեն իմ գլուխը», թոռնիկը անվրդով կը պատասխանէ. «Թուրքերը … են կերել»: Հապա այս մէկուն հաշիւը ինչպէ՞ս ընէին Էրտողանն ու Ալիեւը:

Բայց ինչո՞ւ զարմանալ: Մեր պատմութեան հերոսապատումներուն մէջ ունեցեր ենք Առիւծաձեւ Մհերը, չէ՞: Առասպե՞լ էր ան: Հիմա այլեւս դժուար է պնդել, որ առասպելաբանութիւն էր, որովհետեւ ծանօթանալէ ետք Արմէնին ու իր զինուորներուն (իրենց հազարաւոր ընկերներով), նահատակ սպայ Ուրֆանեանին ու Ռոբերտ Աբաջեանին (Մոնումենտցի Կեաժ) սխրանքներուն, ու Թալիշի կամաւորներուն, բայց մանաւանդ «ուսուցիչ»ին եւ «սան»ին եւ ընկ. Հրանդի թոռնիկին, կրնանք հաստատապէս եւ հպարտօրէն պնդել, որ այս անձերը նոյնինքն այդ Առիւծաձեւ Մհերին արժանաւոր թոռներն են:

Հետեւաբար, շատ ծանր էր Թալիշէն բաժնուիլը: Ամբողջ հայկական աշխարհ մը կար հոն, հայոց աշխարհի այդ դարպասին կանգնած: Յաջորդ առտու նախագահ Բակօ Սահակեան պիտի այցելէր մօտակայ Տօնաշէն գիւղը եւ խումբ մը ազատամարտիկներու հետ եւս հանդիպում պիտի ունենար: Այնպէս որ, զիս Ստեփանակերտ հասցնող պիտի ըլլար:

Իսկ այս բոլորին հանրագումա՞րը: Ատո՛ր եւս պիտի անդրադառնանք այլ առիթով մը:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
26 Մայիս 2016

asbarez.com

Տպել Տպել