Արժանթինահայ համայնքային հաստատութիւններու համագործակցութիւնը կազմակերպական կառոյցի կը վերածուի

Արժանթինահայ համայնքի հաստատութիւններու համագործակցութիւնը ունի երկար պատմութիւն: Դեկտեմբեր 27, 2016ին սակայն համայնքային քաղաքական, ընկերային, 2010բարեսիրական, մարզական, կրօնական եւ մշակութային հաստատութիւնները սկիզբ դրին այդ համագործակցութիւնը կազմակերպական կառոյցի վերածելու գործընթացին: Այդ օր, ժամը 19ին, Պուէնոս Այրէսի Ազգային Առաջնորդարանի սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տէր Գիսակ Արք. Մուրատեանի, համայնքի ութը հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ ստորագրեցին Համայնքային Հաստատութիւններու Համակեցութեան, Համագործակցութեան եւ Համակարգումի ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ մը եւ հրաւիրեցին բոլոր հաստատութիւններուն որդեգրելու անոր վեց կէտերը որպէս առաջին քայլ մաս կազմելու համար նորաստեղծ կառոյցին:

fotorcreated

Ինչպէս այդ քայլը նախաձեռնած հաստատութիւններու ներկայացուցիչները Սրբազանի բացման խօսքէն եւ աղօթքէն յետոյ բացատրեցին ներկաներուն, նման մարմնի առաջացման անհրաժեշտութիւնը զգացուած է շատոնց, երկու նախընթացներ հիմք հանդիսացած են անոր գործնականացման քայլերուն սկիզբ տալու: Առաջինը`2010 Մայիսին հաստատութիւններու արագ եւ համատեղ հակազդեցութիւնն էր Թուրքիոյ օրուայ վարչապետ Թայիպ Րեչէփ Էրտողանի այցելութեան առիթով մայրաքաղաքի գլխաւոր պողոտաներէն մէկուն վրայ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի կիսանդրիի զետեղման պաշտօնական արարողութիւնը ձախողեցնելու համար: Ընդ որում, երկրի թրքական դեսպանատան կողմէ անաղմուկ եւ ապօրինի կերպով պատրաստուած այս քայլին մասին միայն մէկ շաբաթ առաջ իմանալէ յետոյ համայնքային հաստատութիւնները կարողացան համապատասխան քայլերով կասեցնել ծրագիրը որուն արդիւնքով ալ Էրտողան ջնջեց իր պաշտօնական այցելութիւնը: Երկրորդը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցի Ոգեկոչման գտած յաջողութիւնն է, որուն մէջ անհրաժեշտ է առանձնացնել Ֆրանսիսքօ Ա. Պապին մատուցած Սուրբ Պատարագը Վատիկանի մէջ եւ անոր գտած միջազգային քաղաքական հնչեղութիւնը: Յիշեցնենք որ նախքան Հռոմի Պապ ընտրուիլը Մարտ 13, 2013ին, որպէս Պուէնոս Այրէսի Քարտենալ Մարիօ Պերկոլիօ սերտ յարաբերութիւններ մշակած էր հայ համայնքին եւ մասնաւորաբար Թեմի Առաջնորդ Սրբազանին հետ եւ բազմաթիւ առիթներով հրապարակային կերպով արտայայտուած էր ի խնդիր Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման: Հարիւրերորդ Տարելիցի համայնքային յանձնախումբի գործադիր խորհուրդի ոլորտին մէջն էր որ անցնող ամիսներուն քննարկումներ տեղի ունեցան յանձնախումբին աւելի մշտական դրոյթ տալու հարցին շուրջ: Այդ քննարկումները գործնական գետնի վրայ չդրուեցան աւելի շուտ տարուան ընթացքին պարզապէս որովհետեւ յանձնախումբը դէմ յանդիման եկաւ հաւաքական զօրաշարժի անակնկալ եւ շուտափոյթ անհրաժեշտութիւններու ինչպիսին էր ի մասնաւորի ապրիլեան չորսօրեայ պատերազմը: Յանձնախումբի գործօն անդամներէն Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ Կեդրոնական Վարչութեան նախքին ատենապետ Ալպերթօ Ճերեճեանի անակնկալ մահը նաեւ իր անդրադարձը ունեցած էր գործընթացի դանդաղեցման վրայ: Սակայն, Հոկտեմբերի աւարտին, գործադիր խորհուրդի նախաձեռնութեամբ առաջացաւ աշխատանքային յանձնախումբ մը բաղկացած հետեւեալ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէն. Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ Կեդրոնական Վարչութիւն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, Արժանթինահայ Մշակութային Միութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Հայաստան Հիմնադրամ եւ Արարատ Օթեակ: Յանձնախումբը հետեւողական նիստերու ընթացքին դրաւ աշխատանքային ծրագիր մը իր ժամկէտերով:

Մանրմասնելով այդ ժամկէտերն ու նպատակադրուած կառոյցի բնոյթը, յանձնախումբի ներկայացուցիչները յստակացուցին որ Հիմնական Համաձայնագրի ստորագրման ու ներկայացման պիտի յաջորդեն կառոյցի անուանակոչումը, աշխատանքային մեքանիզմի առաջացումը եւ ընդհանուր կանոնագրութեան պատրաստութիւնը որ նախատեսուած է յաջորդ երեք ամիսներուն երբ հարաւային կիսագունդի ամառնային արձակուրդներու եղանակն է որպէսզի վերամուտին, Մարտ-Ապրիլ 2017ին, կառոյցը արդէն ամբողջականօրէն գործելու սկսի: Համայնքային ներկայացուցչութիւն ըլլալու հաւակնութիւն չկայ, ոչ ալ նման ծրագիր անմիջական հանգրուանին, յստակացուցին անոնք, թէեւ չի բացառուիր որ ապագային կառոյցը վերաճի համայնքային ներկայացուցչութեան: Կառոյցը պիտի ձգտի հիմնականին մէջ աւելի կազմակերպուած ու արդիւնաւոր կերպով համակարգել հաստատութիւններու աշխատանքները առանց արգելք հանդիսանալու որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր առաքելութիւնը առաջ տանի: Կառոյցը, առաւել, միջոց պիտի ստեղծէ որ համատեղ խնդիրներ վերածուին համայնքային օրակարգի եւ միասնական ճիգերով մտածուի համապատասխան լուծումներու մասին: Առ այդ, կառոյցը պիտի ըլլայ հորիզոնական, թափանցիկ, ժողովրդավար եւ անոր մաս պիտի կարենան կազմել բոլոր այն հաստատութիւնները որոնք պաշտօնականօրէն կ’որդեգրեն Հիմնական Համաձայնագրի վեց կէտերը որպէս սկզբունք: Այդ փաստաթուղթը պիտի ուղարկուի համայնքային բոլոր կազմակերպութիւններուն ներառեալ Պուէնոս Այրէսէն դուրս գտնուողներուն ի մասնաւորի՝ Գորտոպա, Ռոսարիօ, Մար Տէլ Փլաթա, Միսիոնէս եւ Նէուքէն ուր կան հայկական հաստատութիւններ, առաջարկելով բոլորին որդեգրելու այն:

fotorcreated11

Ներկաներու հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխաններ տալէ յետոյ, ընթերցուեցաւ նիստին ատենագրութիւնը որպէս կառոյցի ստեղծման գործընթացի առաջին հանգրուանի գործնականացում եւ ութը կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Առաջնորդ Սրբազանը ստորագրեցին Հիմնական Համաձայնագրի վեց կէտերը պարունակող փաստաթութը:

Նշենք որ այդ փաստաթուղթին նախընթացը սկզբնական հինգ կէտերով առաջարկուած էր Մայիս 2010ին, երբ Աթաթուրքի կիսանդրիի տեղադրման ձախողեցման առիթով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն կազմակերպեց յատուկ ընթրիք մը որուն հրաւիրուեցան համայնքի բոլոր կազմակերպութիւնները եւ անոր աւարտին սեղանի վրայ դրուեցաւ համագործակցութեան ընդհանուր համաձայնագրի մը հինգ սկզբունքներու առաջարկը: Յաջորդ տարիներու ընթացքին տեղի ունեցան միջ-կազմակերպական երկկողմանի թէ բազմակողմանի բազմաթիւ հանդիպումներ որոնց ընթացքին զարգացաւ սոյն գաղափարը: Հ. Յ. Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի նախաձեռնութեամբ եւ գաղափարակից միութիւններու –Հ.Օ.Մ., Հ.Մ.Ը.Մ. եւ Համազգային- մասնակութեամբ կազմակերպուած տարածաշրջանային ղեկավարական պատրաստման սեմինարներէն մէկուն հրաւիրուած էր ներկայիս Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան որ ներկայացուցած էր Ֆրանսայի համայնքային կազմակերպական կառոյցի ստեղծումն ու աշխատանքային մեքանիզմը որ նաեւ քննարկման առարկայ եղած էր: 2010 թուականը յատկանշուեցաւ նաեւ Պուէնոս Այրէսի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան բացումով եւ յաջորդ ամիսներուն թուրք-ազրպէյճանական համատեղ դիւանագիտութեան եւ հակահայ արշաւի շատ արագ մագլցումին ինչ որ ըթացք տուաւ հայկական դիւանագիտութեան աշխուժացման եւ համայնքային կազմակերպութիւններու հետ աւելի սերտ համակարգումի անհրաժեշտութեան: Այս մարտահրաւէրներու շարքին պէտք է աւելցնել Կիւլենական շարժման լուռ ներթափանցումն ու տարածումը Հարաւային Ամերիկայի եւ յատկապէս Արժանթինի մէջ որու ներքին ծալքերը երեւան հանեց Փապլօ Քենտիքեանի կատարած հրապարակագրական հետազննութիւնը որ սպաներէն առանձին գիրքով մը լոյս տեսաւ 2014ին եւ վերածուեցաւ լրագրողներու համար տեղեկատուական աղբիւրի: Համայնքի հաստատութիւններու եւ դեսպանատան սերտ համագործակցութիւնը յատկապէս 2012-2014 տարիներուն՝ չէզոքացնելու համար թուրք-ազրպէյճանական բացայայտ թէ ոչ-բացայայտ հակահայ արշաւը արագօրէն արդիւնաւորուեցաւ: ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Յուլիս 2014ին տարածաշրջան կատարած այցելութեան յաջողութիւնը այդ համագործակցութեան ամենաակնյայտ երեւոյթն է:

Արժանթինի մէջ հայկական կազմակերպուած համայնք գոյութիւն ունեցած է դեռեւս 19րդ դարու աւարտէն: 1983ին ժողովրդավարութեան վերադարձէն յետոյ Հայ Դատի աշխատանքները իրերայաջորդ յաջողութիւններ արձանագրեցին, անոնց կարգի ըլլալով՝ նախագահ Ռաուլ Ալֆոնսինի Ցեղասպանութեան ճանաչումը 1987ին, Ցեղասպանութեան օրէնքը 2006ին որ ուժի մէջ մտաւ յաջորդ տարուայ սկիզբին Նեսթոր Քիրչնէրի նախագահութեան օրօք եւ արժանթինեան ատեանի մը կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման նախընթացը 2011ին: Ընդ որում Արժանթինը ցարդ աշխարհի մէջ բացառիկ այն երեւոյթն է ուր Ցեղասպանութիւնը ճանաչում գտած է Օրէնսդիր, Գործադիր եւ Արդարադատական իշխանութիւններու կողմէ: Նման յառաջընթացի ամրագրման ու զարգացման, բայց նաեւ համայնքի դիմագրաւած մեծ մարտահրաւէրներու, որոնց շարքին՝ արդէն հասակ առնող չորրորդ հայ սերունդի հայեցի դաստիարակութիւնն ու հայախօսութիւնը ինչպէս նաեւ հայրենիքի եւ Սփիւռքի այլ համայնքներու հետ մշտական կապը, հիմնական պատճառներ են որ համայնքը ձգտի կազմակերպական կուռ կառոյց մը ստեղծելու:

Ստորեւ կու տանք ստորագրուած փաստաթուղթին բովանդակութիւնը:

Համայնքային Հաստատութիւններու Համակեցութեան, Համագործակցութեան եւ Համակարգումի ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ
Ա. Հայ ժողովուրդի դէմ գործադրուած 1915-1923 Ցեղասպանութեան հետեւանքներու բարոյական եւ նիւթական հատուցման պահանջատիրութիւն Թուրքիայէն որպէս ոճիրին պատասխանատու Օսմանեան Կայսրութեան ժառանգորդ պետութիւն:
Բ. Դատապարտում Հայոց Ցեղասպանութեան լռեցման, մոռացման, հարցադրումի, ժխտումի, յարաբերականացման կամ նսեմացման ամէն փորձի
Գ. Հայաստանի Հանրապետութեան ճանաչումը որպէս հայ ժողովուրդի վերապրումի, զարգացման եւ արդար իրաւունքներու վերատիրացման գլխաւոր երաշխիք:
Դ. Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմական դերակատարութեան գնահատում, առանց ժխտելու այլ յարանուանութեանց ներդրումը, ոչ ալ խղճի ազատութեան իւրաքանչիւր անհատի իրաւունքը:
Ե. Յարգանք հանդէպ համայնքային բոլոր հաստատութիւններուն եւ հայապահպանման եւ ազգային արժէքներու զարգացման ու տարածման գործին իրենց ունեցած դերակատարութեան:
Զ. Առաջնահերթութիւն հայեցի դաստիարակութեան որպէս գլխաւոր գործօն՝ ազգային ինքնութեան կազմաւորման, հարստացման եւ զարգացման եւ հետեւողական ու աշխոյժ փոխ-յարաբերութեան երկրի ընկերային եւ մշակութային շրջապատին հետ:

(Agencia Prensa Armenia).- Պուէնոս Այրէս

Տպել Տպել