Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի Պատուիրակութեան Հանդիպումները Թիֆլիսի Եւ Ջաւախքի Մէջ

ՊՐԻՒՔՍԵԼ.- Յունիսի երկրորդ կէսին ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի (*) ատենապետ Գասպար Կարապետեան այցելեց Վրաստան` Թիֆլիս եւ Ջաւախք: Բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին Գասպար Կարապետեանին ընկերակցեցաւ Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի Թիֆլիսի գրասենեակի պատասխանատու Սլաւա Մեժտոյեանը:

Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբին ատենապետը, Պրիւքսելի մէջ Վրաստանի դեսպանատան միջոցով առնուած ժամադրութիւններով, Թիֆլիսի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Վրաստանի վերահամարկումի պետական նախարարութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ: Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբին պատուիրակութիւնը գլխաւորաբար արծարծեց Ջաւախքի հայութեան դիմագրաւած խնդիրները եւ անոնց լուծում տալու հնարաւորութիւններն ու անհրաժեշտութիւնը: Շեշտուեցաւ այն սարսափի մթնոլորտը, որ ստեղծուած է Ջաւախքի մէջ` իբրեւ հետեւանք երկրի իշխանութիւններուն եւ յատկապէս անվտանգութեան կառոյցներուն հետեւողական քայլերուն: Բարձրացուեցաւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ձեւաւորման գործընթացին մէջ ընտրական անհաւասարութիւն հաստատած օրէնքներու փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը: Յստակ օրինակներով արծարծուեցան այն խոչընդոտները, որոնք կը յարուցուին Ջաւախքի հայութեան առջեւ` իր ազգային ինքնութեան պահպանման ընթացքին, սկսած` հայերէնը որպէս երկրամասին մէջ պետական երկրորդ լեզու օգտագործելու իրաւունքի բացակայութենէն մինչեւ կրթութեան բնագաւառին մէջ կատարուած փոփոխութիւնները, մինչեւ վարչական մեքենայութիւնները` զանազան կազմակերպութիւններու եւ կամ անոնց սեփականութեան գրանցման հարցերով եւ կամ Հայաստանէն գրականութիւն Ջաւախք մտցնելու հարցով: Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբին պատուիրակութիւնը անդրադարձաւ նաեւ երկրամասի տնտեսական զարգացման ուղղութեամբ Վրաստանի իշխանութիւններուն կողմէ վարուող խտրական քաղաքականութեան, ներկայացնելով յստակ օրինակներ, երբ Սամցխէ-Ջաւախեթի վարչական տարածքի մեծամասնութեամբ հայաբնակ շրջանները` Նինոծմինտան ու Ախալքալաքը դուրս կը մնան գիւղատնտեսութեան զարգացման պետական ծրագիրներէ:

Վրաստանի իշխանութեան ներկայացուցիչները անդրադարձան արծարծուած հարցերուն մեծ մասին, ներկայացուցին իշխանութիւններուն տեսանկիւնն ու կատարած աշխատանքները տարբեր խնդիրներու վերաբերեալ. որոշ պարագաներու ալ` խոստացան յաւելեալ քննութիւններ կատարել եւ անհրաժեշտ լուսաբանութիւնը տալ Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբին: Համաձայնութիւն գոյացաւ շարունակել յարաբերութիւնները եւ հաւանական համագործակցութեամբ քննել կարելիութիւնները լուծումներ տալու առկայ հարցերուն:

Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբին ատենապետը, անդրադառնալով երկու հանդիպումներուն, յայտնեց, թէ Վրաստանի իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն փոխանցած է, որ Հայ դատի յանձնախումբը, որպէս Եւրոպայի հայութեան քաղաքական տեսակէտները արտայայտող եւ առաջադրանքները հետապնդող կառոյց, մտահոգ է Ջաւախքի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններով եւ կը փափաքի այդ խնդիրները լուծուած տեսնել, որուն համար ալ պատրաստ է գործակցիլ Վրաստանի իշխանութիւններուն հետ: Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբին պատուիրակութիւնը Թիֆլիսի մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Վրաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին, ինչպէս նաեւ Ազգային փոքրամասնութիւններու խորհուրդի համակարգողներուն հետ: Պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ հայ համայնքին մէջ գործօն շրջանակներու եւ պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ, որոնց շարքին` վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի, «Վրաստան» թերթի գլխաւոր խմբագիր եւ Վրաստանի նախագահի խորհրդական Վան Բայբուրդի[եան], Բազմազգ Վրաստան հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Առնոլտ Ստեփանեանի եւ Վրաստանի հայ համայնք հասարակական կազմակերպութեան պատասխանատուներու: Այս հանդիպումներուն ընթացքին արծարծուեցան Ջաւախքի, ինչպէս նաեւ Թիֆլիսի հայութեան դիմագրաւած խնդիրները:

Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբին պատուիրակութիւնը այնուհետեւ մեկնեցաւ Ջաւախք: Պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի անդամներու հետ, ինչպէս նաեւ` Վրաստանի Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանի Ախալքալաքի գրասենեակի պատասխանատուին հետ:

Հակառակ նախապէս հանդիպումներ կազմակերպելու ճիգերուն` Ջաւախքի մէջ կարելի չեղաւ հանդիպիլ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ոեւէ ներկայացուցչի հետ, ոչ ալ` շրջանէն ընտրուած Վրաստանի խորհրդարանի երկու անդամներուն հետ. բոլորն ալ` հայազգի: Թիֆլիսի մէջ եւս կարելի չեղաւ հանդիպիլ Վրաստանի խորհրդարանի հայազգի երեսփոխանին եւ խորհրդարանական քանի մը յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու հետ:

Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբին ատենապետը այս առիթով ըսաւ. «Տարօրինակ է, որ արդէն երկրորդ անգամն է, որ Ջաւախքի տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչները փաստօրէն կը խուսափին հանդիպում ունենալ Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն հետ. նախորդը` անցեալ աշնան Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբի պատուիրակութեան այցելութեան ժամանակ էր: Անկախ այն պատճառաբանութիւններէն, թէ ինչո՛ւ հանդիպումներ չեն կայացած, փաստը այն է, որ Հայ դատի յանձնախումբերը Ջաւախքի հայութեան հարցերուն մասին կրնան հանդիպիլ Վրաստանի իշխանութիւններուն հետ, իսկ Ջաւախքի տեղական իշխանութիւններուն հետ` ոչ. շատ տարօրինակ եւ անբնական վիճակ է, որուն պատճառները հաւանաբար պէտք է փնտռել Ջաւախքի մէջ տիրող քաղաքական մթնոլորտին մէջ:

Պէտք է նկատի ունենալ, որ Ջաւախքի մէջ հայազգի նախկին երեսփոխանին հետապնդումն ու անոր մերձաւորին ձերբակալութիւնը նոր սկսած էին Ջաւախք մեր այցելութեան ժամանակ: Ամենայնդէպս մենք պիտի շարունակենք Ջաւախքի հայութեան խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ մեր ճիգերը եւ կը յուսանք, որ Ջաւախքի տեղական իշխանութիւնները եւ տեղւոյն ժողովուրդին կողմէ ընտրեալները եւս կը կարենան ի վերջոյ իրենց տեսակէտները մեզի փոխանցել: Մենք նաեւ պիտի շարունակենք մեր մտահոգութիւնները Վրաստանի իշխանութիւններուն փոխանցել Ջաւախքի մէջ տիրող վախի մթնոլորտի բացասական ու անցանկալի հաւանական հետեւանքներուն մասին եւ պիտի ջանանք այդ մթնոլորտին տուն տուող պատճառները վերացնել` իրենց եւ Վրաստանի բարեկամ եւրոպական քաղաքական շրջանակներու հետ գործակցաբար, որովհետեւ մեր խնդիրն է մեր հայրենակիցներուն վիճակը տեսնել բարելաւուած` բարգաւաճող Վրաստանի մէջ: Բնականաբար մեր այս աշխատանքները կը համադրենք Հայ դատի Ամերիկայի եւ այլ յանձնախումբերու հետ»:

Յիշեցնենք, որ Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբը աջակցած էր, որպէսզի մարտ ամսուան ընթացքին Պրիւքսել այցելէ եւ եւրոխորհրդարանի ու Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներ ունենայ Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող Արտակ Գաբրիէլեանը: Այնուհետեւ, ապրիլ ամսուան սկիզբը, Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբին պատուիրակութիւնը այցելած էր Թիֆլիս եւ գլխաւորաբար հանդիպումներ ունեցած է Եւրոպական Միութեան այնտեղի ներկայացուցիչներուն հետ` քննարկելու համար Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ` ընկերային-տնտեսական պայմանները բարելաւելու հնարաւորութիւնները:

(*) European Armenian Federation for justice and Democracy

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ
ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Տպել Տպել