Արցախի Շարժման 30ամեակին Նուիրուած Ցոյց Ուաշինկթընի Մէջ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Կիրակի, Փետրուար 25ին, կազմակերպութեամբ Մեծն Ուաշինկթընի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի ՀԵԴի «Անի» ուխտին, Արցախի շարժման 30ամեակին նուիրուած հանրային հաւաք մը տեղի ունեցաւ Մերիլենտի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք մասնակիցները բողոքի ցոյց կատարեցին Միացեալ Նահանգներու մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ՝ դատապարտելով Ատրպէյճանի կողմէ իրագործուած Սումգայիթի, Կիրովաբադի եւ Պաքուի սպանդները, ինչպէս նաեւ մինչեւ այսօր Արցախի ժողովուրդին դէմ շարունակուող ատրպէյճանական ռազմական գործողութիւնները։

Ցոյցի աւարտին, մասնակիցները նաեւ աղօթեցին նշեալ սպանդներուն եւ յարձակումներուն ընթացքին նահատակուածներու հոգիներու խաղաղութեան համար։

Նշենք, որ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Արապեան» սրահին մէջ կայացած հաւաքին ընթացքին ելոյթ ունեցողներու շարքին էին Ուաշինկթընի մօտ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանն ու Ուաշինկթընի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սիփան Յովհաննէսեանը։

asbarez.com

Տպել Տպել