Սուրիահայութիւնը եւ Սուրիոյ ճգնաժամը

Վեր­ջերս աւել­ցած է սուր­ի­ա­հա­յութեան մա­սին վեր­լու­ծում­ներ ու ախ­տա­ճա­նա­չում­ներ կա­տա­րող եւ ցուց­մունք­ներ տուող բախ­տա­գու­շակ­նե­րուն թիւը: Եր­բեմն ակա­դե­մա­կան պատ­մու­ճա­նով եւ եր­բեմն քա­ղա­քա­կան վեր­լու­ծո­ղի տա­րա­զով հայ ան­հատ­ներ, Ծո­ցի եր­կիր­նե­րու մէջ կամ այ­լուր նս­տած, իրենք իրենց պար­տա­կա­նու­թիւն տուած են սուր­ի­ա­հա­յութ­եան մա­սին հան­դէս գա­լու:

Հար­ցի մը մա­սին տե­սա­կէտ պար­զե­լը ան­շուշտ իւ­րա­քան­չիւր ան­հա­տի իրա­ւունքն է: Զար­մա­նա­լին սա­կայն մա­մու­լին կող­մէ նման յօդ­ուած­նե­րու տեղ տր­ուիլն է` առանց նկա­տի ու­նե­նա­լու պարզ­ուած տու­եալ­նե­րու վա­ւե­րա­կա­նու­թիւնն ու մա­կար­դա­կը:

Այս բո­լո­րին մէջ ակ­նե­րեւ է սուր­իա­հա­յու­թեան ձայ­նի բա­ցա­կա­յու­թիւնը, որ պէտք չէ ան­պայ­ման դի­տել որ­պէս ժխ­տա­կան երե­ւոյթ, որով­հե­տեւ ստեղծ­ուած բարդ կա­ցու­թիւնը կը պատ­ուի­րէ ըլ­լալ զգօն եւ խո­հեմ: Այս չի նշա­նա­կեր սա­կայն, որ գա­ղու­թը ան­տար­բեր է ի տես երկ­րի կա­ցութեան կամ չու­նի քա­ղա­քա­կան վար­քա­գիծ:

Ճիշդ է, որ հա­յա­հոծ քա­ղաք­նե­րու կամ աւան­նե­րու մէջ կեան­քը բնա­կա­նոն կ՛ըն­թա­նայ, դպ­րոց­ներ, աշ­խա­տա­նոց­ներ, գոր­ծա­րան­ներ եւ հաս­տա­տու­թիւն­ներ սո­վո­րա­բար կը գոր­ծեն այս­տեղ, սա­կայն, հիմ­նա­կա­նը կեն­ցա­ղա­յին դժ­ուա­րու­թիւն­ներն են, որոնց մա­սամբ գա­ղու­թը վարժ է դի­մա­կա­լե­լու, ան­կախ ան­կէ, որ վեր­ջին տագ­նա­պի ըն­թաց­քին կեն­ցա­ղա­յին դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը աւե­լի դա­ժան էին ու ցաւց­նող: Հիմ­նա­կան հար­ցը ան­կաս­կած կը մնայ երկ­րի հե­ռան­կա­րը եւ անոր մէջ սուր­ի­ա­հա­յու­թեան տեղն ու դե­րը, որուն աչա­լուրջ կը հե­տե­ւին եւ յա­րա­բե­րա­կան ծա­ւա­լուն գործ կը տա­նին գա­ղու­թի պատ­կան կող­մե­րը:

Ան­կաս­կած սխալ է այն հաս­տա­տու­մը, որ վե­րեւ յիշ­ուած վեր­լու­ծող­նե­րը կը կար­ծեն, թէ սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը զուրկ է քա­ղա­քա­կան կամ­քէ եւ պա­տե­հա­պաշտ ու տա­րե­րա­յին վար­մուն­քով մը կ՛ըն­թա­նայ կա­ցու­թիւն­նե­րուն հետ:

Նախ` սուր­ի­ա­հա­յը լի­ար­ժէք քա­ղա­քա­ցին է երկ­րին: Հոն է իր բնա­կա­րա­նը, գոր­ծը, կեան­քը: Սխալ է ար­դէն մտա­ծել, որ ան միայն առ­ժամ­եայ կայք մը հաս­տա­տած է Սուր­իոյ մէջ: Գա­ղու­թին ջախ­ջա­խիչ մե­ծա­մաս­նու­թիւնը եթէ նոյ­նիսկ պահ մը մտա­ծէ այ­լընտ­րան­քի մա­սին, ան կա­րե­լիու­թիւնն ան­գամ չու­նի գործ­նա­կա­նացը­նե­լու այդ այ­լընտ­րան­քը:

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ու­նի՞ն քա­ղա­քա­կան կամք եւ ծրա­գիր` օգ­տա­կար դառ­նա­լու սուր­ի­ա­հա­յու­թեան:

Հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րը եւ հայ կրօ­նա­կան հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տութ­եան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը պէ՛տք է օգ­տա­կար դառ­նան սուր­ի­ա­հա­յու­թեան երեք բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ`

-Քա­ղա­քա­կան.- Անհ­րա­ժեշտ է, որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը եւ Սփիւռ­քի գա­ղութ­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը, քա­ղա­քա­կան-յա­րա­բե­րա­կան գոր­ծին մէջ վճ­ռա­կա­նօ­րէն ար­տա­յայ­տեն հա­մայն հա­յու­թեան հա­մար գերխն­դիր հա­մա­րուող սուր­ի­ա­հա­յու­թեան հար­ցը, յատ­կա­պէս` անոր ապա­հո­վու­թիւնը: Այս մէ­կը հա­մայ­նա­կան տա­րո­ղու­թիւն ստա­նա­լով` մե­ծա­պէս կը նպաս­տէ սուր­ի­ա­հա­յու­թեան դիր­քե­րուն եւ կա­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման:

-Նիւ­թա­կան, տն­տե­սա­կան օժան­դա­կու­թիւն.- Այս ճգ­նա­ժա­մին մէջ օգ­տա­կար դառ­նալ գա­ղու­թին, որ­պէս­զի կր­թա­կան, բա­րե­սի­րա­կան եւ այլ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը կա­րե­նան յա­րա­տե­ւել այս դժ­ուա­րին պայ­ման­նե­րուն մէջ: Հա­մե­մա­տա­բար փոքր օժան­դա­կու­թիւն­նե­րը նոյ­նիսկ, կր­նան նիւ­թա­պէս եւ բա­րո­յա­պէս, օգ­տա­կար դառ­նալ գա­ղու­թին:

– Խու­սա­փիլ գրա­ւոր, բա­նա­ւոր կամ լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րով որե­ւէ դր­սե­ւո­րում­նե­րէ, որոնք կր­նան վտան­գել գա­ղու­թին ապա­հո­վու­թիւնը: Մա­նա­ւանդ սխալ է ներ­կա­յաց­նել գա­ղու­թը` որ­պէս քա­ղա­քա­կան կամ­քէ զուրկ մի­ա­ւոր, որ միշտ եղած է իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու լծակ, որով­հե­տեւ գա­ղու­թը իր ամ­բողջ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին չէ եղած լծակ որե­ւէ կող­մի, այլ ու­նե­ցած է պե­տա­կա­նու­թեան եւ օրի­նա­կա­նութ­եան հետ ըլ­լա­լու վար­քա­գիծ, որ եր­բեք չէ պայ­մա­նա­ւոր­ուած այս կամ այն իշ­խա­նու­թեան գո­յու­թեամբ: Գա­ղու­թի պատ­մու­թիւնը կը պար­զէ, որ զա­նա­զան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու օրով ու­նե­ցած է այս իմաս­տով` կա­յուն վար­քա­գիծ:

Ըլ­լա­լով օրի­նա­կա­նու­թեան հետ` գա­ղու­թը դրա­կան մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած է ըն­կե­րա­յին, տն­տե­սա­կան եւ նոյ­նիսկ քա­ղա­քա­կան կեան­քին, այն չա­փով, որ հնա­րա­ւոր եղած է այդ մէ­կը:

Նոյն­պէս այս վեր­ջին տագ­նա­պի ըն­թաց­քին, հայ գա­ղու­թը եղած է ջա­տա­գո­վը բա­րե­կար­գում­նե­րու, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ամ­րապնդ­ման, ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան եւ ազա­տու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման, սա­կայն դէմ եղած է բիրտ ու­ժի գոր­ծա­ծութ­եան, միջ­հա­մայն­քա­յին հրահ­րում­նե­րով երկ­րի ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւնը խան­գա­րել փոր­ձող երե­ւոյթ­նե­րուն եւ ար­տա­քին մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րուն, որոնք աւե­րիչ դեր կ՛ու­նե­նան երկ­րին հա­մար:

Սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը կողմ եղած է երկ­խօ­սու­թեամբ եւ ազ­գա­յին բո­լոր ու­ժե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, ի շարս նա­եւ` սուր­ի­ա­հա­յու­թեան, եր­կի­րը տագ­նա­պէն դուրս բե­րե­լու եւ դէ­պի զար­գա­ցում տա­նե­լու:

Ու­րեմն այ­սօր սուր­ի­ա­հա­յու­թեան օրա­կար­գը հա­յու­թեան հա­մար լուրջ օրա­կարգ է, որուն հետ պէտք չէ ու­նե­նալ կա­մա­յա­կան վե­րա­բեր­մունք, այլ խորհր­դակ­ցա­բար գա­ղու­թին հետ` ճիգ չխ­նա­յել ար­ժա­նա­պա­տիւ ձե­ւով դուրս գա­լու այս ճգ­նա­ժա­մէն:

ՆԵՐՍԷՍ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Գանձասար

Տպել Տպել