«Երկխօսութեան Այլընտրանքը Պատերազմն Է» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթավերջին «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանահայութեան թուային ներկայ պատկերը կը տարուբերի 140-150 հազարի միջեւ` նշելով, որ քաղաքացիական պատերազմին սկիզբը, յատկապէս 1974-1975 տարիներուն ընթացքին լիբանանահայութեան թիւը հասած է 220-240 հազարի: «Հետեւաբար, ինչպէս միւս համայնքներուն պարագային, պատերազմին պատճառով լիբանանահայութեան թիւը նուազեցաւ շուրջ 45 առ հարիւրով», ըսաւ ան:

Լիբանանահայութեան վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական հաւանական ազդեցութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ Հայաստան նման ազդեցութիւններ բանեցնելու ձգտումներ չունի, իսկ լիբանանահայութիւնը երբեք չ՛ազդուիր անկէ` քաղաքական իր ուղեգիծը ճշդելու առումով: «Շրջանին մէջ մեր ներկայութիւնը պատմական է, մինչդեռ Հայաստանի Հանրապետութիւնը տակաւին 20 տարիէ ի վեր անկախ է: Բայց եւ այնպէս մեր միջեւ կան ընկերային, մշակութային, պատմական, Հայ դատի պայքարի եւ այլ մարզերու վերաբերող յարաբերութիւններ», նշեց ան:

Անդրադառնալով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Լիբանան այցելութեան նպատակին` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ սկսելու համար այս մէկը փոխադարձ այցելութիւն մըն է` անցեալ տարուան դեկտեմբերի սկիզբին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի Հայաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան:

«Այս այցելութիւնը պաշտօնական այցելութիւն մըն է, որուն ընթացքին նախագահ Սարգսեան հանդիպումներ պիտի ունենայ իշխանութեան երեք պետերուն հետ, ծաղկեպսակ մը պիտի զետեղէ Լիբանանի Նահատակաց յուշարձանին, հանդիպումներ պիտի ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ու կաթողիկէ համայնքի պատրիարքին հետ եւ պիտի այցելէ նաեւ Հայկազեան համալսարան», շեշտեց ան:

Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի շիրիմը այցելելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ նախագահ Սարգսեան պիտի չայցելէ Հարիրիի դամբարանը, որովհետեւ այդ այցելութեան պարագային պէտք է այցելէ նաեւ Պեշիր Ժեմայէլի, Ռընէ Մուաուատի, Ռաշիտ Քարամէի եւ այլ նահատակ ղեկավարներու դամբարանները:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ ներկայիս ստորագրուած են շուրջ 30 համաձայնագիրներ, որոնք կը վերաբերին տնտեսական, կրթական, մշակութային եւ առողջապահութեան մարզերուն:

«Նախագահ Սարգսեանի այս այցելութեան ընթացքին համաձայնագիրներ պիտի ստորագրուին նաեւ կրթական մարզին, դիւանագիտական յարաբերութիւններուն եւ այցեգիրի դրութեան վերաբերեալ: Հոս կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ նախապէս Հայաստանի իշխանութիւնները լիբանանեան պետական դպրոցներուն տրամադրեցին 7 միլիոն տոլարի արժողութեամբ տարրալուծարանային սարքերու օժանդակութիւն մը, որ բաժնուեցաւ Լիբանանի ամբողջ տարածքին վրայ գործող պետական դպրոցներուն», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:

Հայաստանի տնտեսութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ Հայաստանի տնտեսական իրավիճակը բարգաւաճման ընթացքին մէջ է եւ բացատրեց Հայաստանի աշխարհագրական դիրքն ու անոր դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Խորհրդարանին մէջ նախագահ Սարգսեանի արտասանելիք խօսքին եւ լիագումար նիստին ջնջումին մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի դիտմամբ չէ, որ խորհրդարանը լիագումար նիստի մը հրաւիրած էր: Ան նշեց, որ նախագահ Սարգսեան ինք պահանջած էր այցելել խորհրդարան, հանդիպում ունենալ բոլոր երեսփոխաններուն հետ եւ արտասանել իր խօսքը, ինչպէս էր պարագան, երբ նախագահ Սլէյման այցելած էր Երեւանի Ազգային ժողով:

Երեսփոխան Բագրատունի հարց տուաւ, որ եթէ այլ երկրի մը նախագահը ըլլար Լիբանան այցելողը, արդեօք ընդդիմութիւնը նոյն կեցուածքը պիտի ցուցաբերէ՞ր:

Հայաստանի եւ Իրանի յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ նախ եւ առաջ Իրան Հայաստանի տնտեսական միակ ելքն է, իսկ երկրորդ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին գծով Թեհրան կը զօրակցի ղարաբաղցիներուն: Այսինքն` Իրանի կեցուածքը կը հակադրուի Ազրպէյ ճանի կեցուածքին: «Հետեւաբար Հայաստանի քաղաքական կեցուածքները կ՛ազդուին Իրանէն, սակայն շրջանին մէջ կայ Իրանէն աւելի հզօր պետութիւն մը, որ Ռուսիան է եւ Ռուսիա Հայաստանի հետ պատմական յարաբերութիւններ ունի 1500-1600-ական թուականներէն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Հայաստան անկախ ու գերիշխան երկիր է եւ ան այս կամ այն կողմէն չ՛ազդուիր, ընդհակառակն` ան կը վարէ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն մը, ունի սկզբունքներ եւ առաջնահերթութիւններ, որոնցմէ է Թուրքիոյ հետ հարցը:

«Նոյնիսկ երբ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն թղթածրարը արծարծուեցաւ, այդ մէկը հանրութեան ներկայացուեցաւ այնպէս մը, որ եթէ Հայաստան եւ Թուրքիա համաձայնին, ապա Հայ դատը կը լուծուի եւ շուրջ հարիւր տարուան թշնամութեան վերջ մը կը դրուի: Սակայն հարցը այդպէս չէ», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:

Լիբանանի մէջ հայութեան քաղաքական կեցուածքին ակնարկելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ լիբանանահայութիւնը մնայուն կերպով կը զօրակցի հանրապետութեան նախագահին, ինչպէս նաեւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն հետ ունի քաղաքական դաշինքներ` ընտրական դաշինքներուն կողքին: «Իսկ ինչ կը վերաբերի ՀՅԴ-ի քաղաքականութեան վրայ Հայաստանի ազդեցութեան, ապա ես կ՛ուզեմ յստակ կերպով ըսել, որ իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութիւն` նախագահ Սարգսեանի հետ մեր յարաբերութիւնները լաւ չեն, ՀՅԴ-ն Հայաստանի մէջ ընդդիմութիւն է եւ իշխանութեան մաս չի կազմեր: Հետեւաբար Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ՀՅԴ-ի վրայ ճնշում բանեցնելու օղակներ գոյութիւն չունին», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Լիբանանի ազգային երկխօսութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ երկխօսութեան այլընտրանքը պատերազմն է: Ան մերժեց որեւէ պայմանի ներքեւ երկխօսութեան մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու տրամաբանութիւնը` շեշտելով, որ ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին արձանագրուելիք 5 առ հարիւրի նուաճումը աւելի լաւ է, քան` ոչ մէկ նուաճում արձանագրելը: «Խորհրդարանին մէջ 128 երեսփոխանի միջեւ երկխօսութիւնը եւ խորհրդակցութիւնները դժուար են», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի կոչ ուղղեց սահմանադրական ժամկէտները յարգելու, յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու պարագային` աւելցնելով, որ ինք կը զօրակցի Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին:

Լիբանանը փոքր ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրէնքին մասին խօսելով` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ անիկա անարդար է հայութեան իրաւունքներուն նկատմամբ:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի նախաձեռնութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի բոլոր նախաձեռնութիւններուն, որոնց նպատակն է տեսակէտներու մերձեցում եւ կեցուածքներու կամրջում կատարել, հասարակ յայտարարներ բացայայտել եւ փողոցին մէջ լարուածութիւնը թեթեւցնել:

Ան նշեց, որ պէտք է կառավարութեան առիթ տալ` շարունակելու իր սկսած աշխատանքը, եւ զգուշացուց լիբանանցիները անիշխանութիւն մուտք գործելէ:

«Լիբանանի մէջ պատերազմը արտաքին որոշումով է, իսկ լիբանանցին այդ որոշումը գործադրող տարր է», եզրափակեց երեսփոխան Բագրատունի:

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել