Թուրքիա ի՞նչ կը փնտռէ սուրիական տագնապի հրահրումին մէջ

Ոմանք կը գրեն, թէ սուրիական տագնապը կրնայ վերածուիլ, Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն համար, նորօրեայ «վիեթնամեան թնճուկ»ի մը։

Ուրիշներ ահազանգ կը հնչեցնեն, թէ Սուրիան կրակի եւ արեան մէջ խեղդող «քաղաքացիական պատերազմ»ը յղի է… ամբողջ տարածաշրջանը հրկիզելու եւ պայթեցնելու վտանգով։

Նաեւ կան պնդողներ, թէ ամբողջ եղածը մեծապետական մրցապայքար մըն է՝ ի խնդիր Սուրիոյ ճամբով ամբողջ Արաբական Աշխարհն ու Իսլամական երկրագունդը հակակշռելի դարձնելու աշխարհաքաղաքական նկրտումներուն իրագործման։

Տակաւին կան մեկնաբաններ, որոնք միջազգային քաղաքականութեան մօտաւոր անցեալի, երբեմն նաեւ պատմական զարգացման դարաւոր հոլովոյթին փոշեծածկ թղթածրարները քրքրելով՝ կը նախատեսեն, թէ սուրիական տագնապը առաջին փուլն է օսմանեան կայսրութեան անկումէն ետք սահմանագծուած Մերձաւոր Արեւելքի քարտէսը համընդհանուր վերանայումի եւ վերագծումի ենթարկելու քաղաքական մեծ խաղի մը… 1920ի Սեւրի եւ 1923ի Լօզանի դաշնագիրներուն բացերն ու հակասութիւնները լուծելու առաջադրանքով։

Բայց որքան ալ տարաբնոյթ ըլլան այսօրինակ մեկնաբանութիւնները եւ անոնց հետեւող կանխատեսումները, բոլորին մօտ ալ զգալի է Թուրքիոյ դերակատարութեան առանցքային նշանակութիւն տալու տիրական ուղղութիւն մը։

Բնականաբար եւ իր կարգին հայ քաղաքական միտքը ո՛չ հեռու կը մնայ, ոչ ալ անմասն է «մեծ քաղաքականութեան» հաւանական զարգացումները նախատեսելու եւ ըստ այնմ դիրքորոշուելու համընդհանուր շահագրգռութեան այս մայր հոսանքէն։

Մանաւանդ որ Սուրիոյ հայութիւնը ռազմավարական իր կարեւորութիւնը պահպանող հիմնական կռուան է հայ ժողովուրդին համար՝ ազգային–պետական ամբողջական վերականգնումի եւ ինքնահաստատման մեր հաւաքական երթը յաջողութեամբ յառաջ մղելու առումով։

Հասկնալի է, հետեւաբար, որ սուրիահայութեան մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու եւ Հայկական Սփիւռքի արիւնաբաշխ բազկերակներէն մէկուն զօրավիգ կանգնելու հրամայականէն աւելին կը դիմագրաւենք ազգովին։

Կը դիմագրաւենք վտանգը թրքական պետութեան աշխարհաքաղաքական նկրտումներուն, որոնք կը սպառնան ոչ միայն ինքնին Սուրիոյ եւ Լիբանանի ներքին համերաշխութեան ու կայունութեան, ոչ միայն զոյգ երկիրներու կենսատու հայօճախներուն ազգային ներդրումին անխափան զարգացումին, այլեւ ու մանաւանդ Հայ Դատի հետապնդման մեծ օրակարգին արդա՛ր լուծումին։

Պարզ է. սուրիական տագնապը «մեծ քաղաքականութեան» բեմահարթակ բարձրացուց Թուրքիոյ միջամտութեան խնդիրը, շեշտեց թրքական ախորժակներուն վտանգաւորութիւնը եւ, իբրեւ այդպիսին, հայ քաղաքական մտքի օրակարգին վրայ առաջնահերթ կարեւորութիւն տուաւ այն գլխաւոր հարցադրումին, թէ Թուրքիա ի՞նչ կը փնտռէ Սուրիական տագնապի հրահրումին մէջ։

Անշուշտ սուրիական տագնապին ներկայ բռնկումէն շատ առաջ թրքական պետութիւնը բացայայտած էր աշխարհի այս գօտիէն ներս իր տեղն ու հակակշիռը ամրապնդելու, այլեւ ընդարձակելու ախորժակները։

Խորհրդային Միութեան փլուզումը պատեհութիւնը ընձեռեց Թուրքիոյ, որպէսզի Պալքաններու, Անդրկովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ստեղծուած բացը լեցնելու Արեւմուտքի շահագրգռութեան ինքնակոչ պաշտպանի դերը ստանձնելու յաւակնութեամբ առջեւ նետուի։

Այդ երեք գօտիներու ուղղութեամբ ալ Թուրքիա նորովի վերաշխուժացուց համաթրքական մերձեցման դրօշակիրի եւ ժողովրդավարական Իսլամութեան յառաջապահի իր նկրտումները՝ գովազդելով արեւելքի ու արեւմուտքի միջեւ քաղաքակրթական համակեցութեան կամուրջ հանդիսանալու իր յանձնառութեան մասին…

Ճամբան բաց ու հարթ չեղաւ Թուրքիոյ առջեւ։ Վերամիացեալ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առաջնահերթութեանց հետ քայլ պահելու ստիպողութիւնը միշտ զգալի դարձաւ թրքական պետութեան համար, որ ռազմավարական իր թիրախներէն չհրաժարելով հանդերձ՝ մարտավարական պատշաճեցումներ կատարելու հարկին տակ գտնուեցաւ ամէն քայլափոխի։
Յատկապէս Էրտողանի իշխանութեան գլուխ գալէն ասդին, մանաւանդ երրորդ նստաշրջանի համար անոր վերընտրութեան լոյս տակ, արդէն բացայայտ դարձած է, թէ Թուրքիոյ մեծապետական նկրտումները ոչ մէկ սահմանափակում կը ճանչնան եւ կը յաւակնին «վերականգնելու»՝

– Թէ՛ նախկին օսմանեան կայսրութեան տարածքին վրայ թրքական ազդու հակակշիռը (այսօր արդէն տնտեսաքաղաքական գերակշռութեան ճամբով)։

– Թէ՛ օսմանեան խալիֆայութեան օրով Թուրքիոյ վայելած Իսլամական Աշխարհի հոգեմտաւոր առաջնորդի դերակատարութիւնը (այս անգամ արդէն «Չափաւորական իսլամ»ի ժողովրդավարական եւ ազատ–շուկայական դիմայարդարումով)։

Ընդհանուր այս խորապատկերով՝ Սուրիոյ ուղղութեամբ Թուրքիոյ վարած հակակշիռ հաստատելու քաղաքականութիւնը միայն վերջին տարիներու ծնունդ չէ, որքան ալ նոր կողմնորոշումի տպաւորութիւն ձգէ Սուրիոյ ժողովուրդին (այսինքն՝ սիւննի մեծամասնութեան) «արդար դժգոհութեան» զօրակցելու եւ Ասատներու իշխանապետութեան վերջ տալու Թուրքիոյ վարիչներուն կիրարկած այսօրուան քաղաքական ճարտասանութիւնը։

Ինչպէս Պուլկարիոյ եւ Ատրպէյճանի պարագային, նոյնպէս եւ Սուրիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ ռազմավարական նկրտումները պատմական խոր արմատներ ունին։

Ներկայ քննարկման ծիրէն դուրս է, թէ ինչպէ՞ս Պալքաններու եւ Անդրկովկասի մէջ, թրքական պետութեան կողմէ, ազդեցութեան գօտի հաստատելու քաղաքականութիւնը բախեցաւ մեծապետական ուժերու ճնշումներուն եւ ստիպուեցաւ համապատասխան յղկումներ ու պատշաճեցումներ կատարել։
Բայց անմիջականօրէն քննարկման արժանի հարց է եւ աւելի այժմէական հնչեղութիւն ունի Սուրիական տագնապին մէջ Թուրքիոյ կատարած այսօրուան ռազմաքաղաքական միջամտութիւնը։

