5 Մայիս 1920. ՀՅԴ Բիւրոն ուղղակիօրէն ստանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջական կառավարման ղեկը

Մայիս 5ի այս օրը, 97 տարի առաջ, հազիւ երկու տարուան կեանք ապրած` Հայաստանի Հանրապետութիւնը թեւակոխեց իր երկուքուկէս տարուան գոյութեան ամէնէն վճռորոշ փուլը:

5 Մայիս 1920ին, ինչպէս որ Ս. Վրացեան հետագային պիտի վկայէր իր յուշերուն՝ ՙԿեանքի Ուղիներով՚ շարքի Ե. հատորին մէջ, ազատ ու անկախ Հայաստանի տարածքին հաստատուեցաւ Դաշնակցութեան փաստացի դիկտատուրան՚:

Մայիս 5ի այդ օրը տակաւին ՀՀ վարչապետ Ալ. Խատիսեան ներկայացաւ Հայաստանի Խորհրդարանի նիստին եւ տուաւ իր կառավարութեան հրաժարականը: Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդիր ժողովը ընդունեց հրաժարականը եւ, փոխարէնը, հաստատեց կազմութիւնը նոր կառավարութեան մը, որ հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ հռչակուեցաւ իբրեւ Բիւրօ-կառավարութիւն:

Փաստօրէն օրուան ՀՅԴ Բիւրոն իր լրիւ կազմով ստանձնեց հանրապետութեան պետական կառավարման ղեկին ամբողջական պատասխանատուութիւնը` բժիշկ Համօ Օհանջանեանի վարչապետութեամբ եօթը հոգինոց կառավարութիւն մը առաջացնելով:

– Համօ Օհանջանեան, վարչապետութեան կողքին, վերստանձնեց նաեւ Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան մէջ իր ունեցած արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը:

– Ռուբէն Տէր-Մինասեան եղաւ, միաժամանակ, զինուորական եւ ներքին գործոց նախարար:

– Սիմոն Վրացեան ստանձնեց գիւղատնտեսութեան եւ աշխատանքի նախարարութիւնները:

– Աբրահամ գիւլխանդանեանի վստահուեցան ելեւմտական (ֆինանսներու) եւ արդարադատութեան նախարարութիւնները:
– Արշակ Ջամալեան ստանձնեց հաղորդակցութեան նախարարի պատասխանատուութիւնը:

– Գրիգոր Ղազարեան միատեղեց կրթութեան եւ արուեստի նախարարի պաշտօնները:

– Սարգիս Արարատեան ստանձնեց խնամատարութեան եւ վերաշինութեան նախարարութիւնները:

Ծանրակշիռ պայմաններու մէջ ծնունդ եղաւ Բիւրօ-կառավարութիւնը:

Ատրպէյճանի Ապրիլ 28ի խորհրդայնացումով Հայաստան յայտնուած էր երկու կրակի մէջ: Մէկ կողմէ համաթրքական սպառնալիքը` թուրքեւազերի միացման ծրագրի գործադրութեան թափ տալով, իսկ միւս կողմէ պոլշեւիկեան Ռուսաստանի զօրաշարժին սաստկացումը` Անդրկովկասը վերստին իր մականին ենթարկելու ուղղութեամբ, օրհասական վտանգի տակ դրին Հայաստանի Հանրապետութեան` իբրեւ ազատ ու անկախ պետութեան` գոյատեւումը

Յուշատետրի երէկուան` 4 Մայիսի էջով, ընդհանուր ակնարկ մը նետուեցաւ 1920 թուականի Մայիսեան Խռովութիւններուն վրայ, որոնք հայ պոլշեւիկներու ձեռամբ գործադրութեան յանձնեցին թուրքեւատրպէյճանեան միացման դաւադիր ծրագիրը` Կարմիր Ռուսաստանի քաղաքական յատուկ պատուէրով:

Թէեւ Հայաստանի օրուան կառավարութիւնը կþանդրադառնար, որ Քեմալական Թուրքիոյ եւ Լենինեան Ռուսաստանի միջեւ ընդդէմ Դաշնակիցներուն զինակցութիւն կնքելու գաղտնի բանակցութիւններ տեղի կþունենային, բայց ստուգապէս դեռ բացայայտուած չէին ծալքերն ու տարողութիւնը այդ դաւադիր ՙգործարք՚ին…

Ստոյգ էր սակայն եւ արդէն փաստացի իրողութիւն, որ մուսաւաթական Ատրպէյճանը մէկ գիշերուան մէջ, Ապրիլ 28¬29ին, որոշեց Կարմիր համազգեստ հագնիլ եւ խորհրդային իշխանութեան դրօշ պարզել, որպէսզի Կարմիր Բանակի անդրկովկասեան զօրքերուն միանալով` ամբողջ թափով արշաւէ Հայաստանի ուղղութեամբ:

Օրին հայ քաղաքական մտքի բոլոր թեւերուն համար պարզ ու որոշ էր, որ Ատրպէյճանի խորհրդայնացումը Քեմալական Թուրքիոյ դրդումով եւ ուղղակի միջամտութեամբ կատարուած քայլ էր, որուն նպատակը մէկ ու միակ էր` իրագործել Պաքուի եւ Անգարայի միացումը… իսկ այդ միացման համար առաջնահերթաբար հարկ էր բռնագրաւել հայկական Ղարաբաղ-Զանգեզուր-Նախիջեւան ընդարձակ հողաշերտը եւ զայն… ՙկամուրջ՚ի վերածել ի սպաս համաթրքական միութեան իրականացումին:

Անորոշն ու անստոյգը Լենինեան Ռուսաստանի քաղաքական հաշիւներն էին:

Պարզ էր, որ խորհրդային իշխանութիւնը ամէն գնով վճռած էր… վերատիրանալ Ցարական Կայսրութեան տիրապետութեան տակ գտնուող տարածքներուն£ Յատկապէս Պաքուն, իր նաւթահորերով, ՙանփոխարինելի՚ կը նկատուէր Լենինի եւ իր գործնկերներու աչքին: Այդ դիտանկիւնէն հասկնալի էր, որ Խորհրդային Ռուսաստանը իր կենսական խնդիրներէն մէկը կը լուծէր Ատրպէյճանի… ՙխորհրդայնացումով՚: Բայց հասկնալի չէր, թէ Կարմիր Ռուսաստանը ինչպէս կրնար չտեսնել, թէ թուրքեւատրպէյճանեան երկեակին հռչակած ՙխորհրդայնացում՚ը կեղծ էր եւ ըստ ամենայնի կը ծառայէր Հայաստանի վրայով համաթրքական միութիւնը իրագործելու հաշիւներուն…

Հասկնալի չէր, աւելիով, Խորհրդային Ռուսաստանի անդրկովկասեան զօրքերուն ուղղակի զինակցութիւնը Կարմիր համազգեստ հագած թուրքեւատրպէյճանեան զօրայիններուն հետ… Մանաւանդ որ միացեալ գրոհի ձեռնարկելով Հայաստանի հիւսիսէն ու արեւելքէն` Կարմիր Բանակն ու անոր զօրքերը համալրած համաթրքական շարժման ՙկարմիր՚ դարձած զինուորները վերջնագիր յղած էին Հայաստանի Հանրապետութեան, պահանջելով որ երեք օրէն Ղարաբաղ-Զանգեզուր-Նախիջեւան կամուրջը յանձնեն… ՙխորհրդայիններուն՚:

Արտաքին վտանգներով ծայր աստիճան սպառնալից այդ մթնոլորտին մէջ, մինչ արեւելքէն ատրպէյճանական կարմիր բանակայինները (որոնց հրամանատարութեան մէջ էին նաեւ Անաստաս Միկոյեանի օրինակով հայ պոլշեւիկներ) թափ տուած էին իրենց ներխուժման, իսկ հիւսիսէն ռուս եւ վրացի պոլշեւիկները Հայաստանի խորհրդայնացման իրենց ծրագիրը ի գործ դնելու դաւեր կþորոճային, յանկարծ Ալեքսանդրապոլի մէջ բռնկեցան հայ պոլշեւիկներու Մայիս Մէկի խռովութիւնները` Հայաստանի հանրապետական կարգերը տապալելու բռնաշրջման կոչերով:

Մայիս 3ին գումարուած Հայաստանի խորհրդարանին բուռն նիստը եկաւ աւելիով ծանրացնելու վտանգաւոր այդ կացութիւնը: Մատի վրայ համրուող ձախակողմեան խորհրդարանականները Ալ. Խատիսեանի կառավարութենէն կը պահանջէին, որ շուտափոյթ ընդառաջէ ռուս պոլշեւիկներու անձնատուութեան պահանջներուն եւ վերջնագիրներուն` առաջին հերթին ՙհասկացողութիւն՚ ցուցաբերելով Ալեքսանդրապոլի հակապետական ցուցարարներուն նկատմամբ: Իսկ աջակողմեան (Ժողովրդական) եւ անկուսակցական պատգամաւորները ընդհանրապէս անճրկած էին եւ ի վիճակի չէին վճռական դիրքորոշումի…

Ստեղծուած ճգնաժամն ու անելը դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ էր ամբողջական` միակամ ու վճռական զօրաշարժ:

Մայիս 4ին ՀՅԴ Բիւրոն արտահերթ ժողով գումարեց եւ ընդլայնուած խորհրդակցութեան հրաւիրեց պետական եւ կուսակցական իր ղեկավար ուժերը` ելքը որոշելու համար:

Անշուշտ դաշնակցական ղեկավարութեան մէջ եւս կային մտածողներ (ինչպէս նոյնինքն Սիմոն Վրացեան, որ 1920ի Նոյեմբերին պիտի ստանձնէր վարչապետութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին կառավարութեան), որոնք վերապահ էին Բիւրօ-կառավարութիւն կազմելու քայլին նկատմամբ:

Բայց օրհասական էր պահը եւ պատմական ծանրագոյն նշանակութիւն ունէր ազատ ու անկախ Հայաստանի ազգային պետականութեան վաղուան օրուան համար:

Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ գործող քաղաքական ուժերը ընդհանրապէս պատրաստ չէին ստանձնելու պոլշեւիկեան խռովութիւնները երկաթեայ բռունցքով զսպելու եւ հայկական ներուժը լրիւ, արտաքին վտանգին դէմ, զօրաշարժի մղելու պատասխանատուութիւնը:

Անելը դիմագրաւելու միակ ելքը Ազգի եւ Հայրենիքի առջեւ ամբողջական պատասխանատուութիւն ստանձնելու վճռականութիւնն էր:

Եւ Դաշնակցութիւնը 5 Մայիս 1920ին դիմեց պատմական պատասխանատուութեան այդ քայլին:

Բիւրօ-կառավարութիւնը մինչեւ Մայիսի կէսը ամբողջապէս հակակշռի տակ առաւ հանրապետութեան ներքին ճակատը: Ալեքսանդրապոլի խռովարարները ծանրագոյն պատիժի ենթարկուեցան: Հայ պոլշեւիկները, իբրեւ հայրենիքի դաւաճաններ ու հակապետական տարրեր, կա°մ կախաղան հանուեցան, կա°մ փախուստ տալով` Վրաստան ու Ատրպէյճան ապաստանեցան: Իսկ Հայոց Բանակը իր ամբողջ թափով լծուեցաւ Զանգեզուրի պաշտպանութեան` արեւեքէն եկող կարմիր-ազերի բանակայիններու գրոհը դիմագրաւելու զօրաշարժին:

Բիւրօ-կառավարութիւնը միաժամանակ լարուած աշխատանքի անցաւ Կարմիր Ռուսաստանի հետ հասկացողութեան եւ գործակցութեան եզրեր գտնելու ճակատին վրայ: Այդ նպատակով` Լեւոն Շանթի գլխաւորութեամբ կազմուեցաւ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, որ ի վերջոյ ձախողեցաւ իր այդ առաքելութեան մէջ: Ատոր պատճառները Հայաստանի հանրապետական իշխանութեանց մէջ պէտք չէ փնտռել, այլ նախ` Լենին-Քեմալ մեծ դաւադրութեան եւ, ապա, հայ պոլշեւիկներու… ձախապաշտութեան մէջ: Հայ պոլշեւիկները կուրցած էին այն գաղափարախօսական մոլուցքով, որ հարկ էր – թէեւ Մեծ Եղեռնէն հազիւ մազապուրծ – անկախացեալ Հայաստանի մէջ ամէն գնով դասակարգային պայքարը յառաջ մղել եւ իրենց այդ ՙբաց դուռը ջախջախելով մուտք գործելու՚ պայքարը բանուորական յեղափոխութեան յաղթանակով ՙպսակել՚…

1920ի Բիւրօ-կառավարութիւնը նաեւ մեծապետական քաղաքականութեան ճակատին վրայ կրցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դուրս բերել թուրքեւազերի համաթրքական կողմի եւ Լենին-Քեմալ դաւադիր գործակցութեան պարտադրած… շրջափակումի աքցանէն:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը դիւանագիտական մեծ աշխուժութեամբ, Փարիզի մէջ գործող Պօղոս-Նուպար փաշայի Ազգային Պատուիրակութեան հետ հնարաւոր գործակցութեամբ, յառաջ մղեց Սեւրի Դաշնագրին մէջ հայկական իրաւունքներուն եւ պահանջներուն միջազգային իրաւական նուիրագործումը:

Փաստացի ՙ դիկտատուրա»՚ ըլլալով հանդերձ` 5 Մայիս 1920ին կեանքի կոչուած Բիւրօ-կառավարութիւնը, նոյնպէս փաստօրէն, դրաւ հիմը անկախ Հայաստանի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հանրապետութեան ազգային¬քաղաքական ՀԱՅԿԱԿԱ°Ն արեւելումին:

– Ներքին ճակատի միասնականութեան ամրապնդումով եւ սեփական բանակի հզօրացումով պայմանաւորուած է այդ արեւելումը:

– Նաեւ` Ռուսաստանի հետ բնական դաշնակիցի ռազմավարութեան վրայ խարսխուած է:

– Արեւմուտքի հետ մերձեցման եւ քաղաքակրթական ու ժողովրդավարական ընդհանուր եզրերու զարգացման հունով կընթանայ այդ արեւելումը:

– Բայց մանաւանդ համաթրքական վտանգին դիմագրաւումը, հայկակա°ն այդ արեւելումով, իր բնականոն հունին մէջ կը դնէ հայեւթուրք երկխօսութիւնը` Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անբռնաբարելի իրաւունքներուն նկատմամբ յարգանք ցուցաբերելու պարտաւորութեան տակ դնելով թրքական ցեղասպան պետութիւնը:

Բիւրօ-Կառավարութեան կարեւոր դերին ու ազգային-քաղաքական առումով բախտորոշ այս նշանակութեան արժեւորումը կատարեց հայ ժողովուրդը 28 Մայիս 1920ին, երբ արտակարգօրէն մեծաթիւ բազմութեամբ ու խանդավառութեամբ տօնեց Հայաստանի անկախութեան երկրորդ տարեդարձը:

1920ի Մայիս 1էն 5 պատահած խռովութիւնները սեւ ու մուր խարան մը դարձան հայ քաղաքական մտքի ճակտին:

Առանց անկախութեան եւ ազգային պետականութեան ամբողջ դարեր ապրելէ ետք, յատկապէս թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութենէն հազիւ վերականգնած, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դէմ յանդիման գտնուեցաւ Անաստաս Միկոյեանններու օրինակով հայ պոլշեւիկներու դաւադրական խռովութեանց, որոնց նպատակն էր կարմիր բանակայիններու եւ թուրք-ատրպէյճանական ասպատակողներու զէնքի ուժով տապալել հայոց ազգային ու ժողովրդավարական` անկա¯խ պետականութիւնը:

Այդպէ°ս, հայ պոլշեւիկները նման` սեփական հայրենիքի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան խորտակման ամօթալի ու կործանարար «ժառանգութիւն»ը թողուցին հայոց պատմութեան էջերուն:

Իսկ Բիւրօ-կառավարութեան երեւոյթը եղաւ ազատ ու անկախ Հայաստանի ազգային մահամերձ պետութիւնը վիրաբուժական գործողութեամբ փրկելու… յուսահատական փորձ մը ի վերջոյ:

Ն.

Տպել Տպել