Սիմոն Զաւարեան (1866-1913). Հայ յեղափոխական շարժման «Աշխարհիկ Սուրբ»ը

Հոկտեմբեր 27ի օրը, Պոլսոյ մէջ, դէպի Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի խմբագրատուն ամէնօրեայ իր քալելու ընթացքին, 47 տարեկանին սրտէն կաթուածահար ինկաւ Սիմոն Զաւարեան։

Այդպէս յանկարծամահ՝ հայոց աշխարհէն մարմնապէս հեռացաւ հայ ժողովուրդի եզակի դէմքերէն մէկը, որ իր կեանքով ու գործով, անհատականութեամբ ու գաղափարական աշխարհով՝ նուաճեց հայոց գալիք սերունդներուն ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ներշնչման աղբիւր մնալու եւ առաջնորդող օրինակ ծառայելու անմահութիւնը։ Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան ամէնէն խստապահանջ Յեղափոխականն ու Կուսակցականը եղաւ Սիմոն Զաւարեան, որ հայ ազգային որակով օժտեց եւ բարոյական ու գաղափարական բարձրութեան հասցուց հասարակական կեանքի այդ այլապէս հատուածական, մասնատում առաջացնող կերպարները։

Եւ պատահական չէր, բնա՛ւ, որ իր ժամանակի այդ աստիճան Յեղափոխական ու Կուսակցական՝ խստապահանջ Դաշնակցական Սիմոն Զաւարեանին անժամանակ կորուստը ողբաց բովանդակ հայ ժողովուրդը եւ զայն արժանացուց համազգային մեծաշուք յուղարկաւորութեան։ Զաւարեանի անկենդան մարմինը, համազգային թափօրով, Պոլիսէն մինչեւ Թիֆլիս տարուեցաւ եւ իր յաւիտենական հանգիստը գտաւ Խոջիվանքի գերեզմանատան մէջ։ Սիմոն Զաւարեան իր ժամանակակիցներուն կողմէ արդարօրէն հռչակուեցաւ Դաշնակցութեան Խիղճը՝ իր կենդանութեան իսկ։ Չէր կրնար տարբեր արժեւորում ստանալ Զաւարեանով միս ու ոսկոր կապած Խստակրօն Դաշնակցականը, որ ամէնէն առաջ իր կուսակիցներէն ու գաղափարի ընկերներէն պահանջեց, անսակարկ ու ամբողջական զոհաբերութեան անձնական օրինակը տալ՝ ի սպաս հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան սրբազան պայքարին։

Սիմոն Զաւարեանով շնչաւորուեցաւ ու արմատաւորուեցաւ հայ յեղափոխական շարժման ու նուիրեալներու կուսակցութեան ամէնէն վսեմ այն սկզբունքը, որ կը պատգամէ գաղափարական պարտաւորութեանց խղճամիտ կատարման, այլ ոչ թէ կուսակցականի իրաւունքներու հետապնդման մէջ փնտռել հայ յեղափոխականի կոչումն ու արժանաւորութեան հիմքը։

Հայոց բանաստեղծները Զաւարեանի մէջ մեծարեցին ու անմահացուցին Հայոց Ազատամարտի «Ընկերային Նազովրեցին», որովհետեւ Սիմոն Զաւարեան մինչեւ վերջին շունչ անվհատ պայքար մղեց հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական կռուի սրբազան դաշտն ու գաղափարական «տաճար»ը արատաւորող յոռի բարքերուն՝ գձուձ եսասիրութեանց, շահախնդրութեանց եւ մեղանչանքներուն դէմ։
Իսկ հայոց մտաւորականներն ու ազգային գործիչները Սիմոն Զաւարեանին մէջ տեսան ու արժեւորեցին հայ ազգային-ազատագրական շարժման առաջնորդ «Աշխարհիկ Սուրբ»ը, որ հաւատք սերմանեց եւ իր անձնուիրութեամբ ու գաղափարական կուսակրօնութեամբ հաւատաւորներու սերունդ ստեղծեց հայ իրականութեան մէջ։ Ներշնչեց Հաւատք՝ հայ ժողովուրդի քաղաքակրթական յառաջադէմ կոչումին հանդէպ։ Հաւատք՝ ազատ ու անկախ հայրենիքի մէջ ազգային ու ժողովրդավարական պետականութիւն կերտելու հայ ժողովուրդի արժանաւորութեան հանդէպ։ Եւ Հաւատք, մանաւա՛նդ, աշխարհիկ սայթաքումները յաղթահարելու եւ Հաւաքական Կամք ու Կազմակերպ Ուժ կոփելու հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ներուժին հանդէպ։