Որոշապէս հայ քաղաքական մտքին համար մեծապէս ուսանելի է այն հարցը, թէ Թուրքիա ինչպէ՞ս կրցաւ, վերջին տասնամեակներու ընթացքին թուրքեւսուրիական մերձեցման մթնոլորտ ստեղծելու խաբկանքով, հնարաւոր դարձնել Սուրիոյ դէմ այսօրուան իր միջամտութեան վայելած մեծապետական հովանաւորութիւնն ու օրհնութիւնը։

Թուրքեւսուրիական յարաբերութիւնները պատմականօրէն կը յատկանշուին գաղթատէրի եւ հպատակի, նուաճողի եւ գերեվարեալի ծանօթ եզրերով։ Մինչեւ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտը Սուրիան, թրքական պետութեան աչքին, պարզապէս Օսմանեան Կայսրութեան պատկանող տարածք էր, որուն վրայ թրքական հակակշիռը պահպանելու համար՝ սուլթանները հետեւողականօրէն թրքացեղ տարրերով բնակեցուցին Սուրիոյ հիւսիսային, չըսելու համար այսօրուան Թուրքիոյ հարաւային շրջանները։ Այսօր արդէն Թուրքիոյ բռնակցուած հայկական Կիլիկիան եւ արաբական Անտիոքը, աւելի քան երեք դարերու վրայ երկարած բնակեցման ու թրքացման քաղաքականութեամբ, աստիճանաբար ենթարկուեցան ազգագրական փոփոխութեան՝ փոքրամասնութիւն կազմող թրքացեղ բնակչութիւնը վերածելով համեմատական մեծամասնութեան։

Թրքացման այդ քաղաքականութիւնը իր առաջին յաղթանակը արձանագրեց Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին, երբ յաղթական դաշնակիցները Ֆրանսային վստահեցան Սուրիոյ, Կիլիկիոյ, Անտիոքի եւ Աղեքսանտրէթի նահանգին (Իսկենտերուն) հոգատարութիւնը։ Պատերազմը կորսնցուցած ու ջախջախիչ պարտութիւն կրած թրքական պետութիւնը, դարերով իր գրաւման տակ ինկած վերոյիշեալ տարածքներէն վերջնականապէս հեռու պահուելու փոխարէն, կրցաւ ֆրանսական հոգատարութեան հետ գործարք կնքել եւ Քեմալական Զարթօնքի դրօշին տակ իր տիրապետութեան տակ առնել ամբողջ շրջանը։ Իսկ Օսմանեան Կայսրութենէն իր անկախութիւնը հռչակած եւ միջազգային օրէնքով անկախ պետութիւն դարձած Մեծն Սուրիան (ներառեալ այսօրուան Լիբանանը եւ իսրայէլեան գրաւման տակ ինկած հողերը) ի վիճակի չեղաւ իր իշխանութիւնը տարածելու մինչեւ իսկ սուրիացի ալաուիներով ու հայ թէ յոյն քրիստոնեաներով բնակուած Աղեքսանտրէթի նահանգին վրայ։

Քեմալ Աթաթուրքի Թուրքիան մինչեւ 1938 թուականը, Ֆրանսական հոգատարութեան մեղսակից լռութիւնը շահագործելով, Աղեքսանտրէթի նահանգին ազգագրական քարտէսը լիովին շրջեց ի նպաստ նորովի հոն բնակեցուած թրքացեղ բնակչութեան։ Եւ նոյն Ֆրանսական հոգատարութեան եւ միջազգային ընտանիքի օրհնութեամբ՝ 1938ին թրքական բանակը մուտք գործեց նահանգէն ներս, տասնեակ հազարաւոր հայ, յոյն եւ արաբ ալեւիներ վտարեց ու զանոնք փոխարինեց աւելի քան երեսուն հազար թրքացեղ ժողովուրդ բնակեցնելով։ Ահա այդ պայմաններուն մէջ, սուրիական այդ նահանգին արդէն մեծամասնութիւնը կազմող թրքացեղ բնակչութիւնը իր անկախութիւնը հռչակեց Ֆրանսական հոգատարութենէն եւ իր կազմած խորհրդարանի որոշումով՝ անմիջապէս միացաւ Թրքական Հանրապետութեան։

Սուրիա բնաւ չհամակերպեցաւ սեփական հողի կորուստին հետ եւ մինչեւ վերջին տասնամեակը պահանջատէր ներկայացաւ թրքական պետութեան։ Իսկ Թուրքիա բնաւ չընդունեց բիրտ ուժով իր կատարած բռնագրաւումը եւ միջազգային բեմահարթակի վրայ շարունակ ներկայացաւ օրինական իրաւատէրի դիրքերէն՝ թուրք մեծամասնութեամբ բնակուած Աղեքսանտրէթի նահանգին զօրակցողի եւ տէր կանգնողի դրօշը պարզելով։

Քսաներորդ դարու ամբողջ երկայնքին, Թուրքիա ամէն առիթ ստեղծեց կամ օգտագործեց, որպէսզի հրապարակաւ զօրակցի Արաբական Աշխարհի արդար դատին՝ Իսրայէլի ընթացքը դատապարտելով, բայց քաղաքական բոլոր տագնապալի պահերուն Իսրայէլի հետ ռազմավարական իր գործակցութիւնը ամրապնդելով, անշուշտ Մ. Նահանգներու եւ ՆԱԹՕի հետ համախորհուրդ։

Հաֆէզ Ասատի իշխանութեան գլուխ գալով, 1970ականներէն սկսեալ, Սուրիա թեւակոխեց քաղաքական կայունութեան եւ հաստատաքայլ զարգացման երկար հանգրուան մը։ Թուրքիա բնականաբար իր բոլոր հնարաւորութիւնները գործածեց՝ սուրիական այդ յառաջընթացը խափանելու համար։ Այդպէս սկսաւ Թուրքիայէն դէպի Սուրիա հոսող գետերուն վրայ մեծ ամբարտակներ կառուցանելու եւ Սուրիան կենսատու ջուրէ զրկելու թրքական ծրագրեալ, թշնամական քաղաքականութիւնը, որ յարաբերութեանց լարումի երկրորդ մեծ խնդիրը դարձաւ երկու երկիրներուն միջեւ։ Իսկ երբ Հաֆէզ Ասատի Սուրիան ամբողջական զօրակիցը դարձաւ Պաղեստինեան Դիմադրութեան եւ Քրտական Ազատագրական Շարժումին, Թուրքիա յարմարագոյն պահը գտաւ Արեւմուտքը իր կողքին ունենալու՝ ընդդէմ Սուրիոյ։

Այս զոյգ ուղղութիւններով Թուրքիա թափ տուաւ «շրջանային ոստիկան»ի իր դերակատարութեան միջազգային «օրինականացում»ին։ Յաջողութիւններ ալ արձանագրեց եւ միջազգային ճնշումի տակ Սուրիոյ պարտադրեց թէ՛ Պաղեստինեան Դիմադրութենէն, թէ՛ Քրտական Շարժումէն ձեռք քաշելու միջազգային յանձնառութիւնը։ Սուրիոյ տեղատուութիւնը շարունակուեցաւ եւ յանգեցաւ անոր, որ Պաշար Ասատի Սուրիան 2004ին պաշտօնապէս ստորագրեց Թուրքեւսուրիական Փրոթոքոլ մը, ուր Սուրիա յայտարարեց Սուրիայէն հողային պահանջ չունենալու իր յանձնառութեան մասին։
Այսպիսի՛ սադրալի հետեւողականութիւն ունեցաւ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը Սուրիոյ նկատմամբ եւ պէտք չէ զարմանալ, որ Թուրքիա այսօր միջազգային օրհնութեամբ իր վրայ վերցուցած է Սուրիան հակակշռելի դարձնելու »մեծ քաղաքականութեան« պատասխանատուութիւն«ը։
Ահա թէ ինչո՛ւ ահազանգային է թրքական վտանգը դիմագրաւելու անհրաժեշտութիւնը։
Յատկապէս հայ քաղաքական մտքին համար։

Սուրիական տագնապին հրահրումով՝ Թուրքիա հետամուտ է Պալքաններէն մինչեւ Անդրկովկաս եւ Արաբական Ծոց իր ազդեցութեան գօտիները վերահաստատելու եւ ընդարձակելու ռազմավարութեան իրագործումին։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԷԶ», 24/10/2012

Տպել Տպել