Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Պելճիքայի Եւ Լիւքսամպուրկի Մէջ Հունգարիոյ Դեսպանին Հետ

Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Պելճիքայի եւ Լիւքսամպուրկի մէջ Հունգարիոյ Հանրապետութեան մնայուն դեսպան Քովաչ Թամաս Իվանի, որ հանդիպման ընթացքին նաեւ կը ներկայացնէր Հունգարիոյ երկու մնացեալ ներկայացուցչութիւնները` ՕԹԱՆ-ի ու Եւրոպական Միութեան մէջ:

Հանդիպման նպատակն էր Հունգարիոյ իշխանութիւններէն բացատրութիւններ պահանջել Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման գծով, եւ առաջարկել քայլեր` ուղղուած Հայաստանի եւ Հունգարիոյ միջեւ կապերու վերահաստատման:

Դեսպանը իր իշխանութիւններուն յուսախաբութիւնը յայտնեց Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Սաֆարովի ազատ արձակման առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ տրուած պարգեւներուն եւ հերոսացման համար` նշելով, որ Ալիեւի այս քայլը հակառակ է դիւանագիտական ու քաղաքական պատշաճ բոլոր կանոններուն, որովհետեւ Ազրպէյճան

պաշտօնապէս խոստացած էր, որ Սաֆարով իր պատիժը պիտի կրէ բանտին մէջ: Դեսպանը նաեւ նշեց, որ կարեւոր է, որ Հայաստանն ու Հունգարիան վերահաստատեն իրենց դիւանագիտական կապերը:

Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան անդրադառնալէ ետք հայ-հունգարական երկարամեայ կապերուն եւ հայ համայնքի ներկայութեան, նշեց, որ Հունգարիոյ իշխանութիւնները պէտք էր աւելի լաւ վերլուծէին հարցը, եւ թէ պէտք էր ակնկալէին, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պիտի դիմէին Սաֆարովի հերոսացման քայլին` նկատի ունենալով Ալիեւի հակահայ քաղաքականութիւնը: Առաւել եւս, Գասպար Կարապետեան նշեց, որ Հունգարիան պէտք է պատասխանէ նաեւ այդ ամբաստանութիւններուն, թէ Սաֆարովի յանձնումը նաեւ առեւտուրի արդիւնք է, ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճանի կողմէ հսկայական գումարներու ներդրման: Առաւել` նշուեցաւ, թէ Հունգարիա յայտարարութեամբ մը հանդէս պէտք է գայ` կողմնակից հանդիսանալով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին:

Գասպար Կարապետեան նշեց, որ եթէ առնուին այս քայլերը, կարելի է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները զանոնք նկատեն դրական նշաններ եւ վերատեսութեան ենթարկեն Հունգարիոյ հետ դիւանագիտական կապերը վերահաստատելու հարցը: Դեսպան Քովաչ խոստացաւ հանդիպման եւ պահանջներուն մասին տեղեկացնել Հունգարիոյ արտաքին գործերու նախարարին եւ նախարարութեան:

Տպել Տպել