Եւ Հաւատքի Սերմնացանը յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ, որովհետեւ բառին խորագոյն իմաստով «աշխարհիկ սուրբ»ի կեանք ապրեցաւ՝ կենդանի գործով թոյլ չտալով, որ մեռեալ խօսքի ճակատագրին դատապարտուին սերունդներու գերագոյն զոհաբերութեամբ նուաճուած գաղափարական արժէքները։
Սիմոն Զաւարեան Հայաստան Աշխարհի լեռնային եւ անտառուտ Լոռիի զաւակ էր։ Ծնած էր 1866ին, Այգեհատ գիւղը: Ինչպէս որ Ս. Վրացեան կը վկայէ Հ.Յ.Դ. Վաթսունամեակին առիթով իր խմբագրած «Յուշապատում»ին մէջ, Այգեհատի բնակիչները ընդհանրապէս ազնուական տոհմերէ սերած էին: Ազնուական ծագում ունէր եւ Զաւարեան ընտանիքը: Որոշապէս Սիմոն Զաւարեանի նկարագրին եւ անհատականութեան վրայ զգալի էր տիրական դրոշմը ազնուականութեան, որ կը դրսեւորուէր սեփական արժանաւորութեան շեշտակի գիտակցումով եւ, անկէ թելադրուած, նախ սեփական անձին նկատմամբ խստապահանջ գտնուելու եւ ապա այլոց խստակրօնութեան մղելու նախանձախնդրութեամբ։
Տարրական կրթութիւնը ստացաւ գիւղին մէջ եւ հազիւ 7-8 տարեկան էր, երբ ղրկուեցաւ Թիֆլիս, ուր նախապատրաստական ուսումէ ետք մտաւ պետական Ռեալական դպրոցը եւ յաջողութեամբ աւարտեց զայն։

Այնուհետեւ մեկնեցաւ Մոսկուա՝ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։ Ընդունուեցաւ հռչակաւոր «Պետրովկա» Գիւղատնտեսական Ճեմարանը եւ աւարտեց 1889ին՝ առաջին կարգի մրցանակով: Զաւարեանին առջարկեցին մնալ Ճեմարան եւ դասաւանդել, բայց Մոսկուայի մէջ միաժամանակ յեղափոխական խմորումներու բովէն անցած եւ հայ յեղափոխական շարժման գաղափարականօրէն զինուորագրուած Զաւարեանը նախընտրեց վերադառնալ Թիֆլիս ու նուիրուիլ հայ ազգային-ազատագրական պայքարի ընդլայնման եւ կազմակերպման գործին։

Մոսկուայի ուսանողական տարիները Զաւարեանի մէջ պարզապէս ամրապնդեցին եւ գաղափարականօրէն հունաւորեցին հայ ազգային-ազատագրական պաքարին նուիրուելու վճռականութիւնը։ Թիֆլիսի աշակերտական իր օրերէն իսկ, Զաւարեան աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած էր ինքնազարգացման խմբակներու կազմութեան ու հայրենասիրական գիրքերու եւ մամուլի ընթեցանութեամբ գաղափարական միութիւն առաջացնելու փորձերուն մէջ։ Մոսկուան լայն հորիզոն բացաւ երիտասարդական տարիքը նոր թեւակոխած Զաւարեանի առջեւ, որ իրեն հոգեհարազատ գտաւ համառուսական «Նարոդնայա Վոլիա» («Ժողովրդային Կամք») յեղափոխական շարժումը, որուն համակրողներ էին նաեւ, նոյնպէս ուսման համար Մոսկուա գտնուող, Քրիստափորն ու Հայր Աբրահամը, Ռոստոմն ու Մարտին Շաթրեանը, Աւետիս Ահարոնեանն ու յեղափոխաշունչ այլ հայ ուսանողներ, որոնք եւ շուտով պիտի դառնային հիմնադիր կորիզը Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան ստեղծումին։

Հետեւաբար, Թիֆլիսի մէջ, իբրեւ գիւղատնտես պետական աշխատանքի կոչուելով հանդերձ՝ Զաւարեան ամբողջապէս նետուեցաւ հայ յեղափոխական խմբակները ի մի բերող կազմակերպութեան մը ստեղծումին՝ յատկապէս Քրիստափորն ու Ռոստոմը ունենալով իբրեւ անմիջական գործակից։ Անոնց միացեալ ջանքով, 1890ի ամառը, գումարուեցաւ Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան հիմնադիր ժողովը, ու Զաւարեան ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան առաջին զեկավար մարմնին‘ Կենտրոնական Վարչութեան անդամ:

Հիմնադիր Ժողովէն յետոյ, Հ.Յ.Դ. Կենտրոնին որոշումով՝ յեղափոխական գործիչները ցրուեցան զանազան շրջաններ՝ նորաստեղծ կազմակերպութեան դրօշին տակ համախմբելու համար արդէն գործող կուսակցութիւններն ու խմբաւորումները: Զաւարեան, Յովսէփ Արղութեանի հետ, անցաւ Տրապիզոն՝ ազգային վարժարանի տնօրէնի պաշտօնով: Սակայն չկրցաւ երկար մնալ Տրապիզոնի մէջ, որովհետեւ թրքական իշխանութիւնները ձերբակալեցին Զաւարեանին եւ Արղութեանին՝ իբրեւ յեղափոխականներու։ Զաւարեան դատուեցաւ եւ դատավարութեան ընթացքին, յանդուգն պաշտպանողականով մը, խարազանեց Սուլթանի նեխած վարչաձեւը։ Հետեւանքը եղաւ չորս տարուան բերդարգելության դատավճիռ մը: Շուտով, սակայն, ռուսական դեսպանի միջամտութեամբ, Զաւարեան ու Արղութեան յանձնուեցան Ցարական իշխանութեանց, որոնք հայ յեղափոխականներուն աքսորեցին Բեսարաբիա, ուր աքսորուած էր նաեւ Քրիստափոր:

Աքսորէն վերադառնալէ ետք, 1892ին, Զաւարյան մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան առաջին Ընդհանուր Ժողովին, որմէ ետք՝ Քրիստափորի ու Ռոստոմի հետ մշակեց կուսակցութեան Ծրագիր-Կանոնագիրը:

Այնուհետեւ, մինչեւ 1902, Զաւարեան մնաց Թիֆլիս, իբրեւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ ու կուսակցութեան ղեկավար ուժերէն մէկը: 1902ի գարնան, երբ Քրիստափորը «Փոթորիկ»ի գործով Ժնեւէն անցաւ Ռուսաստան, զայն փոխարինելու համար Ժնեւ մեկնեցաւ Զաւարեան՝ իբրեւ «Դրօշակ»ի խմբագրութեան անդամ, Է. Ակնունիի եւ Մ. Վարանդեանի հետ։

1904ին գումարուած Հ.Յ.Դ. Երրորդ Ընդհանուր Ժողովին (Սոֆիայի մէջ), որոշուեցաւ որ Զաւարեան իբրեւ գործիչ անցնի Կիլիկիա՝ Խանասորի Վարդանին հետ, տեղւոյն վրայ յեղափոխական շարժման կազմակերպումը ժողովրդային ուժեղ հիմերու վրայ դնելու յանձնարարութեամբ։

1906ին Զաւարեան վերստին Թիֆլիս էր, ուր նախագահ ընտրուեցաւ Էջմիածնի մէջ գումարուած Ազգային Կենտրոնական Ժողովին, որ հայ եկեղեցապատկան կալուածներու վերստացումէն եւ հայ-թաթարական ընդհարումներէն ետք՝ արեւելահայութեան առջեւ ծառացած ազգային-քաղաքական հիմնախնդիրներուն լուծում տալու կոչուած կարեւոր ժողով մը եղաւ։

1908ին, երբ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումին զուգահեռ Կովկասի մէջ ծայր առին Ցարական հալածանքները Դաշնակցութեան դեմ, Զաւարեան անցաւ Պոլիս, ուր գործեց իբրեւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ներկայացուցչական դէմքը։

1911ի ամառը Զաւարեան մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դ. Վեցերորդ Ընդհ.Ժողովին, Պոլիս: Իթթիհատի հետ գործակցութեան փորձերուն վերջակէտ դնող այդ Ընդհանուր Ժողովէն յետոյ, Զաւարեան շարունակեց մնալ Պոլիս՝ իբրեւ Բիւրոյի անդամ։ Ապրեցաւ Եսայեան Վարժարանի ուսուչական պաշտօնէն ստացած համեստ աշխատավարձով՝ դպրոցէն դուրս իր ամբողջ ժամանակն ու եռանդը նուիրելով կուսակցութեան եւ հասարակական գործունէութեան: Այդ շրջանին էր, որ Պատրիարքարանի որոշումով՝ Զաւարեան իբրեւ հայկական վարժարաններու ընդհանուր քննիչ, ղրկուեցաւ գաւառները, ուր ոչ միայն մօտէն ծանօթացաւ տիրող կացութեան եւ իր նպաստը բերաւ բարենպաստ պայմաններու ստեղծումին, այլեւ՝ նորովի թափ տուաւ Երկրի հայութեան ազգային-քաղաքական ինքնակազմակերպումին եւ դիմադրական կորովի ուժեղացումին։

Զաւարեան մնայուն ներկայութիւն եղաւ «Ազատամարտ»ի էջերուն, իր ստորագրած յօդուածներով։ Յատկապէս այդ շրջանի իր գործունէութեամբ եւ պաշտպանած գաղափարներով, հայ ազգային իրականութեան խոցելի ծալքերն ու յոռի բարքերը մերկացնող եւ խարազանող իր հետեւողական վարքագծով, Զաւարեան արժանացաւ համազգային յարգանքի եւ ընդունելութեան։

Եւ ամբողջ հայ ժողովուրդը խորապէս ցնցուեցաւ, երբ 27 Հոկտեմբեր 1913ին ճակատագիրը այդպէս՝ յանկա՛րծ կտրեց կեանքի թելը Գաղափարի մեծ ուսուցիչին, Դաշնակցութեան Խիղճը մարմնաւորած Հայոց Ազատամարտի «Աշխարհիկ Սուրբ»ին եւ «Ընկերային Նազովրեցի»ին։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել