Հայ քաղաքացիի ինքնահաստատումը Դաշնակցութեան յանձնառութիւնն է

«Այսպիսով, պետութիւնն իրեն օտարեց քաղաքացուց, իսկ քաղաքացին օտարուեց պետութիւնից։»

Հ.Յ.Դ. ՆԱԽԸՆՏՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Ընդունելի եւ արդար կառավարութեան մը գլխաւորագոյն յատկանիշն է այն փոխադարձ վստահութիւնը, որ գոյութիւն ունի պետութեան եւ քաղաքացիութեան միջեւ։ Այս հաստատումին բացակայութիւնը հաւանաբար այն ցաւալի իրականութիւնն է, որ խորապէս կը տագնապեցնէ հայրենի հասարակական կեանքը՝ բոլոր մակարդակներու վրայ։ Սակայն լաւատեսութիւնը կը պարտադրէ, որպէսզի որոնենք այդ վստահութեան առաջացումը կառավարման համակարգի փոփոխութեամբ։

Հայրենի ժողովուրդը կամքն ու կարողութիւնը ցուցաբերեց կատարելու այդ համակարգային փոփոխութիւնը։ Առ այդ, խորհրդարանական կառավարման համակարգը ներկայիս ամրագրուած է՝ գէթ թուղթի վրայ։ Խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերուն, ինչպէս նաեւ հայրենի քաղաքացիներուն կը մնայ այդ համակարգը գործող եւ աշխատող դրութեան վերածելու պարտաւորութիւնը, որպէսզի վերահաստատուի փոխադարձ վստահութիւնը։

Այս պարտաւորութիւնը լիովին կատարելու իր վճռականութիւնը յայտնած է Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը։

Սեդօ Պոյաճեան

Սկսած է փոխանցումի հանգրուան մը, որուն յաջողութիւնը կարելի պիտի ըլլայ ապահովել պետական մտածողութեամբ, համապատասխան գործելաձեւով, քաղաքացիական գիտակցութեամբ եւ արդարութեան ձգտումով։ Այս առումներով, հայրենի բոլոր քաղաքական ուժերուն եւ քաղաքացիներուն կը սպասեն մարտահրաւէրներ, որոնց նուաճումը կը պահանջէ իրարահասկացողութիւն, հանդուրժողականութիւն, համախոհութիւն եւ համագործակցութիւն՝ երկիրն ու ժողովուրդը յուզող հիմնախնդիրներուն կապակցութեամբ։

Այս պահանջը կ՚ենթադրէ որակեալ եւ շօշափելի քաղաքական զարգացում, որու բովէն պարտաւոր են անցնելու բոլոր նորանկախ պետութիւնները։ Դժբախտաբար, Հայաստանի պարագային քաղաքական զարգացումը ո՛չ միայն թերացաւ, այլեւ չկայացաւ։ Այս կացութեան պատճառներ պէտք է փնտռել երկրի ղեկավարման մեր ներքին անճարակութեան, ապաշնորհութեան, շահակցականութեան, մերժողականութեան եւ անհանդուրժողականութեան մէջ։ Փոխանակ դէպի իսկական քաղաքական զարգացում ընթանալու, մսխումի ենթարկուեցան մեր անկախութիւնը ամրագրելու եւ արդիական պետութիւն կայացնելու գծով կատարուած խոստումներն ու ստեղծուած առիթները։

Իբրեւ հետեւանք քաղաքական զարգացման մէջ արձանագրուած թերացումին, կարելի չեղաւ ստեղծել մեր սեփական վարչաձեւը եւ մեր ազգային հասարակութիւնը։ Փոխարէնը, պարզապէս շարունակուեցաւ կառավարման այն ոճն ու մշակոյթը, որուն ենթակայ դարձած էր հայրենի ժողովուրդը աւելի քան եօթը տասնամեակներ։ Քաղաքական զարգացման ակնկալութիւնը այն էր, որ մեր պետութիւնը պիտի ըլլար իրաւական, արդար եւ ժողովրդավար, իսկ հայրենի ժողովուրդը պիտի վերածուէր Հայաստանի քաղաքացիի։ Ափսո՜ս, չեղաւ ոչ մէկը եւ ոչ միւսը։

Ուստի, կրկնուեցաւ այն ինչ որ տասնամեակներէ ի վեր գոյութիւն ունէր։ Պետութիւնն ու ժողովուրդը վերադարձան երբեմնի փոխադարձ անվստահութեան։ Ինչպէս շատ ճիշդ կերպով կը բնութագրէր Հ.Յ.Դ. Նախընտրական Ծրագիրը, «Այսպիսով, պետութիւնն իրեն օտարեց քաղաքացուց, իսկ քաղաքացին օտարուեց պետութիւնից։»

Պետութեան եւ քաղաքացիին միջեւ գոյութիւն ունեցող խորթացումը արմատն է փոխադարձ անվստահութեան։ Այս պայմաններու տակ միամտութիւն պիտի ըլլայ յուսալ արդար եւ ընդունելի կառավարութեան մը առաջացման։ Ընդհակառակը, կառավարութիւնը պիտի շարունակէ գործել առանց համարատուութեան, իսկ քաղաքացին պատահականութեան պիտի թողու իր քաղաքացիական պարտաւորութիւնն ու իրաւունքները։

Խորհրդարանական կառավարման համակարգի ճամբով կարելի պիտի ըլլայ ճիշդ հունաւորում տալ հայ պետականութեան եւ հայ հասարակութեան որակեալ քաղաքական զարգացման։ Նման գործընթաց մեր կառավարման կառոյցները պիտի առաջնորդէր դէպի արդիական պետութիւն, իսկ մեր հայրենի հասարակութիւնը՝ դէպի գիտակից քաղաքացիութիւն։

Կառավարման այս գործընթացին մէջ առաջնահերթը եւ սեւեռակէտը հայ քաղաքացին է։ Ան է՛ ու պէտք է ըլլայ Հայաստանի լիիրաւ քաղաքացին, որուն կամքին ենթակայ է որեւէ կառավարութիւն։ Կարելի չէ հայ քաղաքացիին իրաւասութիւնները թողուլ պատահականութեան։ Մանաւանդ կարելի չէ անոր քաղաքացիական արտայայտութեան իրաւունքները առեւտրական սակարկութեան ենթարկել։

Այլապէս, քաղաքացիական հին գոյավիճակէն տուժողը պիտի ըլլայ պետութիւնը եւ կառավարութիւնը։ Իսկ գինը վճարողը պիտի ըլլայ նոյնինքն քաղաքացին։

Բաւարար է քառորդ դարեայ կառավարման իշխող դասերու եւ յղփացած նոր ճորտերու մենաշնորհային գոյութիւնը, որոնք պարզապէս օտարեցին հայ քաղաքացին եւ խորթացուցին զինք իր սեփական պետութենէն։

Կառավարման նոր համակարգի առաջնագոյն պարտաւորութիւնը պիտի ըլլայ հայ քաղաքացիին ինքնահաստատումը՝ իր քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական իրաւունքներով։

Եւ հայ քաղաքացիի լիիրաւ ինքնահաստատման գործը քաղաքական ու գաղափարական յանձնառութիւն է Հ. Յ. Դաշնակցութեան համար։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Տպել Տպել