Բարեկամութեա՞ն թէ… ամօթի զբօսայգի

«Ի՞նչ է կապը Մահաթմա Կանտիի, Մարթին Լութըր Քինկի, Ապրահամ Լինքըլնի եւ Հայտար Ալիեւի» հանելուկը կռահելը անհնար է: Աշխարհի չորս ծագերէն ներս ալ դժուար է կապ մը գտնալ այս չորս անձնաւորութիւններուն միջեւ: Այդ տիպարներու ետին կանգնող երկիրներու բնակիչներն անգամ պիտի չկարենան լուծել հանելուկը, ո՛չ հնդիկը, ո՛չ ամերկացին… ո՛չ ալ ազերին:

Նոյնիսկ Մեքսիքոյի համանուն մայրաքաղաքի եւ աւելին հանրածանօթ Փօլանկօ զբօսայգիին մօտակայ տեղացիին համար ալ, որոշ ժամանակաշրջան մը այս հարցում-հանելուկին պատասխանը դժուար պիտի ըլլայ կռահելը:

Յաւելեալ բացատրութեան համար, կարճ պարզաբանութիւն մը տեղին է, ընթերցողին յաւելեալ ուղեցոյց տալու եւ դիւրացնելու համար: Արդարեւ, Ազթէքներու երկրի մայրաքաղաքի այդ հանրածանօթ «Բարեկամութեան Զբօսայգի»ին մէջ, տեղադրուած են վերոյիշեալ չորս անձնաւորութիւններուն արձանները: Հոս տեղին է աւելցնել թէ վերոյիշեալ չորսէն, ամենէն աւելի նորեկ բնակիչն է պրոնզաձոյլ Հայտար Ալիեւի հսկայ արձանը:

Թէ ինչպէ՞ս պատահած է որ, այս “հերոս“ը բնակութիւն հաստատէ այդ զբօսայգիին մէջ, հետաքրքրական է փնտռտուքներ կատարել եւ իսկական պատճառները յայտնաբերել: Անշուշտ, Ատրպէյճանի վարած քաղաքականութեան քաջատեղեակ ընթերցողը, շուտով կրնայ եզրակացնել թէ տարիներ շարունակ, Խորհրդային Միութեան օրերուն բռնատիրական գործունէութիւն կատարած եւ տեղւոյն գաղտնի սպասարկութեան` Քա.Կէ.Պէ.-ն ղեկավարած, նաեւ բազմիցս մարդկանց իրաւունքներու պաշտպանութեան կազմակերպութիւններու կողմէ մեղադրուած եւ տեղեկագիրներու մէջ նշուած հայր Ալիեւի ներկայութիւնը կամ բնակութիւնը այդ «բարեկամութիւն, ազատութիւն եւ անմեղութիւն» բուրող զբօսայգի բնակավայրէն ներս, համեմատած միւս բնակիչներուն, բաւական մը ծախսալի եղած է: Սակայն ի վերջոյ Մեքսիքոյի հիւսիսդի դրացիները հռչակաւոր խօսք մը ունին թէ «Դրամն է որ Աշխարհ կը դարձնէ»: Վստահաբար, կարգ մը տեղացի պատասխանատուներ այդ խաղին զոհը գացած են, ինչպէս որ շաբաթներ առաջ այլ երկրի մը` Հունգարիոյ պատասխանատուները կատարեցին նիւթականին դիմաց տեղի տալով բարոյականը…եւ ազատ արձակեցին մարդասպան ազերի սպայ Սաֆարովը:

Մեքսիքոյի մէջ կատարուածը կը տարբերի Պուտափեշթի մէջ պատահածէն, նկատի ունենալով թէ՛ վայրը եւ թէ՛ նպատակը: Արդարեւ, ազթէքներու հեռաւոր երկրին մէջ չկայ ազերի շօշափելի գաղութ, ո՛չ ալ ազդեցիկ ներկայութիւն, այլ պարզապէս Պաքուի կողմէ արտաքին քաղաքականութեան ոտնձգութիւն:

Արձանի բացման հանդիսութենէն ի վեր Մեքսիքացիք սկսած են ենթագիտակցիլ թէ ճիշտ ի՞նչ պատճառներով Կովկասեան շրջանէն “հերոս“ի մը տիպարը ժամանած եւ բնակութիւն հաստատատծ է: Աւելի՛ն, վերոյիշեալ հանելուկին փոխարէն, թէ՛ մեքսիքացիին եւ թէ՛ առ հասարակ ոեւէ բնակիչի համար, շատ աւելի դիւրին է շրջանցել հանելուկը եւ հարցադրել թէ վերոյիշեալ չորս քաղաքական դէմքերէն ո՞ր մէկը կարելի է առանձնացնել… Պատասխան` ի դէմ յաչս ազատութեան համար պայքարած Լութըր Քինկի, Լինքըլնի եւ Կանտի… մարդասպան Հայտար Ալիեւ:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»ի Խմբագրական
7 Նոյեմբեր 2012

Տպել Տպել